2010-05-01 13:47:15

Մարեմեան Խոկումներ։


Մարեմեան Խոկումներ։
Այս տարուայ մայիս ամսուան խոկումները պատրաստեց Քոյյր Յովհանա Արոյեան, անդամ Անարատ Յղութեան Հայ Մայրապետներու Միաբանութեան։
Երկնային Մօր Բարեխօսութիւնը։

Մարի Թերեզ անունով 15ամեայ աղջնակ մը, որ գիշերօթիկ վարժարան կը յաճախէր, օր մը անուշադրութեամբ հայելին կոտրեց։ Եւ որովհետեւ հայելին իրեն համար անհրաժեշտ առարկայ էր, նստաւ եւ անմիջապէս նամակ մը գրեց մօրը, որ նոր մը ղրկէր իրեն եւ կարելիին չափ շուտ։
Մայրը չուշացաւ պատասխանելու.
- Սիրելի աղջիկս սիրով պիտի կատարեմ խնդրանքդ եւ աւելիով պիտի ուրախացնեմ քեզ՝ ղրկելով մէկի փոխարէն երեք հայելիներ։ Առաջինին մէջ պիտի տեսնես ինչ որ ես դուն. երկրորդին մէջ պիտի տեսնես ինչ որ դուն պիտի ըլլաս եւ երրորդին մէջ պիտի տեսնես ինչ որ պէտք ես ըլլալ։
Առաջին վարկեանին ուրախութենէն հրճուեցաւ եւ համբուրեց մօրը նամակը։ Բայց հետոյ սկսաւ մտահոգուիլ եւ հարցնել ինքնիրեն.
- Ի՞նչ կը նշանակէ երեք հայելի, ի՞նչ ըսել կ’ուզէ մայրս ։
Անհամբեր, ծրարին սպսասեց, վերջապէս երրորդ օրը Տնօրենուհին կանչեց զինք եւ յանձնեց ծրար մը։ Առանձին անկիւն մը քաշուեցաւ եւ բացաւ ծրարը։
Ահա նշմարեց խնամքով փաթթուած առարկայ մը, որուն վրայ գրուած էր. – Պիտի տեսնես թէ դուն ինչ ես։ Բացաւ զայն ու գտաւ անուշիկ հայելի մը։ Նայեցաւ մէջը եւ տեսաւ իր շնորհալի ու թարմ դէմքը։
Ապա առաւ երկրորդ առարկան, որու վրայ գրուած էր. – Պիտի տեսնես ինչ որ պիտի ըլլաս։ Եւ ի՞նչ տեսնէ. Գծագրութիւն մը , որ կը ներկայացնէ մեռածի մը գլուխը, սոսկալի տգեղ եւ ահռելի։ Այս նկարը զինք դրաւ իրականութեան մը առջեւ. օր մըն ալ ինքը այս վիճակին պիտի վերածուէր։
Ասով մայրը ըսել կ’ուզէր աղջկան թէ չհետեւի ունայն բաներու, շատ չհիանայ իր գեղեցկութեան, որ պիտի թառամի ծաղիկին նման։
Աղջիկը պահ մը մտածկոտ մնաց անոր դիմաց եւ ուզեց օգտուիլ մօրը տուած դասէն։
Հուսկ երրորդ ծրարը ձեռքը առաւ, որու վրայ գրուած էր – ինչ որ ըլլալու էր ինքը։ Զգուշութեամբ բացաւ զայն եւ ի՞նչ տեսնէ։ Սուրբ Կոյսի սքանչելի արձանիկ մը, որ բոլոր առաքինութիւններու եւ սրբութեան տիպար օրինակն է։
Մարի Թերեզ ինքնաբերաբար ծունկի եկաւ անոր առջեւ ու ըսաւ.
– Այո, ահա թէ ինչ պէտք եմ ըլլալ, որու նմանելու եմ Աստուծոյ շնորհքով։
Եռանդուն աղօթք մը արտասանեց ունենալու համար շնորհքը ու երբ ոտքի ելաւ, ուրախութեան ցոլք մը կը ճառագայթէր երեսէն, արդէն Ս. Կոյսի մէկ անոյշ ժպիտը կը ծաղկէր անոր հոգւոյն խորը։







All the contents on this site are copyrighted ©.