2010-05-04 12:50:44

2010-ը Հայ Կնոջ Տ արին։ Կնոջ Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները Այսօր։


 2010-ը Հայ Կնոջ Տ արին։ Կնոջ Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները Այսօր։



Կնոջական շարժումներու մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ նաեւ ընկերութեան կեանքին կնոջ մասնակցութեան հարցը։ Կնոջ նկատմամբ գոյութիւն ունեցող խտրական ոգիի եւ այր մարդուն ոչ-հաւասար նկատուելու հետեւանքով, կարգ մը ընկերութիւններու ու մշակոյթներու մօտ կնոջ մասնակցութիւնը ընկերութեան կեանքին տակաւին կը մնայ սահմանափակ։

Փաստօրէն կնոջ առջեւ ընկերութեան որոշ բնագաւառներ առաջնորդող ճամբաները տակաւին փակ են, ինչպէս նաեւ քաղաքական, տնտեսական, պետական եւ այլ մարզերուն առընչուած կարեւոր պաշտօններ ստանձնելու կարելիութիւնները՝ կամ ջնջին եւ կամ ամբողջութեամբ անգոյ։ Հասկնալով հանդերձ նման մօտեցումներու ու գործելակերպերու ետին գտնուող աւանդութիւնները ու ըմբռնումները, կինը, որպէս այր մարդուն համահաւասար արարած, կոչուած է իր աստուածատուր արժանիքները ու իրաւունքները, պարտաւորութիւնները ու կոչումը լիօրէն կենսագործելու ընկերութեան կեանքի բոլո՛ր մարզերէն ներս ու բոլո՛ր մակարդակներու վրայ։

Նման մօտեցումը կնոջ նկատմամբ, մեր ունեցած հոգածութենէն պէտք չէ բխի միայն, այլ՝ ընկերութեան կեանքը կնոջ գործօն մասնակցութեամբ աւելի՝ կազմակերպելու ու ծաղկեցնելու՝ մտահոգութենէն ու նախանձախնդրութենէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.