2010-04-30 14:26:32

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Ուրբաթ 30 ապրիլ 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց հաւատոյ Ժողովի նոր մատրան բացումը

Ապրիլ 30- մայիս 4, ընկերային գիտութեանց քահանայապետական խորհուրդը իր լիակատար նիստը կը գումարէ Վատիկանի մէջ, ունենալով որպէս խորհրդածութեան նիւթ ՝՝Տագնապը համաշխարհային տնտեսութեան մէջ` վերատեսել ծրագրուած քաղաքականութիւնը՝՝։



Ափրկիկէի Կամբիա, Լիբերիա եւ Սիեռա Լէոնէի համահաւաք դասերու եպիսկոպոսները ընդունելով, Նորին Սրբութիւնը անոնց ուղղած ճառին մէջ մասնաւորապէս ընդգծեց ՜՜կարեւորութիւնը ամուսնութեան խորհուրդին՝՝, ընկերութեան մը մէջ յատկանշուած ապահարզաններով ու բազմակնութեամբ եւ խնդրեց պաշտպանութիւնը կիներու արժանաւորութեան։

Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց արեւմտեան Ափրիկէի եպիսկոպոսները նպաստելու երկխօսութեան ու հաղորդակցութեան կապերու ստեղծումին՝ ՜՜ կրօններու միջեւ՝՝։ Յայտնենք թէ Կամբիայի մէջ բնակչութեան 86 տոկոսը մահմետական է, 8 ն հոգեպաշտ եւ 4 տոկոսը քրիստոնեայ։ Սիեռա Լէոնէի բնակչութեան 46 տոկոսը մահմետական է, 40ը հոգեպաշտ եւ 10 տոկոսը քրիստոնեայ։ Անգլիախօս այս երկու երկիրներու մէջ, մահմետականներու եւ քրիստոնեաներու միջեւ կապերը ընդհանուր առումով բարի են եւ համերաշխ։ Իսկ Լիբերիայի մէջ քրիստոնեաները կը ներկայացնեն բնակչութեան 67 տոկոսը, 18 տոկոսը հոգեպաշտ են եւ 15 տոկոսը մահմետական։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին կոչը Գոնկոյի պատասխանատուներուն՝ ՜՜վերջ դնելու ժողովուրդին տառապանքին՝՝։

Նորին Սրբութիւնը ընդունելով Գոնկոյի նոր դեսպանին հաւատարմագրերը երկրի պատասխանատուներուն կոչ ըրաւ որ գործածեն քաղաքական ու մարդկայանական բոլոր միջոցները ամոքելու ժողովուրդին տառապանքը։ Ան նաեւ միջազգային հասարակութենէն խնդրեց օգնութեան հասնիլ Գոնկոյին, որպէսզի նոր սլացքով յառաջանայ։ Յայտնենք թէ Գոնկոյի բնակչութեան 50 տոկոսը կաթողիկէ է։








All the contents on this site are copyrighted ©.