2010-05-01 12:57:30

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Սրբազան Հօր այցելութիւնը Հաւատոյ ժողովին։

Ուրբաթ 30 ապրիլ 2010-ի՝ երեկոյեան ժամը 6-ին Նորին Սրբութիւնը այցելութիւն կատարեց հաւատոյ ժողովին։ Նորին Սրբութիւնը պահ մը երկրպագութիւն կատարելէ ետք մատրան մէջ, օրհնեց վերանորոգուած մատուրը, եւ ապա խօսակցութիւն ունեցաւ ժողովի պաշտօնեաներուն հետ։

Կիրակի 2 մայիս 2010-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը միօրեայ հովուական այցելութիւն կը կատարէ Թորինօ թեմին

Ոչ եւս է գերմանացի կարտինալ Մայեր երիցագոյնը կարտինալական դասին։

Ապրիլ 30ին Հռոմի մէջ վախճանեցաւ Պենետիկտեան միաբան կարտինալ Մայեր։

Ան մօտօրէն պիտի տօնէր 99- ամեակը։ Ողբացեալ Կարտինալը նախապէս եղած էր կառավարիչը աստուածային պաշտամունքի ու սուրբ խորհրուրդներու մատակարարումին։ Իր մահով կարտինալական դասը կը հաշուէ 180 անդամ որոնցմէ 108ը Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով։

Իր յղած ցաւակցական հեռագրով, ուղղուած՝ Պենետիկտեան միաբանութեան աբբահօր, Նորին Սրբութիւնը կ'ողջունէ կարտինալ Մայերին յանձնառումը ծիսական ու համալսարանական մարզին մէջ ինչպէս նաեւ անոր տարած աշխատանքը Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովին ընթացքին։

Կարտինալ Մայերին յուղարկաւորութեան ու թաղման կարգը տեղի կ'ունենայ երկուշաբթի՝ մայիս 3-ին, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, նախագահութեամբ կարտինալ Սոտանոյի` գահերէցը կարտինալական դասին։ Յուղարկաւորութեան աւարտին Սրբազան Հայրը քարոզ մը պիտի արտասանէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.