2010-04-29 13:59:57

Կրօնաբարոյական Հարցեր ։ Աշխարհի Անսպառ Մեքենագրողները։


Կրօնաբարոյական Հարցեր ։ Աշխարհի Անսպառ Մեքենագրողները։

Տպագրութեան գիւտին զուգահեռ, հետզհետէ նուազեցաւ ձեռագիրներու ընդօրինակութեան թանկագին, բայց դժուարին աշխատանքը: Հայկական վանքերու մէջ, վանականներու եւ աշխարհական ծաղկողներու կողմէ ընդօրինակուած եւ մանրանկարուած հազարաւոր ձեռագիր մատեանները, անցեալ քաղաքակրթութեան մասին կը պատմեն, ու ներկայ աշխարհի մասնագէտ ուսումնասիրողին թէ սովորական դիտողին հիացում կը պատճառեն։ Դեռ թուղթի գիւտէն առաջ, իբրեւ էջ գործածուելիք մագաղաթները, մասնաւոր անձերու կողմէ կը պատրաստուէին հորթի կաշիէն, ապագայ մատեանին մէջ բարակ ու ճկուն էջեր ունենալու հեռանկարով։
Հայ գրականութենէն կարելի է քաղել այնպիսի հատուածներ, յատկապէս գեղջկական կամ գաւառական կեանքը ներկայացնող վէպերէն, ուր յատուկ կերպարներով կը ներկայացուին գիւղի քահանան, տիրացուն, դպրոցի վարժապետը կամ եկեղեցւոյ ժամկոչը, որոնք կը զատորոշուէին սովորական գիւղացիներէն իրենց գրաճանաչութեամբ։
1868ին առաջին անգամ ըլլալով, Միլուոքիի մէջ(Միացեալ Նահանգներ)յղացուեցաւ գրամեքենայի գաղափարը, որ 1874-78 իրականացուելով՝ մեծապէս դիւրացուց գրասենեկային աշխատանքները, թեթեւցնելով քարտուղարներու հոգեմաշ աշխատանքը: Այսօր աշխարհը լեցուն է անսպառ մեքենագրողներով։
Համակարգիչի միջոցաւ համացանցի օգտագործումը, ամբողջ մարդկութիւնը պարտադրաբար մեքենագրող կամաւոր պաշտօնեայ դարձուց: Տարիքի ու սեռի խտրութիւն չմնաց: Ալեւորն ու պատանին, նոյնիսկ հազիւ իր մայրենի լեզուն թոթովող մանուկը, նախօրօք սորված կ՛ըլլայ արդէն համակարգիչի լեզուն…: Ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ, ո՛չ ոք կրնայ բացատրութիւն տալ: Համակարգիչի ստեղնաշարին վրայ անգիտակից հարուածներով «կը մեքենագրէ» նաեւ մանուկը՝ տակաւին իր լեզուին տառերը չճանչցած…: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ այս աշխարհէն դուրս չի՛ կրնար մնալ: Որովհետեւ աշխա՛րհը ամբողջ մեքենագրութեան բռնուած է, ուստի ի՛նք ալ պէտք է մեքենագրէ։ Այս մեքենագրութիւնը, զոր համացանցի ճամբով կը կատարէ այսօր մարդկութիւնը, անպայման գործի համար չէ՛, ոչ ալ միայն անձի աշխատանքին մաս կը կազմէ: Անիկա հաղորդակցութեան միջոց է, որուն նիւթը անձէ անձ, հարցէ հարց կը տարբերի: Մեքենագրուած այդ հաղորդակցութեանց մէջ կրնան ըլլալ դրական ու ժխտական լուրեր, անձնական եւ երբեմն շատ գաղտնի տեղեկութիւններ, բացատրութիւններ, սէր եւ ատելութիւն, գովասանք ու պարսաւ, գնահատանք եւ քննադատութիւն, մեծարանք ու բամբասանք, մէկ խօսքով՝ ամէն տեսակի նիւթ, որ նախապէս բերանացի կը փոխանցուէր, ներկայիս կը մեքենագրուի: Այս կերպը ոմանք աւելի կը նախընտրեն, թերեւս անոր համար, որ աւելի մտածելու առիթ կու տայ, եւ կամ ամօթխածութեան վարագոյր դառնալով՝ յանդգնութիւն կը ներշնչէ։

Մեքենագրութիւնը աժանցաւ, նաեւ կորսնցնելով յատուկ մեքենագրող անձերու առանձնաշնորհը ըլլալու հանգամանքը: Իսկ պարտադրաբար մեքենագրութիւն սորված ու առանց մասնաւոր ուսուցիչի օժանդակութեան զայն կիրարկող նոր մեքենագրողներուն արծարծած նիւթերը, ողողեցին մարդու բարոյական աշխարհի անտակ աւազանը: Անոր ջուրերը մերթ պղտոր, եւ մերթ ջինջ կը դառնան, համաձայն անոր նիւթ մատակարարող «մեքենագրող պաշտօնեայ»ի տրամադրութեան ու դիտումներուն։
Աշխարհի մեքենագրողներուն մաս կը կազմես անպայման: Եթէ ոչ՝ արդէն կը պատկանիս այն սերունդին, որ իր աշխատանքը աւարտած է այս մոլորակին վրայ, ու նոր հեռանկարներ կը հետապնդէ հաւատքով: Առաքինութի՛ւն մեքենագրէ եւ կատարած աշխատանքդ արժէք պիտի ունենայ ապագային, ու բարոյականի բարձր գինով «պիտի վաճառուի» յաւիտենականութեան մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.