2010-04-30 13:43:02

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՉԻՆԱՍՏԱՆ։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Չինաստանի նախագահ Հու Ճինթաոյի հրաւէրով երէկ մեկնեցաւ Չինաստան՝ մասնակցելու ՝՝Շանկհայ- Էքսփօ-2010՝՝ համաշխարհային ցուցահանդէսի բացման արարողութեան։ Նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմեն արտաքին գործոց, տնտեսութեան, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարները, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ։ Պատուիրակութիւնը 3 մայիսին Երեւան պիտի վերադառնայ։
ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՌԱՋԱԴՐՈՒԱԾ ԵՆ ՀԱՅԱԶԳԻ ԵՐԵՔ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐ։
՝՝Ազատութիւն՝՝ ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ 6 մայիսին նախատեսուած Բրիտանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են առնուազն երեք հայ թեկնածուներ, որոնք բոլորն ալ ներկայացուած են իշխող Աշխատաւորական Կուսակցութեան կողմէ։ Յառաջիկայ շաբաթ բրիտանացիները պիտի ընտրեն 650 երեսփոխաններ։ Խորհրդարանական ընտրութիւնները Բրիտանիոյ մէջ տեղի կունենան ամէն չորս տարին անգամ մը։ Բրիտանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու թեկնածուներէն Քեթրին Առաքելեան ՝՝Ազատութիւն՝՝ ձայնասփիւռի կայանին պատմած է, թէ Առաքելեան մականունը իրականութեան մէջ կորսուած էր։ Երբ նախնիներս 1915-ին Պոլիսէն փախուստ տուին, անոնք այստեղ հասան նաւու մը մէջ պահուըտած, եւ Անգլիոյ մէջ ապրելու համար հրաժարեցան իրենց հայկական մականուններէն։ Երբ ես 22 տարեկան էի, որոշեցի հօրս բրիտանական մականունը փոխարինել մօրս իրական հայկական մականունով։ Քեթրին Առաքելեան վերջերս սկսած է հայերէն սորվիլ, Հայաստան չէ այցելած եւ Հայաստանի քաղաքական-տնտեսական վիճակին մասին շատ բան չի գիտեր։
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՑՈՂ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԾ։
Երէկ առաւօտեան Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստի մեկնարկին նախագահող ֆրանսացի խորհրդարանական Ժան Քլոտ Մինիոն հրապարակած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող յայտարարութիւն մը։ Ան նշած է, որ այդ յայտարարութիւնը բաց է ստորագրութիւններու համար։ Փաստաթուղթը նախօրէին շրջանառութեան մէջ դրած էր հայկական պատուիրակութիւնը։ Հաշուի առնելով, որ լրացած է Հայոց Ցեղասպանութեան 95-ամեակը, եւ արձանագրելով, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը նպաստէ մարդկային արժանապատուութեան յարգանքին եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման, վկայակոչելով տարբեր երկիրներու՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, ներքոստորարեալ խորհրդարանականները վեհաժողովի անդամներուն կոչ կուղղեն ձեռնարկելու անհրաժեշտ քայլերու 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ։ Այդ փաստը պիտի նպաստէ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնայ նաեւ Թուրքիան, ինչ որ նաեւ պիտի նպաստէ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման(կըսուի յայտարարութեան մէջ) որուն միացած են 15-էն աւելի երկիրներու քանի մը տասնեակ երեսփոխաններ։ Ըստ ակնկալուածին, վեհաժողովի նախագահ Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Մեւլութ Չաւուշօղլու նիստը չէ վարած, որպէսզի ստիպուած չըլլայ յայտարարութիւնը կարդալ։

Ցեղասպանութեան Նուիրուած Գիտաժողովը Քննեց Վնասուց Հատուցման Կարելիութիւնները
ԱՆԳԱՐԱ։«Արմինիըն Ուիքլի»- «Մարմարա».- Շաբաթ, Ապրիլ 24ին, մինչ Պոլսոյ զանազան վայրերու մէջ Ապրիլ 24ի ոգեկոչման աննախընթաց ձեռնարկներ տեղի կ՛ունենային, Անգարայի «Փրինսես» պանդոկին մէջ սկսաւ «Մտածումի ազատութեան նախաձեռնութիւն» խմբակին կողմէ կազմակերպուած երկօրեայ գիտաժողովը, որ նմանապէս նուիրուած էր Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին եւ որուն մասնակցեցան Թուրքիայէն եւ արտասահմանէն մտաւորականներ:
Ապահովական խիստ պայմաններու տակ տեղի ունեցած գիտաժողովին ներկայ էին մօտաւորապէս 200 հոգի, մեծամասնութեամբ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ջատագով մարդկային իրաւանց գործիչներ ու մտաւորականներ: Յատկանշական է նաեւ, որ Պոլսոյ հաւաքներուն դէմ տեղի ունեցած ցոյցերու արտօնութիւն չէր տրուած այս գիտաժողովին ընթացքին:
Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած գիտաժողովին Թուրքիայէն մասնակիցներուն մէջ կային Իսմայիլ Պեշիքճի, Պասքըն Օրան, Սեւան Նշանեան, Ռակիփ Զարաքօլու, Թեմել Տեմիրեր եւ Սայիտ Չեթինօղլու:
Ընկերաբան Իսմայիլ Պեշիքճի առաջիններէն էր, որ քիւրտերու մասին հատորներ գրած ու բանտարկուած էր, որովհետեւ այդ տարիներուն նման քայլ մը արգիլուած էր: Քաղաքական գիտութեանց դասախօս Պասքըն Օրան հայերէն ներողութիւն խնդրելու համացանցային արշաւին գլխաւոր կազմակերպիչներէն մէկն էր, իսկ Նշանեան պոլսահայ այլախոհ հեղինակ մըն է, որ նաեւ կ՛աշխատակցի «Ակօս» թերթին, իսկ Զարաքօլու Հայկական Ցեղասպանութեան մասին զանազան հատորներ հրապարակած է ու բանտարկութեան դատապարտուած անոնց համար: Տեմիրեր եւս դատապարտուած է իր այլախոհ ելոյթներուն եւ գրութեանց համար, իսկ մարդկային իրաւանց գործիչ ու մտաւորական Չեթինօղլու գիտաժողովը կազմակերպողներէն մէկն էր: Գիտաժողովին համար Թուրքիա ժամանած մտաւորականներն էին՝ Ցեղասպանագէտ դոկտ. Տէյվիտ Կաունթ, իմաստասիրութեան դասախօս փրոֆ. Հենրի Թերիօ (Ուուսթըրի նահանգային համալսարանէն), «Արմինիըն Ուիքլի»ի խմբագիր եւ ցեղասպանական ուսմանց դոկտորական ուսանող Խաչիկ Մուրատեան, Պոսթընի մէջ «Հրանդ Տինքի բարեկամներ» կազմակերպութեան ատենապետ Հերի Բարսեղեան եւ Կալլեսէն մարդկային իրաւանց գործիչ ու հեղինակ Էլիան Ուիլիըմզ։
Վնասուց հատուցման հարցին քննարկման ընթացքին, Խ. Մուրատեան շեշտեց, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին պէտք է մօտենալ արդարութեան տեսանկիւնէն, ուր վնասուց հատուցումը կարեւոր նշանակութիւն ունի:







All the contents on this site are copyrighted ©.