2010-04-29 13:34:08

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 
Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՉԻՆԱՍՏԱՆ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՝՝ՇԱՆՀԱՅ-ԷՔՍՊՕ 2010 ՝՝ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՄԱՆ։
Այսօր Ապրիլ 29-ը Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան Նախագահ Հու Ճինթաոյի հրաւերով, Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան կը մեկնի Չինաստան` մասնակցելու «Շանհայ-Էքսպօ-2010» համաշխարհային ցուցահանդէսի բացման արարողութեանը: Հայկական պատուիրակութունը Երեւան կը վերադառնայ Մայիս 3-ին։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ՝ ԻԿՈՐ ՓՈՓՈՎԸ։
Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս նոր նշանակուած համանախաահ Իկոր Փոփովը։ Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորած է Փոփովը, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով եւ յոյս յայտնած է, որ ան իր կարեւոր ներդրումը ունենայ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հարցին մէջ։ Հանրապետութեան նախագահը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին վերջին զարգացումները։
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՍՕՐ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ։
՝՝Սի. Էն. Էն. Թիւրք՝՝ թրքական հեռուստակայանը կը հաղորդէ, որ այսօր տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները։ Ըստ Սի. Էն. Էն. Թիւրքի, նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի նաեւ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան՝ ՄԻԹ-ի ղեկավարը փոխելու հարցը։ ՄԻԹ-ի ներկայ ղեկավար Էմրէ Թաներ ամենայն հաւանականութեամբ պիտի փոխարինուի անոր տեղակալ՝ Հաքան Ֆիտանով։
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՆՉՑՈՂ ԲԱՆԱՁԵՒԸ ՆԵՐԱՌՈՒԵՑԱՒ ՔՆԵՍԵԹԻ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ (ԻՍՐԱՅԷԼ) ։
՝՝Երկիր Մետիան՝՝ կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի խորհրդարանը երէկ քննարկեց եւ ձայներու 18 թեր, 8 դէմ եւ մէկ ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը ընդրկեց իր օրակարգին վրայ։ Բանաձեւի հեղինակն է ձախակողմեան Մերեց կուսակցութեան ղեկավար՝ Հայիմ Օրոն։
ՄԵՏՎԵՏԵՒ 11 ՄԱՅԻՍԻՆ ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ։
Ըստ թրքական մամուլին, Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ հաղորդած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւ պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիա պիտի ժամանէ 11 մայիսին։ Ան նշած է, որ Ռուսիոյ նախագահի այցելութենէն օրեր առաջ ինք պիտի մեկնի Մոսկուա՝ համաձայնութիւն գոյացնելու ուժանիւթի նախագիծերուն վերաբերող հարցերու շուրջ։ Ռուսիան մեր ռազմավարական եւ հին գործընկերն է, եւ մենք մեծ ծրագիրներ ունինք ուժանիւթի նախագիծերու իրականացման առումով։ Ես Մոսկուա պիտի մեկնիմ՝ քննարկելու այդ հարցերը մեր ռուս գործընկերներուն հետ (նշած է թուրք նախարարը) ։ Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու նախապէս յայտարարած էր, որ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ պիտի քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։







All the contents on this site are copyrighted ©.