2010-05-04 13:04:20

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ Կ՝ՈՒՆԵՆԱՅ ՖՐԱՆՍԱԽՕՍ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐ ԱՆԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ։
4-6 մայիս Երեւանի մէջ՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի շէնքին մէջ տեղի կ՝ունենայ Ֆրանսախօս երկիրներու խորհրդարանական վեհաժողովի եւրոպական շրջանի 23-րդ համագումարը։ Ազգային ժողովի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ համագումարին կը մասնակցին աւելի քան 80 ներկայացուցիչներ՝ Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ։
ՄՈՒՊԱՐԱ Ք - ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՇԱՐՄ ՇԷՅԽԻ ՄԷՋ ։
Շարմ Էլ Շէյխի մէջ երէկ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հանդիպում մը ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի հետ։ Իսրայէլեան աղբիւրներու համաձայն, հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային խնդիրներ։ Ընդգծենք որ այս հանդիպումը տեղի կունենայ Արաբական Լիկայի ժողովէն միայն երկու օր ետք, երբ արաբ ղեկավարները կոչ ուղղած էին վերսկսելու խաղաղութեան հոլովոյթը, որ ընդհատուած էր անցեալ մարտին, երբ իսրայէլեան կառավարութիւնը մերժած էր կասեցնել արեւելեան Երուսաղէմի մէջ բնակեցման վայրերու անօրէն կառուցումը։ Կը նախատեսուի, որ խաղաղութեան հոլովոյթին հարցով ուրիշ հանդիպում մըն ալ տեղի ունենայ Եգիպտոսի նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի եւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի միջեւ։
«ԵՐԲԵՔ ՉՍՊԱՍԵՆՔ, ՈՐ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՊԻՏԻ ՃԱՆՉՆԱՅ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱԶԳԷՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ։
Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Հանրային խորհուրդի նիստ, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցած է խորհուրդի նախագահ Վազգէն Մանուկեան։ Անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բնականոնացման հոլովոյթին՝ Վ. Մանուկեան նշած է, որ ինք 100 առ հարիւր համոզուած է, որ Հայաստան ուրիշ ճանապարհ չունի։ Ըստ անոր, այս հանգրուանին ներկայ հոլովոյթին մէջ մտնելը աւելի կարեւոր էր, քան սահմաններու բացումը։ Մանուկեան յայտնած է, որ այս ընթացքին Հայաստանի նախագահին պատկերը բոլորին համար փոխուեցաւ։ Ան աւելցուցած է, որ կը հասկնայ, թէ անուղղակիօրէն սահմաններու ճանաչման հարց կար Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն մէջ, սակայն, ըստ անոր, ասկէ աւելի լաւ փաստաթուղթ չէր կրնար ըլլալ։ Մեզի համար առաջին հարցը Ղարաբաղն է։ Ցեղասպանութեան պատճառով Ղարաբաղը Ազրպէյճանին մաս կազմեց։ Այս ընթացքին մեր հասարակութեան եւ սփիւռքին միջեւ ճեղքերը փակուեցան, իսկ հակասութիւններու խորացումը Ազրպէյճանէն կախեալ է։ Ցեղասպանութեան օրերուն ալ եղած են հայերուն օգնող թուրքեր, սակայն անոնք այդ մէկը կատարած են դրացիական մտերմական կապերէն մեկնելով, իսկ հիմա կ՝ընեն իբրեւ օտարներ։ Բայց երբեք պէտք չէ սպասենք, որ Թուրքիա Ցեղասպանութիւնը պիտի ճանչնայ։ Այս ընթացքը ես դրական կը նկատեմ եւ անոր շարունակութիւնը պիտի ամրապնդէ մեր կարելիութիւնները, յայտնած է Վազգէն Մանուկեան։
ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ԱԿԱՆՈՒԱԾ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺԻՆ ՀԱՐՑՈՎ
ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼԷ ՓԱՔԻՍՏԱՆՑԻ ՄԸ։
Նիւ Եորքի ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ Նիւ Եորքի ՝՝Թայմզ Սքուեր՝՝ թաղամասին մէջ գտնուած ականուած ինքնաշարժին հարցով Ալ-Քայիտան դատապարտող ոչ մէկ փաստ գոյութիւն ունի։ Վերջին տեղեկութիւններու հիման վրայ Նիւ Որքի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է Շահզատ ֆաիզալ անունով ծագումով բաքիստանցի մը,որ ամերիկեան հպատակութիւն ստացած է տարի մը առաջ,17 Ապրիլ 2009ին ինչպէս որ կը տեղեկացնէ Սի. Էն. Էն ամերիկեան հեռուստակայանը, մէջբերելով պաշտօնական աղբիւրներ ։ Բաքիստանցին ձերբակալուած է մինչ կը պատրաստուէր Տուպայի մեկնող օդանաւը առնել (ըսած է Միացեալ Նահանգներու Արդարութեան Նախարարը էրիք Հոլտէր) մամլոյ տուած ասուլիսի ընթացքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.