2010-05-06 12:28:30

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՕՀԱՆԵԱՆԿԸ ՅԱՅՏՆԷ «ՀԱՅՈՑ Բ ԱՆԱԿԸ ԶՍՊԻՉ ԳՈՐԾՕՆ Է» ։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ռուսական ՝՝Քրասնայա Զվեզտա՝՝ թերթին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ այսօր հայոց բանակը, բաղկացած ըլլալով զինուորական գործողութիւններու փորձառութիւն ունեցող զինուորներէ, ունենալով ժամանակակից զէնք եւ զինամթերք, կրնայ ապահովել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը։ Ան նշած է նաեւ, որ մարտունակ բանակը նաեւ զսպիչ գործօն է։ Բանակը լիովին համապատասխան է զինուորական անվտանգութեան ժամանակակից մարտահրաւէրներուն, ըլլայ ճկուն, ունակ՝ չէզոքացնելու գոյութիւն ունեցող եւ հաւանական բոլոր սպառնալիքները, ապահովելու հանրապետութեան յուսալի պաշտպանութիւնը եւ կատարելու Հայաստանի ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները (նշած է նախարարը)։ Անդրադառնալով հայ ժողովուրդի՝ Հայրենական մեծ պատերազմին մասնակցութեան մասին՝ նախարարը ընդգծած է, որ թէեւ Հայաստան այն ժամանակ բարեբախտաբար զինուորական գործողութիւններու թատերաբեմ չէ եղած, սակայն այդ պատերազմը եղած է նաեւ հայերուն պատերազմը։
ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՍԱՐԳՍԵԱՆ-ԱԼԻԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՉՈՒՆԵՆԱՅ։
8 մայիսին Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան (ԱՊՀ) ոչ- պաշտօնական վեհաժողովը, որուն ընթացքին կը նախատեսուի, ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարները ունենան ելոյթներ՝ նուիրուած նացիական Գերմանիոյ դէմ տարուած յաղթանակի 65-ամեակին ։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ բանբեր Արմէն Արզումանեան ՝՝Երկիր Մետիաին՝՝ յայտնած է, որ այս վեհաժողովին ծիրին մէջ նախագահ Սարգսեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպում նախատեսուած չէ։ Ազրպէյճանական լրատու-միջոցները աւելի կանուխ կը յայտնէին, որ ԱՊՀ-ի ոչ- պաշտօնական վեհաժողովին ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպում։
ԷՐՏՈՂԱՆ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ։
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մայիսի կէսերուն Յունաստան իր այցելութենէն առաջ կը պատրաստուի մեկնիլ Ազրպէյճան։ Թրքական ՝՝Էն. Թի. Վի՝՝ պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Էրտողան Պաքուի մէջ պիտի քննարկէ անցեալ ամիս Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ ունեցած հանդիպումին մանրամասնութիւնները, Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն հետ կապուած վերջին զարգացումները եւ Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակը։
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԶԱՅՐՈՅԹ ԵՒ ՑԱՒ ։
Ողբերգական վախճան ունեցան Աթէնքի մէջ երէկուան հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներու ցոյցերը։ Աթէնքի կեդրոնը երէկ ողողուեցաւ հարիւրհազարաւոր ցուցարարներով, որոնք իրենց բողոքը արտայայտեցին Յունաստանի մէջ կիրարկուող տնտեսական խիստ միջոցառումներուն դէմ։ Ողբերգական էր, սակայն, ցոյցերուն վախճանը, երբ երեք հոգի՝ (Marfin դրամատան աշխատողներ) իրենց կեանքը կորսնցուցին, Մոլոթոֆ ռումբի մը պատճառած հրդեհին հետեւանքով։ Անկարգութիւններու ընթացքին 11 ցուցարարներ եւ 29 ոստիկաններ վիրաւորուեցան։ Ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի անձ մը, որ հրդեհի տրուած դրամատան պատշգամէն վար նետուեցաւ՝ խուճապի մատնուելով։ Ոստիկանութիւնը կատարած է տասնեակ անձերու ձերբակալութիւններ։ Նոյն պահուն, հելլէն խորհրդարանէն ներս նիստ տեղի կունենար, տնտեսական տագնապին առընչուած նոր օրինագիծի քննարկման նիւթով։ Խորհրդարանի նախագահ Ֆիլիփոս Փեցալնիքոս սրահէն ներս յայտարարեց երեք քաղաքացիներու մահուան գոյժը, ինչ որ հոն ալ լարուած ծանր մթնոլորտի եւ լեզուակռիւներու պատճառ դարձաւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.