2010-04-29 14:04:18

Լուրեր հայկական կեանքէն


Հայ աշակերտներըմրցանակի արժանացած:

Լիբանան - ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ կազմակերպուած էր պաշտօնական հանդիսութիւն, որուն ներկայ էին զբօսաշրջութեան նախարար Ֆետի Ապպուտ, դեսպաններ, Լէյլա Սոլհ, կրթական պատասխանատուներ եւ պաշտօնական հրաւիրեալներ ու ժողովրդային բազմութիւն։

Ձեռնարկի ընթացքին յայտարարուեցան մրցանակները, որոնց շարքին Հայ կաթողիկէ Գ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանէն Անդրանիկ Մանուկեան ստացաւ իր մասնայատուկ թեմային մէջ Լաւագոյն թղթածրարի պատրաստութիւն մրցանակը, իսկ իւրաքանչիւր մասնակից ստացաւ համապատասխան վկայագիր։ Յայտնենք, որ ծրագրին ընթացքին աշակերտները խմբային աշխատանքներու ընդմէջէն ծանօթացան Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան պատմութեան, գործունէութեան ու բաժանմունքներուն։



ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 95-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐ

ԹԵՀՐԱՆ -Մեծ եղեռնի 95-ամեակին առիթով, 16 ապրիլին, նախաձեռնութեամբ Հայ մշակութային Սիփան միութեան մարզական բաժանմունքի լեռնագնացութեան խումբին, տեղի ունեցաւ լեռնագնացութիւն՝ դէպի Փարսուն լերան գագաթը։

Սոյն ծրագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին 103 լեռնագնացներ, ինչպէս նաեւ՝ ազատ ուղեկցողներ։

Գագաթը հասնելէն ետք, մասնակիցները աղօթեցին Եղեռնի նահատակներու հոգիներուն հանգստութեան համար, բացին ապրիլի 24-ի իւրայատուկ պաստառը եւ երգեցին Սարդարապատ յաղթերգը։



ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ - 24 ապրիլին Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպանութեան տարածքին գտնուող խաչքարին մօտ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում։ Ուաշինկթընի Ս.Մարիամ Աստուածածին եւ Ս Խաչ եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ս պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան ելոյթ ունենալով՝ նշեց, որ թրքական ժխտողականութիւնը մոլորութեան մէջ է՝ յոյսը դնելով անցնող ժամանակին վրայ։



ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ - Նախաձեռնութեամբ Պուէնոս Այրէսի խորհրդարանին եւ Արմինիա մշակութային միութեան, 20 ապրիլին մայրաքաղաքի խորհրդարանի Ոսկեզօծ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր երեկոյ՝ նուիրուած Ցեղասպանութեան 95-ամեակին։

Ելոյթ ունեցող անձնաւորութիւնները նշեցին, որ հակառակ թրքական իշխանութիւններու կողմէ հայութեան բնաջնջման փորձերուն՝ հայերը այսօր Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ փաստեցին իրենց ապրելու իրաւունքը։



ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ - 23 ապրիլին Ժընեւ՝ Թրուանէի Ս Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ պատարագ եւ հոգեհանգիստ, մասնակցութեամբ Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուրի, հայկական համայնքի, Ժընեւի եւ Թրուանէի քաղաքային իշխանութեանց ներկայացուցիչներու։ Տեղի ունեցաւ նաեւ ոգեկոչման ձեռնարկ։



ԻՐԼԱՆՏԱ - 24 ապրիլին, ղեկավարութեամբ Իրլանտայի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Օհան Երկայնհարսեանի, Տապլինի մէջ Թուրքիոյ դեսպանութեան դիմաց տեղի ունեցաւ հաւաք՝ ցեղասպանութիւնը դատապարտող պաստառներով եւ Եռագոյն դրօշակներով։ Ցոյցը տեւեց 3 ժամ։



ՂԱԶԱԽՍՏԱՆ ԵՒ ԽԸՐԽԸԶԻՍՏԱՆ - 24 ապրիլին Ղազախստանի հայաշատ քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցան Մեծ եղեռնի նուիրուած ձեռնարկներ։

Ասթանա եւ Քոսթանա քաղաքներուն մէջ մատուցուեցան պատարագներ՝ կազմակերպութեամբ Ղազախստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, Էրեբունի եւ Վան հայկական մշակութային կեդրոններու ղեկավարութեամբ։ Այս քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած փաստագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւն։



ՍԵՆԹ ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿ - 24 ապրիլին Սենթ Փեթերսպուրկի մէջ նշուեցաւ Հայոց մեծ եղեռնի 95-րդ տարելիցը։ Քաղաքի Սուրբ Կատարինէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող խաչքար-յուշակոթողին դիմաց ծաղկեպսակներ զետեղուեցան, որմէ ետք կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Եղեռնի զոհերու յիշատակին։



