2010-05-06 14:05:52

Կրօնաբարոյական հարցեր - Մեր Հոգիի Ծննդավայրը


Կրօնաբարոյական հարցեր - Մեր Հոգիի Ծննդավայրը

Յիսուսի Հրաշափառ Յարութիւնը, ու յատկապէս երեւումները իր աշակերտներուն, որոնք ամբողջ հաւատացեալներուն համար գօտեպնդիչ դէպքեր եղած էին, շուտով կասկածի տակ առնուեցան հրեայ ղեկավարներու կողմէ: Անոնք ամէն միջոցի դիմեցին լռեցնելու համար այդ մեծ դէպքին՝ Յիսուսի Յարութեան, ու անոր յաջորդող՝ Յիսուսի երեւումներուն վկայ հանդիսացող հաւատացեալները:
Այս կացութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Յիսուսի հետեւորդներուն մօտ համատարած վախ ի յայտ գայ, որ զիրենք պիտի տանէր ու փակէր դռներու ետին, տուներու մէջ, ուր միայն աղօթելով ու զիրար քաջալերելով պիտի անցընէին անոնք իրենց ժամանակը, սպասելով խոստացուած Մխիթարիչին։ Առաջին շրջանի այդ հալածանքները այնքան սաստիկ էին, որ անոնք կը տարածուէին մինչեւ իսկ Հրէաստանէն դուրս՝ Դամասկոս եւ շրջակայ մարդաշատ քաղաքներ, ուր քրիստոնեաներ կրնային ապաստան գտած ըլլալ։
Սօղոսը, որ Պօղոս առաքեալի նախկին անունն էր, այդ հալածիչներու պարագլուխներէն մէկն էր, որ սակայն Տիրոջ լոյսը տեսնելով՝ Դամասկոսի ճամբուն վրայ, կուրցաւ, ինկաւ իր ձիէն, ու ապա քաղաք մտնելով բժշկուեցաւ, աչքերու տեսողութիւնը վերստացաւ, ու դարձաւ քրիստոնէութեան մեծ աւետարանիչ։ Հալածանքը այնքան անխնայ էր, որ Դամասկոսի հրեաները զինք ալ կ՛ուզէին սպաննել, տեսնելով որ փոխած է իր դիրքը, ու փոխանակ քրիստոնեաները հալածելու, Քրիստոսի Աւետարանին լոյսը կը սփռէ ամէնուրեք (Հմմտ Գրծ 9.23): Պօղոս առաքեալ գիտէր, որ գիշեր ցերեկ քաղաքի դռներուն մօտ կեցած՝ իր ելլելը կը սպասէին հրեաներ, որպէսզի վերջ տային իր կեանքին: Ուստի, Դամասկոսի քրիստոնեաները գիշեր ատեն զամբիւղի մէջ կը դնեն առաքեալը, եւ պարիսպէն վար իջեցնելով՝ քաղաքէն կը հեռացնեն, ու ստոյգ մահէ կ՛ազատեն զայն։
Պօղոս առաքեալ Երուսաղէմ կը հասնի, ուր հաւատացեալները կ՛ապրէին հալածանքի սարսափին տակ, փակուած իրենց տուներուն մէջ: Ան կը փորձէ կապի մէջ մտնել քրիստոնեաներուն հետ, սակայն ամէնքն ալ կը վախնան իրմէ՝ չհաւատալով իր խօսքերուն, որովհետեւ տակաւին քիչ առաջ քրիստոնեաները չարաչար հալածող ու սպաննող մէկը, հիմա կ՛ըսէր, թէ հաւատացեալ դարձած է: Սակայն Բառնաբաս, ընկերակցելով Պօղոսի՝ զայն կը տանի առաքեալներուն մօտ եւ կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս անիկա Դամասկոսի ճամբուն վրայ Տէրը տեսած էր, եւ թէ ի՛նչ պատուիրած էր Ան Պօղոսին, իր յառաջիկայ կեանքին գծով։
Հոգեփոխութեան այս պարագան սովորական երեւոյթ չէ: Կեանքի մէջ սկզբունքներ, նոյնիսկ պարզ սովորութիւններ փոփոխելը, երբեմն ինչքան դժուարին աշխատանք կ՛ենթադրէ: Ամէնէն սովորական թուացող, ամէն առաւօտ մարդու արթննալու ժամը երբ փոխուի, սկզբնական շրջանին դժուարութիւն կը զգան ոմանք՝ առօրեայ իրենց կենցաղային դրութեան մէջ խանգարում տեսնելով։ Ուրեմն ինչքա՜ն աւելի դժուարին, երբեմն անկարելի պիտի թուի ուրեմն, կրօնք, հաւատալիք, աւանդութիւն ու կեանքի սկզբունքային օրէնքներ փոխելը: Սակայն, եթէ մարդկայնօրէն անկարելի են որոշ փոփոխութիւններ, անոնք Աստուծոյ կողմէ, Անոր միջամտութեամբ միշտ կարելի են, եւ երբէք դժուար չեն թուիր ըլլալ։

Եկեղեցին է ծննդավայրը մեր հոգիին, ինչպէս բանաստեղծը ճշմարտապէս կը բնորոշէ զանիկա (Հմմտ «Եկեղեցին Հայկական» Վ. Թէքէեան): Հոգեւոր աւազանն է ան, ուրկէ մկրտութեամբ մարմին եւ անդամ կը դառնանք Քրիստոսի խորհրդական «մարմին»ին: Մկրտութեան խորհուրդի ընթացքին ջուրի լուացումով, ու անմիջապէս յետոյ դրոշմի խորհուրդի ընթացքին սրբալոյս Միւռոնի օծութեամբ, Սուրբ Հոգւոյ շնորհքները ստանալով՝ Քրիստոսի պահանջած վերստին ծնունդին կ՛արժանանանք։







All the contents on this site are copyrighted ©.