2010-05-05 14:45:09

Լուրեր հայկական կեանքէն


Համբաւաւոր հայ յօրինող Միշել Լեկրան ելոյթ կ'ունենայ Աթէնքի համերգասրահէն ներս

Ֆրանսահայ մեծահամբաւ յօրինող Մեշել Լեկրան 6 Մայիս 2010ին, Աթէնքի համերգասրահէն ներս ելոյթ մը կ՝ունենայ։ Մեծահամբաւ յօրինողը երեք անգամ Օսքարի մրցանակի տիրացած է (Ենթլ, Սամեր օֆ 42, Թոմաս Քրաուն), ճազ երաժշտութեան ծիրէն ներս կարեւոր համագործակցութիւններ ապահոված ըլլալով։ Ան երաժշտութիւն յօրինած է Քլինտ Իսթւուտի, Ռոպերթ Ալմանի, Ժան-Լիւք Կոնտարի եւ այլ ծանօթ դերասաններու ու բեմադրիչներու 200է աւելի ժապաւէններու համար։

Աթէնքի մէջ նախատեսուած իր համերգէն ետք, Մայիս 30ին, Լեկրան հանդէս պիտի գայ Քիեւի մէջ, Մոսկուայի վիրթուոզներու նուագախումբով։



Մարտիրոս Սարեանի երեւանեան տուն-թանգարան։

Մայիս 3-ին բացուեցաւ Մարտիրոս Սարեանը Հայրենական մեծ պատերազմի տարիներին խորագրով ցուցահանդէսը իր անուան տուն-թանգարանին մէջ ։

Կազմակերպիչները ցուցահանդէսը նուիրեցին Հայրենական մեծ պատերազմի տարած յաղթանակի 65-ամեակին։



Google-ը հայերէն լեզուով վիրտուալ ստեղնաշար կը գործարկէ

Google հանրայայտ որոնման համակարգը 35 լեզուով վիրտուալ ստեղնաշար կը գործադրէ, անոնց միջեւ նաեւ հայերէն՝ որոնման տեղի կողքին։ Ինչպէս կըսուի Google-ի պաշտօնական պլոքի գրութեան մէջ, նորամուծութիւնը օգտուողներուն թոյլ կու տայ մայրենի լեզուով իրականացնել որոնումը, անկախ այն բանէ, թէ ուր կը գտնուին եւ ինչ տառատեսակ կ'օգտագործուի։



Սահակ Սահակեանի հայկական հայրենասիրական երգերու տեսահոլովակ։

Հայկական հայրենասիրական երգերու անզուգական մեկնաբան Սահակ Սահակեան, 16 երգերու մեկնաբանութեամբ՝ հանդէս կուգայ, Արցախեան ազատամարտի 20-ամեակին նուիրուած իր տեսահոլովակով։

Դեկտեմբեր 2008ին Հայաստանի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնէն ներս տեղի ունեցած համերգը ներկայացուած է բարձր որակով այս տեսահոլովակին մէջ, ուր մասնակցութիւն կը բերէ ՜՜Կարին՝՝ աւանդական երգի-պարի համոյթը։ Սահակ Սահակեան կը մեկնաբանէ Քոչարի, Գինի լից, Ով որ քաջ է, Չքնէ՛ք տղաներ, Հիմի էլ լռենք, եւ այլ ծանօթ ու սիրուած երգեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.