2010-05-03 13:54:40

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Երկուշաբթի 3 մայիս 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց Պելկիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ` եկած կատարելու հնգամեայ կանոնական այցը Ս. Պետրոսի յաջորդին։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հանդիպումը Թորինոյի երիտասարդութեան հետ։

Սրբազան Քահանայապետը կիրակի օրը այցելեց Թորինօ քաղաքը ասոր համար ամբողջ քաղաքը տօնի մէջ էր։ Նորին Սրբութիւնը Թորինօ գնաց հաւատքի մէջ հաստատելու հաւատացեալները, որոնք զինք ծափողջոյններով ընդունեցան։ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց զանոնք Յիսուսի նման ՜՜սիրել անսահմանօրէն, վերջ դնել չարին եւ նոր յոյս տալ տառապեալներուն՝՝։ Սրբազան Քահանայապետը քաջալերեց երիտասարդները արիութեամբ կատարելու վերջնական ընտրութիւնները եւ ընթանալու Յիսուսի մատնանշած ճանապարհին համաձայն։ Յիսուսի պատանքին առջեւ Սրբազան հայրը պահ մը կեցաւ խորհրդածելու՝ Տիրոջ չարչարանքներու վրայ եւ ապա այցելեց ՜՜Գոթթոլենկօ՝՝ Աստուածային նախախնամութեան տունը, ուր մեծ հոգատարութեամբ կը խնամուին հիւանդներն ու անկարները։ Հիւանդներուն իր խօսքը ուղղելով Սրբազան Հայրը ըսաւ. ՜՜ ձեր տառապանքը Աստուծոյ ընծայելով Քրիստոսի միջոցաւ կը մասնակցիք բարիին յաղթանակին չարին վրայ։

Իսկ երիտասարդներուն հետ հանդիպում ունենալով՝ Սան Գարլօ հրապարակը, Սրբազան հայրը իր խնդակցութիւնը յայտնեց իրեն վերապահուած սիրալիր ու խանդավառ ընդունելութեան համար։ Ապա խրախուսեց զանոնք սիրել Յիսուսը ու Անոր հետեւիլ ամենայն վստահութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը որպէս օրինակ տուաւ այն բազմաթիւ սուրբերը որոնք Թորինօ քաղաքին մէջ ապրեցան ու գործեցին, անոնք փորձարկեցին Յիսուսի սէրը ու նուիրուեցան նոր սերունդին բարիքին համար։ Հուսկ Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց քաջալերելով զանոնք ըլլալու Քրիստոսի վկաները։ Յիսուսի պատանքը որ ձեր քաղաքին մէջ կը գտնուի, թող ըլլայ յատուկ հրաւէր մը ՜՜ձեր հոգիներու մէջ դրոշմելու Աստուծոյ սիրոյ դիմագիծը՝՝։ Աստուածամայրը՝ ՜՜Մարիամ՝՝ որ կը մեծարէք ձեր սրբավայրերու մէջ, ՜՜Սուրբ Յովհաննէս Պոսքօ՝՝ն` պաշտպան սուրբը երիտասարդներուն, թող օգնեն ձեզի անխոնջ կերպով Յիսուսի ետեւէն քալելու, եւ իմ աղօթքն ու օրհնութիւնը թող ձեզի ընկերանայ։



Կարտինալ Մայերին յուղարկաւորութեան ու թաղման կարգը Ս. Պետրոս տաճարին մէջ

Երկուշաբթի՝ 3 մայիս 2010-ին, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութեան ու թաղման կարգը Կարտինալ Մայերին։ Արարողութիւնը գլխաւորեց կարտինալ Սոտանօ գահերէցը կարտինալական դասին։

Արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը Ս. Պետրոսի տաճարը մտաւ վերջին ողջոյնը տալու ննջեցեալ կարտինալին։

Իր արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը մատնանշեց թէ ՜՜կարտինալ Մայեր մեծ յանձնառումով ապրեցաւ իր քահանայական ու կրօնաւորական կեանքը. ան եղաւ ճշմարիտ հովիւ մը ու հաւատարիմ Աւետարանին։ Ան մեծ նուիրումով աշխատեցաւ ծիսական բարենորոգումին համար, համալսարանականներու ու քահանայաութեան թեկնածուներու մօտ։ Մեծապէս գնահատուեցաւ անոր աշխատանքը Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի պատրաստութեան համար՝՝։ Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած (ըսաւ Սրբազան Հայրը) որպէսզի իր Արքայութեան մէջ ընդունի իր հաւատարիմ ծառան։

Յայտնենք թէ կարտինալ Մայեր երիցագոյնն էր կարտինալական դասին եւ մօտ օրէն պիտի տօնէր 99-տարեդարձը։ Ողբացեալ Կարտինալը նախապէս եղած էր կառավարիչը աստուածային պաշտամունքի ու սուրբ խորհրուրդներու մատակարարումին։ Իր մահով կարտինալական դասը կը հաշուէ 180 անդամ որոնցմէ 108ը Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով։

Առաքելական փոխանորդութեան հաստատում

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Հնդկական Ովկեանոսի Գոմոր կղզեխումբի մէջ հաստատեց Առաքելական Փոխանորդութիւն մը, եւ որպէս առաջնորդ անուանեց ֆրանչիսքեան հայր Շառլ Եավան։ Յայտնենք թէ Գոմոր կզեխումբը կը հաշուէ 800 հազար բնակիչ որունց վեց հազարը կաթողիկէ են։ Գոմոր կղզեխումբը ունի երկու ժողովրդապետութիւններ եւ 6 կուսակրօն քահանաներ, երկու կրօնաւորներ եւ 12 կրօնաւորուհիներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.