2010-04-28 14:09:35

Ապրիլեան նահատակաց ոգեկոչում Յաւիտենական քաղաքի մէջ։


Մեծ շուքով նշուեցաւ 1915-ի հայ նահատակներուն յիշատակի 95 րդ տարեդարձը։

Շաբաթ, 24 ապրիլ 2010-ին՝ համայն հայութիւնը` Մայր Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ, զանազան արարողութիւններով եւ ձեռնարկներով նշեց ՜՜ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն՝՝ յիշատակը։

Հռոմահայութիւնը եւս իր յարգանքի տուրքը մատոյց մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակին, որ սկիզբ առաւ Հայածէս ձայնաւոր Ս. պատարագով Հռոմի՝ կեդրոնը գտնուող Սուրբ Նիկողայոսի անուան հայոց եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ՝ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքին։

Ս. Զոհը մատոյց գերյարգելի Յովսէփ Ծ վրդ Քելեքեան, մեծաւորը Լեւոնեան հայ դպրեվանքին։

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն իրենց մանակցութիւնը բերին Լեւոնեան վարժարանի ժառանգաւորաց երգչախումբը երգերով. եւ Հռոմահայ գաղութի երիտասարդ արուեստագիտուհիներ դաշնամուրի, սրինգի եւ ջութակի վրայ հրամցուցին հայկական երաժշտական կտորներ։

Ս. Նիկողայոսի անուան հայոց մեծ եկեղեցին լեցուն էր հայորդիներով ու իտալացի բարեկամներով նաեւ եկեղեցական ու քաղաքական անձնաւորութիւններով։

Ս. Պատարագէն եւ գեղարուեստական յայտագրէն ետք ներկաները թափօրով ուղղուեցան Սան Նիկոլա տա Թոլենտինօ՝՝ հրապարակը, ՜՜Մեծ եղեռնի զոհերուն յիշատակին զետեղուած խաչքարին ու յուշաքարին շուրջ՝՝, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Ամենապատիւ հեգեւոր Տիրոջ հետ հոգեհանգստեան կարգը կատարեցին Գերյ. Հ Յովսէփ Ծ վրդ Քելեկեան Մեծաւորը Լեւոնեան դպրեվանքին եւ գերշ. հայր Գառնիկ Մխիթարեան առաքելական եկեղեցիէն մասնակցութեամբ Լեւոնեան վարժարանի տեսուչ գեր. Հ. Թովմաս վրդ. Կարապետեանի, հիւրաբար Հռոմ գտնուող՝ Հ. Աւետիք Յովհաննէսեանի, Լեւոնեան վարժարանի ժառանգաւորաց ու Անարատ Յղութեան հայ քոյրերուն ու ներկայ հաւատացեալներուն։

Հոգեհանգստեան կարգէն ետք ալ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման պաշտօնական արարողութիւնը։

Նախ լսելի եղաւ Հայաստանի եւ Իտալիոյ փառերգները որմէ ետք ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդի անդամ պրն. Էմանուէլ Ալիպրանտի, բացատրելով օրուան պատգամը .Հռոմի հայ համայնքի խորհուրդի անդամներէն Տիկ Նուարդ Գրիգորեան եւ երիտասարդներէն Լուսին Աթթարեան եւ Եագոփ Ալիպրանտի կարդացին Ցեղասպանութեան մասին քաղաքական անձնաւորութիւններու վկայութիւնները։

Խօսք առաւ նաեւ Ռուանտայի համայնքի ներկայացուցիչը, որ յուզումով գնահատեց հայութեան տարած աշխատանքները եւ քաջալերեց պայքարի շարունակումը՝ մինչեւ իրաւունքներու հատուցման օրը։ (ինքզինքս մօտ կը զգամ հայերուն (ըսաւ ան) քանի որ Ռուանտայի ժողովուրդը ապրած է եւ կ՝ապրի նոյն ողբերգութիւնը եւ այս օրերուն կը յիշատակէ 1994-ի զոհուած իր նահատակներու յիշատակը։ Հայոց մեծ եղեռնը մարդկութեան չսորվեցուց պայքարիլ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր, շիտակ է որ տակաւին բաւականաչափ չենք գործեր այդ առընչութեամբ)։

Խօսք առին Քաղաքական անձնաւորութիւններ Ֆետերիքօ Ռոքքա եւ Գարլօ Իմփերի որոնք յայտնեցին որ ՜՜ հաստատ պիտի մնան իրենց դիրքերուն վրայ եւ պիտի աջակցին Հայ դատին ու պահանջատիրութեան՝՝։

Ֆետերիքօ Ռոքքա Հռոմի քաղաքապետարանի ընդհանուր ներկայացուցիչը՝ նախ յայտնեց Քաղաքապետ՝ ճաննի Ալէմաննոյի սիրալիր ողջոյնն ու մօտիկութիւնը հայերուն, ան իր խօսքին մէջ յատկապէս ըսաւ մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է իր կարելին ընէ որպէսզի միշտ յարգուին մարդկային արժէքները։ Յիշելով անցեալի ողբերգութիւնները կարելի կ՝ըլլայ կանխարգիլել այլ ցեղասպանութիւններ եւ այլ անարդարութիւններ։ Տիար ֆ Ռոքքա մաղթանք յայտնեց որ թուրքիա ճանչնայ ՜՜Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝՝ եւ ներողութիւն խնդրրէ։ ՜՜Մեծ քաջութիւն կը պահանջէ ճանչնալ անցեալի սխալները (ըսաւ ան) եւ աւելի մեծ քաջութիւն ներողութիւն խնդրելը. միւս կողմէ մեծ առաքինութիւն է ներելը...

