2010-05-03 07:51:18

Մարեմեան խոկումներ' Մայր մը կը գտնուի բարեխօսութեամբ Սրբուհի Մարիամի


Մարեմեան խոկումներ' Մայր մը կը գտնուի բարեխօսութեամբ Սրբուհի Մարիամի

Լեհերը վերջին փորձ մըն ալ կ’ընեն ունենալու համար իրենց անկախութիւնը։ Այդ առթիւ Սոքոլինսքի կոմսը գերի կը բռնուի եւ մահուան կը դատապարտուի։ Այրի կը թողուր իր կինը, տասը տարեկան զաւակին հետ, որ Ստանիսլաս կը կոչուէր։

Կինը, երբ կը լսէ ամուսնոյն մահուան դատապարտութեան գոյժը, տղան կը տանի եօթը խոցերու Տիրամօր պատկերի դիմաց ու կ’աղօթէ.

- Ս. Կոյս Մարիամ, աղօթէ մեզի համար, պաշտպանէ մեզ, ազատէ մեզ. հարսը իր ամուսնոյն եւ հայրը իր որդիին վերադարձուր։ Գթաՙ մեր արցունքներուն, դուն, զոր ոչ ոք կանչած է անօգուտ կերպով, դուն, որ այնքան կը սիրես Որդիդ եւ դուն ալ շատ նեղութիւն քաշած ես։

Մայր ու տղայ ոտքի կ’ելլեն եւ կոմսի բանտը կ’երթան։ Քանի մը ոսկի կը սահեցնեն բանտապանին ձեռքը ու կը յաջողին թափանցել մինչեւ ամուսնոյն սենեակը։ Մանկամարդ կինը զգեստները կը փոխէ կոմսին հետ։

Գիշերը մահուան դատապարտուած կոմսին տեղ կը գտնեն կոմսուհին։

Սոքոլինսքի գնտապետը փախած է բանտէն իր զաւակին հետ։

Ժամանակ մը ետք Փարիզ են անոնք եւ տղան կը գտնուի գիշերօթիկ վարժարանի մը մէջ եւ կը յառաջադիմէ գիտութեան եւ առաքինութեն մէջ։

Պզտիկը պիտի կատարէ իր Հանդիսաւոր Հաղօրդութիւնը, բայց բնաւ լուր չունի իր բարեպաշտ մօրմէն։

- Կ’ուզեմ, կ’սէր տղան, որ մաման ներկայ ըլլայ Հաղորդութեանս. եւ պիտի ըլլայ։

Ու բոլոր սրտով իննօրեայ մը կը սկսի Ս. Կոյսին եւ կ’ըսէ.

- Այնքան լաւ պիտի աղօթեմ, որ Մարիամ պիտի ստիպուի լսել զիս։

Այդ օրերուն, կոմսը անծանօթէ մը ստացաւ սեւ շրջանակով թուղթի մը վրայ հետեւեալ գրութիւնը.

- Ալ յոյս չկայ, կոմսուհին Սիպերիա աքսորուած է. փախուստի առաջին փորձին, պիտի գլխատուի։

Հանդիսաւոր Հաղորդութեան նախօրեակին, գնդապետը միւս ծնողներուն պէս վարժարան գնաց օրհնելու իր մանչուկը։

Տղան անոր վիզը ցատկեց եւ ըսաւ.

- Դուն օրհնութիւն կու տաս ինծի, բայց ես պիտի առնեմ նաեւ մօրս օրհնութիւնը, անիկա պիտի գայ, ներկայ պիտի ըլլայ իմ Հաղորդութեանս։

Հայրը լռեց, սրբեց քանի մը խոշոր արցունքի կաթիլներ եւ չկարենալով դիմանալ այս իրավիճակին, հեռացաւ…։ Երեկոյեան ժամը հինգն է։

Փոքրիկ Ստանիսլաս դէպի դուռ ուղղուեցաւ եւ հանդիպեցաւ վարժապետի մը, որ ըսաւ իրեն.

- Ալ մի ուշանար տղաս, այցի ժամը վերջացաւ. ընկերներուդ քով վերադարձիր։

Իննօրեան լրացած էր, մեղքերուն արձակումը առած էր եւ տղան կ’երեւակայէր որ գործը լաւ փակելու համար, Երկնքի Թագուհին իրեն պիտի վերադարձներ իր մայրը։ Դժուարին եկաւ խօսարան երթալու արգելքը, բայց համբերեց։ Անշուշտ մայրս եթէ գայ, զիս պիտի փնտռէ։ Ընթրեցին։

Ստանիսլաս պէտք է ննջարան ելլէր ընկերներուն հետ… սկսաւ պզտիկ յուսալքում մը զգալ…։

Այդ պահուն, խեղճ հագուած կին մը, դեղնագոյն եւ տխրադէմ, կ’աղաչէր դռնապանին որ տեսնէր պզտիկ Ստանիսլասը։

Դռնապանը, յետ լսելու այս աղաչանքները, թոյլ տուաւ որ դիտէր բակին մէջ տողանցող տղաքը։

Հոն ճանչցաւ իր զաւակը եւ գոչեց.

- Ահա հոն է, ահա հոն է. եւ ճիչ մը արձակելով մարեցաւ, ինկաւ։

Կոմսուհին էր անիկա, որ կը ժամանէր զաւակին որոշած վայրկեանին։

Ան կրցած էր փախչիլ, զինք Սիպերիա տանող պահակներուն ձեռքէն, անցած էր Ֆրանսա եւ ծպտուած, առանց դրամի, անօթի, ծարաւ, հասած էր Փարիզ, ու գիտնալով Ստանիսլասի հասցէն շիտակ հոն եկած էր։



Յաջորդ օրը գնդապետը եւ Սոքոլինսքի կոմսուհին միասին, երջանիկ, ներկայ գտնուեցան Ստանիսասի Հանդիսաւոր Հաղորդութեան եւ ջերմագին աղօթքով շնորհակալ եղան Յիսուսի եւ Մարիամի։








All the contents on this site are copyrighted ©.