2010-04-30 13:39:10

Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։


Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։

ՀՌՈՄ։ 30 Ապրիլին Հռոմի Գրիգորեան Քահանայապետական Համալսարանը կայացաւ Ատնան Մոքրանի գրի առած ՝՝Գուրանը Կարդալ Հռոմի մէջ՝՝ վերտառութեամբ հատորի ներկայացումը,յորում խօսք առին ի ներկայութեան հատորի հեղինակ՜Թիւնիզցի իսլամ աստուածաբան եւ Գրիգորեանի մէջ դասատու նոյնինքն Մոքրանի, Փրոֆ.Բաօլօ Պրանքա՝ Միլանոյի Սուրբ Սրտի Կաթողիկէ Համալսարանէն,ապա Խալէտ ֆուատ Ալլամ՝Թրիէսթէյի եւ Ուրպինոյի համալսարանէն եւ Սիմոնէ Տակոսթինօ ՝Հռոմի Գրիգորեան համալսարանէն։

ՊԱՐԻ ։ 30 ապրիլէն-2 մայիս Իտալիոյ Պարի քաղաքը տեղի կ՝ունենայ միջազգային հանրաժողով Ազգերու միջեւ Խաղաղութեան համար ՝՝Գաիրօս 2010՝՝, կազմակերպութեամբը Յիսուսեան Միաբանութեան, հետեւեալ թէմայով ՝՝ Քրիստոսի Գալուստը եւ քրիստոնեաներու միութիւնը՝՝,ներշնչուած Մատթէոս Աւետարանիչի Տասը Կոյսերու առակէն։ Հանրաժողովը կը փափաքի արծարծել միութեան փնտռտուքը եւ միջ-եկեղեցական երկխօսութիւնը՝ յատկապէս Արեւելեան Եկեղեցիներու հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.