2010-04-30 14:27:15

Լուրեր հայկական կեանքէն


Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակի շուրջ դրուած ծաղիկները յատուկ նպատակով պիտի օգտագործուին  

Առաջին անգամ ըլլալով, այս տարի, Ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին շուրջ զետեղուած ծաղիկներու հսկայածաւալ քանակութիւնը, պիտի օգտագործուի Ցեղասպանութեան թանգարանի կողմէ, վերամշակուելով եւ յատուկ պայմաններու տակ չորցուելով, որպէսզի գործածուի որպէս վերամշակուած թուղթ՝ թանգարանի շնորհակալական քարտերու պատրաստութեան համար։ Այս տարի նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի պուրակը համալրուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանէն բերուած 95 տնկիներով։



՜՜Համշէն-Պոնտոս՝՝ գրքի հրատարակում

Հայ-ռուսական համագործակցութեան Կրասնոտարի մասնաճիւղի հրատարակութեամբ լոյս տեսաւ, Համշէն-Պոնտոս գիտա-գեղարուեստական հաւաքածոյի 3րդ համարը։Ապրիլ 24-ի նախօրեակին լոյս տեսած համարին մէջ տպագրուած է հրապարակախօս Թաքմազ Խաչատուրի Հայոց ցեղասպանութեան վկաները յօդուածը , ուր ներկայացուած են տարբեր տարիներու ընթացքին հաւաքուած, աւելի քան 47 վերապրածներու վկայութիւնները, որոնք ապրած են Աբխազիոյ եւ Կրասնոտարի երկրամասէն ներս։ Այս նիւթովՀամշէն-Պոնտոս գիտա-գեղարուեստական հաւաքածոյի հրատարակութեամբ կը բացուի նոր հրապարակախօսական շարք մը, ուր կը ներկայացւի պոնտացի համշէնահայերու ողբերգական ճակատագիրը եւ հայկական Պոնտոսի պատմութիւնը՝ լրացնելով Հայ ժողովուրդի մեծ ողբերգական տարեգրութեան ցուցակը։

Համշէն-Պոնտոս գիտա-գեղարուեստական հաւաքածոն լոյս կը տեսնէ արդէն 2009 թուականէն, ռուսերէն լեզուով՝ Հայ-ռուսական համագործակցութիւն կազմակերպութեան կողմէ։ Հրատարակութիւնը լոյս կը տեսնէ եռամսեայ պարբերականութեամբ, Կրասնոտարի երկրամասէն ներս, Սոչի։ Հանդէսին մէջ ներառնուած են Կուբանի , Ռուսաստանի սեւծովեան աւազանի եւ Աբխազիայի հայկական սփիւռքի պատմութեան, մշակոյթին եւ գործունէութեան առնչուող նիւթեր։





Հայ Օգնութեան Միութիւն 1910-2010

2010ին, ՝՝Հայ Օգնութեան Միութիւն՝՝ անունով համաշխարհային կազմակերպութիւնը, կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 100ամեակը։ Հայկական պատմութեան ամէնէն մռայլ եւ տառապալից հանգրուանին, հայ ազգի Ցեղասպանութեան ահռելի տարիներէն քիչ մը առաջ, բնաջնջումի, յուսալքութեան հոգեբեկ վիճակներուն մէջ, Հ.Օ.Մ.ի ճառագայթումով ծնունդ առին յոյսն, նուիրումը եւ աջակցութիւնը։



Այս բառերով կարելի է սեղմ գիծերու մէջ նկարագրել այն դրդապատճառները որոնց վրայ հիմնուեցաւ, հաստատուեցաւ, մեծագործեց եւ կը շարունակէ քաջագործել Հ.Օ.Մ.ը, դար մը ամբողջ, Սփիւռքի եւ Հայրենիքի տարածքին առատօրէն մատուցանելով մարդասիրական, ընկերային, մշակութային եւ քաղաքական լուրջ աշխատանք։ Անսպառ նուիրումի կամքով, Հ.Օ.Մ.ի հազարաւոր կամաւոր անդամները, նեցուկ կանգնեցան եւ կը շարունակեն յենարան ըլլալ հայ ժողովուրդի կարիքներուն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.