2010-05-05 13:47:46

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՉ ՄԷԿ ՔԱՅԼ ՊԻՏԻ ԱՌՆԷ Ի ՎՆԱՍ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՇԱՀԵՐՈՒՆ»
Կ՛ԸՍԷ ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱ ՀԱՄԵԱՆ ։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան երէկ Ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդարանական վեհաժողովի եւրոպական շրջանի 23-րդ համագումարի բացման խօսքին ընթացքին նշեց, որ 1915-1923 թուականներուն օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եւ Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ, Պելճիքայի, Քանատայի եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ ապաստանած հայերուն համար, ֆրանսերէնը ստեղծաործելու եւ արարելու լեզու դարձաւ։ Ան յիշեց Շարլ Ազնաւուրի, Վաչէ Քաչայի, Հանրի Վերնէոյի, Գառզուի, Ժանսեմի եւ այլ հայազգի յայտնի գործիչներու անունները։ Յ. Աբրահամեան յայտարարեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը չի կրնար դրուիլ եւ ոչ ալ պիտի դրուի որեւէ քաղաքական աճուրդի կամ սակարկութեան։ Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հարցին՝ Ազգային ժողովի նախագահը նշեց, որ Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտումներուն զուգահեռ կը ձեռնարկուին նաեւ ապա-տեղեկատուական քայլեր։
Ըստ Յ Աբրահամեանի, հայկական կողմին համար ամէնէն կարեւորը Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակն է ու ժողովուրդին անվտանգութիւնը եւ Հայաստան երբեք պիտի չառնէ այնպիսի քայլեր, որոնք կը վնասեն՝ Հայաստանի, Արցախի եւ համայն Հայութեան շահերուն։
ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ։
Զանգուածային բողոքի ցոյցերը եւ համատարած գործադուլը կը յատկանշեն Յունաստանը այսօր։ Հասարակութեան դժգոհութիւնը բուռն կերպով կ՝արձագանգէ աշխատաւորական բոլոր սենտիքաներու մասնակցութեամբ գործադուլին։ Մինչ ժողովուրդը ճամբայ կ՝իջնէ այսօր իրեն բողոքն ու հակառակութիւնը արտայայտելու համար, Յունաստանի կառավարութիւնը միշտ այսօր ,խորհրդարանի քննարկման կը ներկայացնէ տնտեսական ճնաժամը յաղթահարելու նոր համակարի օրինագիծը։ Աշխատաւորներու սենտիքաները ցոյցեր կը կազմակերպեն այսօր Արէոս եւ Քլաթմոնոս հրապարակներուն վրայ, Աթէնքի մէջ, ինչպէս նաեւ Թեսաղոնիկէի Արիսթոթելուս հրապարակին եւ հին շուկային մէջ։ Աթէնքի վաճառախանութներու սենտիքան յայտարարած է թէ կը զօրակցի բողոքի ալիքին, այսուհանդերձ կոչ ուղղած է խանութները բաց պահել, աշխատանքի դադար հռչակելով բողոքի ցոյցի պահուն ։
ՏԻՄԻԴՐԻ ՄԷՏՎԷՏԷՎԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՏԱՄԱՍԿՈՍ։
Ռուսիոյ նախագահ Տիմիդրի Մէտվէտէվ 10 եւ 11 մայիսին պիտի երթայ Սուրիա խօսակցութեան համար Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասսատ-ի հետ։ Մէտվէտէվի այս այցելութեան առանցքը պիտի կազմէ մեծ հաւանականութեամբ խախաղութեան գործընթացքը Միջին Արեւելքի մէջ, որով կը զբաղի Մոսկուան։ Բայց այս այցելութեան ընթացքին Ռուսիան իր խօսակցութեան օրակարգին վրայ դրած է նաեւ ՝՝խաղաղութեան գործընթացքի բնականոնացումը Իրագի մէջ,եւ Իրանի միջուկային գործունէութեան ծրագիրը՝՝։ Միւս կողմէ Մոսկուան կը հետաքրքրուի նաեւ զէնքի վաճառումով Սուրիային, որ երկար տարիներէ ի վեր կը շարունակէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.