2010-05-06 14:05:23

Լուրեր հայ եկեղեցիէն


Ուխտանացութիւններ ուսուցիչների մասնակցութեամբ

Երեւան - Քրիստոնէական դաստիարակութեան կենտրոնը նախաձեռնել է ուխտանացութիւններ դէպի Հայաստանի խոնարհուած կամ չգործող վանքեր ու եկեղեցիներ՝`՝` մասնակցութեամբ ՀՀ մի շարք տարածաշրջանների Հայոց Եկեղեցու պատմութիւն առարկայի ուսուցիչների։

Ուխտանացութիւնների ընթացքում ուսուցիչներն առիթ կ'ունենան տեղերում ծանօթանալու հայոց բազմադարեայ պատմամշակութային կենտրոններ հանդիսացող սրբավայրերի պատմութեանը եւ միասնական աղօթքով նորոգելու իրենց նուիրումի ուխտը։

Առաջին ուխտանացութիւնը, որին մասնակցեցին Շիրակի մարզի ուսուցիչները, նշանաւորուեց այցելութեամբ դէպի պատմական Անի քաղաքի հայկական սահմանը։ Ուսուցիչները հնարաւորութիւն ունեցան ՀՀ սահմանից տեսնելու հազարաշէն Անիի Մայր Տաճարը։

Այնուհետեւ ուխտաւորներն այցելեցին Շիրակի մարզի Երերոյքի տաճար, որտեղ մատուցուեց ուխտի Ս Պատարագ։



Արամ Կաթողիկոս ընդունեց Պրազիլի օրթոտոքս առաջնորդը



Երկուշաբթի 3 Մայիսին, Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ՝ Պրազիլի յոյն օրթոտոքս առաջնորդ Ֆ.Ֆ. Երեմիայի։ Պատուիրակութիւնը կը ներկայացնէր Ճշմարիտ Կեանք Աստուծմով միջ-եկեղեցական շարժումը եւ անոր մաս կը կազմէին Յունաստանէն, Զուիցերիայէն, Ֆրանսայէն, Պրազիլէն եւ Ամերիկայէն նոյն շարժումին ներկայացուցիչները։

Պատուիրակութիւնը վեհափառին պարզեց հետզհետէ նոր ծաւալ ստացող իրենց շարժումին հիմնական նպատակը՝ որ քրիստոնէական միութիւնն է։ Անոնք յայտնեցին, որ այս ուղղութեամբ իրենք գործի լծուած են ու այցելութիւններու, հանդիպումներու, ձեռնարկներու եւ հրատարակութիւններու ճամբով կը շեշտեն քրիստոնէական միութեան անհրաժեշտութիւնը։

Ողջունելով յիշեալ շարժումին աշխատանքը վեհափառ հայրապետը լայնօրէն անդրադարձաւ եկեղեցւոյ միութեան հասկացողութեան եւ այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն, յատկապէս միջ-եկեղեցական շարժումին ճամբով։



Միջ-եկեղեցական առաքելութեամբ Նարեկ սրբազան Կիպրոսի մէջ

Կիպրահայոց կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Վարուժան արք. Հերկելեանի հրաւէրով, 26 Ապրիլէն 2 Մայիս, միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչ Նարեկ եպս. Ալեէմէզեան Կիպրոս այցելեց՝ միջ-եկեղեցական հանդիպումներ ունենալու Կիպրոսի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Խրիսոստոմոս արքեպիսկոպոսին եւ այլ պատասխանատուներու հետ։

Պատուիրակութիւնը այցելութիւն տուաւ Կիպրոսի ուղղափառ եկեղեցւոյ իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան ներկայացուցիչ Նէոֆիտոս մետրոպոլիտին, ուր խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վարած միջ-կրօնական բազմածաւալ յարաբերութիւններուն եւ Կիպրոսի ուղղափառ եկեղեցւոյ բռնագրաւեալ Կիպրոսի շրջանի իսլամ թուրքերու հետ ունեցած երկխօսութեան իւրայատկութեան վրայ։ Այս ծիրին մէջ, մասնաւորաբար ընդգծուեցան Հայ Դատի եւ Կիպրական Դատի արդարութիւնն ու անժամանցելի պահանջատիրութիւնը։

Իր այցելութեան ծիրէն ներս Նարեկ սրբազանը, Առաջնորդարանի Իւթիւճեան սրահին մէջ, ժողովրդային դասախօսութիւն մը տուաւ Եկեղեցիները, Հայ Եկեղեցին եւ Միջ-եկեղեցական Շարժումը նիւթին շուրջ, յատկապէս վերբերելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական գործունէութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.