Իսկ Տիար Գարլօ Իմփերի, Հռոմի առաջին մարզի նախագահ՝ Օրլանտօ Քորսէթթիի ներկայացուցիչը, խօսք առնելով նախագահ Քօրսէթթիի եւ իր անունով ինք եւս իր մօտիկութիւնը յայտնեց հռոմահայերու՝ ու հայ ժողովուրդին եւ մաղթանք յայտնեց որ ՜՜ 95 տարի ետք թուրքիան, որ կը փափաքի անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան՝՝ ընդունի իր անցեալի (19-րդ դարուն) սխալները, (իր պապերու սխալները) եւ հեռանայ մերժողական քաղաքականութենէն, եւ խաղաղ ու բարի յարաբերութիւն մշակէ իր դրացի երկիր Հայաստանի հետ ։ Յիշելով հայերու առաքինութիւնները Տիար Գարլօ Իմփէրի ըսաւ նաեւ թէ ՜՜Թուրքիան հեռացնելով հայերը իր երկրէն կորսնցուց իր լաւագոյն տարրերը։

Հռոմահայ համայնքի խորհուրդի փոխ նախագահ Տիար Ռոպէր Աթթարեան, իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն իրենց մասնակցութեան համար այս ոգեկոչման օրուան եւ ըսաւ ՜՜Առանց յիշատակի աշխարհ մը գոյութիւն չի կրնար ունենալ։ Այսօր, ըսաւ ան , չենք հաւաքուած լալու ու ողբալու՝ 1915-ին զոհուած մեր ննջեցեալներուն համար. այսօր ՜՜հոս կը գտնուինք յարգանքի տուրք մատուցելու մեր նահատակներուն յիշատակին, որպէսզի անոնց զոհաբերումը ի զուր չըլլայ եւ անոնք գտնենք արդար իրաւունքը ճանաչումի ... եւ մանաւանդ՝ որպէսզի նման ողբերգութիւններ այլեւս չկրկնուին։

Հոս հաւաքուած ենք ոչ թէ ատելութիւն ու ոխ արտայայտելու այլ պահանջելու ճանաչումի մեր արդար իրաւունքը, կը մաղթենք որ արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը հաստատուի աշխարհի վրայ ։ Այս յիշատակի օրը խոնարհինք մեր նահատակներու յիշատակին ըսան ան եզրափակելով ՜՜Յարգանք Ապրիլեան Նահատակներուն՝՝ ։

Օրուան պատգամը փոխանցեց Ամենապատիւ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը։ Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ պէտք չէ մոռնանք յարգել մեր նահատակները, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին հայ եւ քրիստոնեայ մնալու համար։ Ան շարունակեց ըսելով, ՜՜կարելի չէ Հայոց ցեղասպանութիւնը նմանցնել ուրիշ դէպքերու եւ պէտք է զայն ամենայն կարեւորութեամբ նշել՝՝։

Մեծ Եղեռնի նուիրուած յուշաքարին առջեւ առջեւ Ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք (հոս յիշենք որ սոյն յուշաքարը մայրաքաղաքի քաղաքապետարանի շնորհիւ զետեղուած է այնտեղ 2006 ին ցոյց կու տայ թէ քաղաքապետարանը որքան մօտ է Հայոց որոնք ներկայ են Յաւիտենական քաղաքը միջին դարէն ի վեր)...

ներկաները վարդեր դրին,Խաչքարին առջեւ յարգանքի իրենց տուրքը եւ աղօթքը մատուցելով Մեծ եղեռնի նահատակներուն, որոնց զոհաբերումը ի զուր չէր. քանի որ հայը տակաւին կ՝ապրի, Հայութիւնը պիտի բազմանայ ու Մայր Հայրենիք Հայաստանը յաւերժ պիտի մնայ ու բարգաւաճի...

Այս առթիւ առաջին ծաղիկը զետեղելու հրաւիրուեցաւ տիկին Վերա Միշլէան Սալոմո՝ նախագահը ՜՜Նախկին աքսորեալներու ընկերակցութեան՝՝։



Նշենք թէ

24 ապրիլի կէսօրին, լեւոնեան քահանայապետական վարժարանի մուտքին զետեղուած խաչքարին շուրջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Հ Հ ոստիկանապետ Ալիք Սարգսեանի եւ անոր ընկերակցող շքախումբին, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Կարապետեանի ներկայութեամբ։ Հոգեհանգստեան պաշտօնին նախագահեց Հայ առաքելական համայնքի հոգեւոր հովիւ Գառնիկ վրդ Մխիթարեան ներկայ էր նաեւ Լեւոնեան վարժարանի մեծաւոր հայր Յովսէփ Ծ վրդ Քելիքեան։

Հայր Գառնիկ խօսք առնելով նշեց, որ ցեղասպանութիւնը մոռացութեան պէտք չէ մատնել։ Սփիւռք եւ Հայաստան միասնաբար պիտի շարունակեն պայքարիլ Հայ դատի օգտին։ Մեծ եղեռնը (եզրափակեց հայր Գառնիկ) մեզի Յարութեան դասեր կու տայ, եւ փաստօրէն մենք այսօր կանք եւ կը խոնարհինք Ցեղասպանութեան զոհերուն անմառ յիշատակին առջեւ։

Արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում եւ ձեռնարկը վերջ գտաւ պահպանիչով։








All the contents on this site are copyrighted ©.