2010-05-07 13:44:01

Մարեմեան Խոկումներ


Բոլորովին առողջ եմ

Հայր Պոսկոյ, համակրելի եւ սուրբ վարդապետը, 16 Նոյեմբեր 1866ին անպայման չորս հազար լիր վճարելու էր, Ս. Աստուածամօր տաճարի շինութեան ծախսերուն համար եւ գրպանը մէկ դահեկան անգամ չունէր:

Իր գլխաւոր օգնականը եւ քանի մը հոգիներ քաղաք ղրկեց հոգալու գէթ մաս մը այդ գումարէն, բայց միայն հազար լիր գտան: Աւելի չկրցան հանգանակել:

Հայր Պոսկոյ չյուսահատեցաւ եւ ճաշէն ետք, տունէն ելաւ, առանց ինքն ալ յստակ գիտնալու թէ ուր պիտի երթար: Եւ ահա ճամբու մը ծայրը, դիմացը տեսաւ համազգեստով սպասաւոր մը, որ իրեն մօտենալով հարցուց:

-Վարդապետ, դո՞ւն ես Հայր Պոսկոն:

-Այո, ինչո՞վ կրնամ օգտակար ըլլալ քեզի:

-Ո՛հ, Աստուած քեզ դիմացս հանեց: Իմ հիւանդ տիրոջս կողմէ կու գամ խնդրելու, որ հաճիս այցելութիւն մը տալ իրեն:

Երբ Հայր Պոսկոյ պալատ հասաւ, տանտիկինը տխրադէմ եւ յուզուած ընդառաջ եկաւ ու գոչեց.

-Ո՛հ, վարդապետ, չես կրնար երեւակայել թէ որքա՛ն ատենէ ի վեր քեզի կը սպասէ: Կը փափաքէի որ ամուսինս բուժուէր Օգնական Քրիստոնէից Աստուածամօր օգնութեամբ, բայց այլեւս ուշ է: Երէկ բժիշկները խորհրդակցութիւն ըրին եւ յայտարարեցին թէ բուժումը անյոյս է:

Հայր Պոսկոյ հիւանդին սենեակը մտաւ եւ տեսաւ որ յառաջացած տարիքով մարդ մը պառկած էր: Երկար ատենէ ի վեր բռնուած էր ջրգողութենէ:

Ո՛հ, Հայր Պոսկոյ, բացականչեց հիւանդը, միայն քու աղօթքներդ կրնան զիս ազատել այս ցաւերուս անկողինէն:

-Շատո՞նց կը տառապիս այս ցաւերով:

-Երեք տարիէ ի վեր: Եթէ կարենայի քիչ մը սփոփուիլ այս ցաւերէս, մեծապէս օգտակար պիտի ըլլայի քու գործերուդ:

-Լաւ ատենին հասայ: Պէտք ունէի չորս հազար լիրի եւ այն՝ մինչեւ այս գիշեր:

-Այս գիշե՞ր… Հարկ է դրամատուն երթալ, չէք պատրաստել…

-Ինչո՞ւ դամատուն չես երթար…

-Ո՞վ:

-Դուն:

-Ե՞ս. անկարելի է: Կատա՞կ կ’ընես:

-Այո, մեզի համար անկարելի է, բայց ոչ Աստուածամօր համար: Եկուր փորձենք:

Ու Հայր Պոսկոյ սենեակը կանչել տուաւ բոլոր տնեցիները, շուրջ երեսուն հոգի, ծունկի եկան եւ աղօթեցին Օգնական Քրիստոնէից Աստուածամօր: Յետոյ Հայր Պոսկոյ օրհնութիւն մը տուաւ հիւանդին:

Ժամ մը վերջ հիւանդը հագուած էր, կը քալէր սենեակին մէջ, յետոյ մինակը իջաւ աստիճաններէն, կառք նստաւ եւ դրամատուն գնաց, չէքը շինելու: Քիչ ետք վերադարձաւ, ուրախութեամբ չորս հազարը տուաւ վարդապետին, որ շնորհակալութեամբ ընդունեցաւ զայն: Մինչ այդ, պարոնը ուրախութենէն ինքնիրմէ դուրս ելած կը գոչէր.

-Բոլորվին առողջ եմ, որեւէ ցաւ չունիմ. փա՛ռք Աստուծոյ: Փառք Աստուածամօր:








All the contents on this site are copyrighted ©.