2010-05-01 14:06:30

Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջացգային Դէպքերուն։


 
Ակնարկ մը Ազգային Ու Միջացգային Դէպքերուն։
ՄԱՅԻՍ ՄԷԿ։ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԵՒ ԱՇԽԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ։
Այսօր Մայիս 1 բոլոր աշխարհի մէջ կը տօնուի Աշխատանքի Տօնը,բայց մեր ներկայ ժամանակներուն Մայիս 1-ը իր մէջ կը բովանդակէ նաեւ այլ գաղափարներ աշխատաւորներու արդար իրաւունքներէն անդին ,ինչպէս ցեղային ու սեռային հաւասարութիւն ,ազգային հովանաւորութիւն, արդարութիւն,հանդրժողո ականութիւն,ժողովրդավարական յաաբերութիւններու եւ հակակշիռներու ընդլայնում,կենսոլորտի անխաթար պահպանում ,ապա կրօնական ու քաղաքակրթական ինքնուրոյնութեան ազատ զարգացում,այս բոլոր պահանջները կընդլայնեն հորիզոնը Մայիս Մէկի իմաստին ու արժէքին առջեւ։
«ՇԱՆԿՀԱՅ ԷՔՍՓՕ- 2010» ։ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ԱՐԳՍԵԱՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏԱՂԱՒԱՐԻՆ ։
Չինաստանի նախագահ Հու Ճինթաոյի հրաւէրով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր Չինաստան մեկնած էր՝ մասնակցելու համար ՝՝Շանկհայ Էքսփօ- 2010՝՝ համաշխարհային ցուցահանդէսի բացման արարողութեան։ Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ երէկ Հայաստանի նախագահին մասնակցութեամբ հանդիսաւոր բացումը կատարուած է Հայաստանի Տաղաւարին։ Այնուհետեւ Սերժ Սարգսեան ծանօթացած է Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի տաղաւարներուն։
ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ ԱՐՄԱՆ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ ՄԸ ։
28 - 30 ապրիլ Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ տեղի ունեցած է ՝՝Եւրոպական Անվտանգութեան երկխօսութիւնը եւ սպառազինութիւններու վերահսկումը՝՝ նիւթով համագումարը, որուն մասնակցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արման Կիրակոսեան։ Համագումարը կազմակերպած էին Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ Ճորճ Մարշալ եւրոպական կեդրոնը։ Համագումարի աշխատանքներուն կը մասնակցէին բարձրաստիճան պաշտօնատարներ՝ եւրոպական երկիրներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններէն, եւ Գերմանիոյ մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ եւ քաղաքագէտներ։ Արման Կիրակոսեանի ելոյթը նուիրուած էր Հարաւային Կովկասի շրջանային անվտանգութեան խնդիրներուն։ Ան ներկայացուցած է Հայաստանի անվտանգութեան առաջնահերթութիւնները, պաշտօնական դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերուն մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.