2010-04-27 14:13:20

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ԵՂԵՌՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ


ԱԹԷՆՔ - Հանդիսաւոր հոգեհանգիստ Նէա Զմիռնիի հայկական յուշակոթողին առջեւ
Հայ յարանուանութեանց կրօնական պետերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւնը Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակին
Աթէնքի նահանգապետարանի նախաձեռնութեամբ եւ հայ յարանուանութեանց կրօնական պետերու հովանաւորութեամբ, Շաբաթ 24 Ապրիլին, առաւօտեան ժամը 12ին, Նէա Զմիռնիի հայկական յուշակոթողին առջեւ հանդիսաւոր հոգեհանգիստի արարողութեամբ ոգեկոչուեցաւ Հայոց Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակը

ԼԻԲԱՆԱՆ - ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Հայոց ցեղասպանութեան 95-ամեակին առիթով շաբաթ, 24 ապրիլին, Ժեհթաուիի Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի շրջափակին մէջ մատուցուեցաւ Ս պատարագ։ Պատարագի աւարտին ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Զմմառու միաբաններէն հայր Նարեկ վրդ Լուիսեան։ Ան նկատել տուաւ, որ 1915-1916-ին՝ Մեծ եղեռնի ընթացքին, թրքական կառավարութիւնը հայ ժողովուրդը բռնի տեղահան դարձուց իր բնօրրանէն դէպի Միջագետք եւ Սուրիա։ Ճամբուն վրայ գաղթականներուն մեծ մասը կոտորուեցաւ թուրքերուն ձեռամբ, իսկ անոնք, որոնք բնակութիւն հաստատեցին Սուրիոյ, Լիբանանի, Եգիպտոսի, եւրոպական երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, դարձան պահանջատէրը Հայ դատին։
Ան շեշտեց, որ ժամը հասած է Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն համար համազգային մակարդակով սրբադասման աշխատանքներ տանելու, որովհետեւ սուրբը այն անձն է, որ իր կեանքը կը զոհէ յանուն հաւատքի։
Ես կը կարծեմ, որ եկած է պահը, որ պատմաբաններ, իրաւագէտներ, տնտեսագէտներ եւ քաղաքագէտներ համախմբուելով եւ հարցը քննարկելով իւրաքանչիւրը իր մասնագիտութեան ծիրին մէջ հաշուարկներ կատարէ եւ ճշդէ հատուցումի գինը, շեշտեց ան՝ աւելցնելով, որ Թուրքիա ուշ կամ կանուխ պիտի ճանչնայ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ հատուցում կատարէ ուստի գիտական եւ պետական մակարդակով մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք ներկայացնելու մեր բոլոր իրաւունքներուն հաշիւները։ Եզրափակելով իր խօսքը՝ հայր Նարեկ ըսաւ, որ ապրիլ 24-ի խորհուրդը խտացուած է երեք բառերու մէջ՝ յիշել, յիշեցնել եւ մասնակցիլ։

Մոնթէվիտէոյի մէջ Ուրուկուայի նախագահ Խոսէ Մուխիքա ներկայ եղաւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումին
Շաբաթ, 24 Ապրիլին, Ուրուկուայի նախագահ՝ Խոսէ Մուխիքա, եւ Կրթութեան ու
Մշակոյթի նախարար՝ Ռիքարտօ Էհրլիչ, ինչպէս նաեւ այլ քաղաքական եւ դիւանաիտական անձնաւորութիւններ, ու հոծ բազմութիւն մը, ներկայ գտնուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 95ամեակի յիշատակումին, որ տեղի ունեցաւ երկրի մայրաքաղաք՝ Մոնթէվիտէոյի Արմենիա Հրապարակին մէջ։
Նախագահը բացումը կատարեց 1915-23ին Թուրքիոյ կողմէ զոհ գացած աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայ նահատակները յիշատակող յուշարձանին՝ Հայաստանէն բերուած խաչքար։ Հարկ է նշել թէ նոյն օրը, կէսօրին, հայ համայնքը ծաղկեպսակ մը զետեղած էր Անկախութեան Հրապարակը գտնուող ազատարար Խոսէ Խերվասիօ Փոսատասի յուշարձանին առջեւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.