ՍԼՈՎԱՔԻԱ - Համագործակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Եւրոպական միութիւններու ֆորումին, 23 ապրիլին Պրաթիսլաւայի Դանուբ գետի ափին տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին մօտ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ։



ՀՈՒՆԳԱՐԻԱ - 24 ապրիլին Պուտափեշտի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան պատարագ, որուն ներկայ գտնուեցաւ դեսպանութիւնը։ Յայտնենք, որ հայ համայնքներու նախաձեռնութեամբ Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած ձեռնարկներ տեղի ունեցան նաեւ Հունգարիոյ Վեսփրեմ, Տեոր եւ այլ քաղաքներու մէջ։



ՉԵԽԻԱ - 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկներ տեղի ունեցան Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ։ Յուշ-երեկոյ՝ քաղաքային գրադարանի սրահին մէջ, ուր ելոյթներ ունեցան դեսպան Աշոտ Յովակիմեան եւ ծերակուտական Ե Շթեթինա, որ խօսեցաւ Չեխիոյ Ցեղասպանութեան ճանաչման հնարաւորութիւններու մասին։



ԼՈՆՏՈՆ - 24 ապրիլին Լոնտոնի կեդրոնական փողոցներուն մէջ տեղի ունեցաւ բրիտանահայ համայնքային կազմակերպութիւններու կողմէ կազմակերպուած քայլարշաւ՝ Հայոց ցեղասպանութան միջազգային ճանաչման, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Թագաւորութեան կողմէ Ցեղասպանութեան փաստի մերժողական դրսեւորումները դատապարտող պաստառներով։



Աշակերտական Ձեռարուեստի Ցուցահանդէս

ՀԲԸՄի Փասատինայի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» երկրորդական վարժարանի աշակերտները, Մեծն Եղեռնի 95րդ տարելիցին նուիրուած գաղութի զանազան նախաձեռնութիւններուն շարքին, իրենք եւս «Նոր սերունդ-Նոր հորիզոն» խորագիրով ձեռարուեստի ցուցահանդէս մը կազմակերպած էին վարժարանի սրահին մէջ, Ապրիլ 11-17 ամբողջ շաբթուան տեւողութեան

Ցուցահանդէսը չորս գլխաւոր բաժանմունքներէ բաղկացած էր: Այսպէս, իրերայաջորդ կերպով, սրահին չորս պատերուն. մշակոյթ, ազատագրական պայքար, Եղեռն եւ վերածնունդ խորագիրներու տակ տեղ գրաւած էին ձեռային աշխատանքեր, գործեր, ձեռագործներ, զանազան գրութիւններ, քարտէսներ, պատմական դրօշակներ, հին ու նոր մանրատիպեր եւ հայերէն ու անգլերէն լեզուներով հրամցուած ուսումնասիրութիւններ եւ ծանօթութիւններ, որոնք բոլորն ալ կը դրսեւորէին ցուցահանդէսի ընդհանուր միտքն ու գաղափարը:

Լիբանանցի մանուկներու ազգային խորհուրդի պատուիրակութեան: այցելութիւնը ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոն։
Լիբանանցի մանուկներու ազգային խորհուրդի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ լիբանանցի կին գրող դոկտ Նուր Սալմանի, այցելութիւն տուաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ եւ ԼՕԽ-ի Արաքսի Պուլղուրճեան ընկերաբժշկական կեդրոն։ Հանդիպման ներկայ էր Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս Խաչերեան։

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Գլպաշեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ներկայացուց Շրջանային վարչութեան գործունէութիւնը եւ աշխատանքը, գործունէութեան նպատակը, իրագործած աշխատանքները, ԼՕԽ-ի յանձնախումբերուն կարեւորութիւնը եւ անոնց տարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերուն կատարած հսկայ գործը։

Դոկտ Նուր Սալման խօսք առնելով գնահատեց ԼՕԽ-ի հսկայ աշխատանքը եւ կատարած իրագործումները։ Ան բարձր գնահատեց նաեւ հայութեան ի մասնաւորի լիբանանահայութեան կեանքի զանազան մարզերուն մէջ։ Սալման նաեւ անդրադարձաւ հայութեան կամքի եւ յարատեւութեան ուժին, Ցեղասպանութենէն ետք աշխատելու եւ յարատեւելու, շինելու, հաստատուելու եւ սորվելու ու սորվեցնելու ճիգին։

Պաշտօնական խօսքերու աւարտին դոկտ Սալմանին յանձնուեցաւ ԼՕԽ-ի 80-ամեակի յուշանուէրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.