2010-04-27 14:02:17

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
«ՆԱԽԱԳԱՀ ՕՊԱՄԱ ՍԽԱԼ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԵՑ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՔԵՆ ԽԱՉԻԿԵԱՆ ։
ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի 24 ապրիլի ելոյթը ամօթալի անձնատուութիւն նկատելով ընդծեց, որ Օպամա անգամ մը եւս ենթարկուելով Թուրքիոյ սպառնալիքներուն, դարձեալ չճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ նախընտրելով խուսափողական արտայայտութիւններ օգտագործել մարդկութեան դէմ իրագործուած այդ ոճիրը բնութագրելու ընթացքին։ Միացեալ Նահանգներու եւ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը իր հիասթափութիւնը կը յայտնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտելու եւ զոհերու յիշատակը յարգելու՝ նախագահ Օպամայի անկարողութեան առնչութեամբ, նշեց Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետը։ Ըստ անոր, Օպամա դժուար ընտրութեան առջեւ կանգնած էր։
Ան կա՛մ խղճով պիտի առաջնորդուէր եւ կատարէր նախընտրական արշաւի ընթացքին հայ ընտրողներուն տուած իր խոստումը, կա՛մ պիտի աջակցէր Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան։ Դժբախտաբար, Օպամա սխալ ընտրութիւն կատարեց՝ կարելիութիւն ընձեռելով Թուրքիոյ խստացնելու իր ճնշումը Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան վրայ Ցեղասպանութեան հարցին մէջ(ըսաւ Քեն Խաչիկեան)։
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐ։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ֆիլիփ Կորտըն՝ անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման հոլովոյթը կասեցնելու գծով նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութեան, յայտնած է, որ նախագահ Սարգսեանի յայտարարութիւնը կը յստակացնէ, որ Հայաստան չէ դադրեցուցած հոլովոյթը, այլ առկախած է զայն, մինչեւ որ թրքական կողմը պատրաստ ըլլայ յառաջ շարժելու։ Մենք բարձր կը գնահատենք նախագահ Սարգսեանի որոշումը՝ շարունակելու ջանքերը յանուն խաղաղութեան հեռանկարի, յանուն կայունութեան եւ հաշտութեան։ Մենք կը շարունակենք յորդորել երկու կողմերն ալ դռները բաց պահելու հաշտեցման ու յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն դիմաց։ Իսկ ըստ ՝՝Հապեր-Թիւրք՝՝ գործակալութեան Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճէյմս Ճեֆրի՝ անդրադառնալով Հայաստանի իշխող քաղաքական մեծամասնութիւն կազմած կուսակցութիւններու եւ Հայաստանի նախագահի յայտարարութիւններուն, յայտնած է, որ ինք յոյսով է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սկսած յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը պիտի շարունակուի։
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ` ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ։
News.am լրատու գործակալութենէն կը տեղեկանանք որ 24 ապրիլին Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասին մէջ գտնուող ճարտարապետներու մշակոյթի սրահին մէջ ցուցադրուած է Լորընս Ճորտընի՝ 2004 թուականին նկարահանած ՝՝Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւն՝՝ վաւերագրական ժապաւէնը։ Այս ժապաւէնը նկարահանուած է օսմանեան արխիւներու այն փաստաթուղթերու հիման վրայ, որոնց մէջ ներկայացուած են Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչներուն՝ Էնվեր, Թալաթ եւ Ճեմալ փաշաներու նպատակներն ու որոշումները։ Ժապաւէնին մէջ ընդրկուած են այն տարիներուն Հալէպի մէջ Գերմանիոյ հիւպատոս Վալթեր Ռոսլերի, Խարբերդի մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոս Լեսլի Տէյվիսի, Պոլսոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպան Քոնրատ Ֆոն Վակենհայմի, Պոլսոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի եւ այլ դիւանագէտներու, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութիւնները։ Միւս կողմէ Ապրիլ 24ին, Թուրքիոյ Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ՝՝Ազատութիւն եւ Համերաշխութիւն՝՝ կուսակցութիւնը միացեալ յայտարարութեամբ մը դատապարտեցին «1915ի հայկական ջարդերը», եւ այդ առիթով ցաւակցութիւն յայտնեցին Հայ ժողովուրդին: Անոնք նաեւ կոչ ըրին բանալու Հայաստան-Թուրքիա սահմանը եւ փափաք յայտնեցին, որ բացուած առաջին սահմանային անցքը կոչուի Հրանդ Տինքի անունով: Այս տարի, Ապրիլ 24ը արդարեւ առաջին անգամ ըլլալով նշուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ մէջ Շաբաթ, Ապրիլ 24ին, Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած առաջին հանրահաւաքը կայացաւ կէսօրուան ժամերուն, նախ Կալաթասարայի հանրածանօթ «Լիսէ»ին առջեւ, եւ ապա Պոլսոյ Հայտարփաշա Շոգեկառքի կայարանին առջեւ, ուրկէ դէպի մահ ղրկուած էր հայ մտաւորականութիւնը։ Հոն փաստաբանուհի Էրեն Քեսքին պատմեց, թէ ինչպէ՛ս 24 Ապրիլ 1915ին հայ մտաւորականները Հայտարփաշա բերուեցան՝ հոնկէ ղրկուելու համար դէպի մահ,ապա այլ երկրորդ հանրահաւաքը կատարուեցաւ Պոլսոյ կեդրոնական Թաքսիմ հրապարակին վրայ, երեկոյեան ժամը 7ին։ Սեւեր հագած ցուցարարներ նստան հսկայ վերտառութեան մը շուրջ, որուն վրայ թրքերէն, հայերէն ու անգլերէն լեզուներով գրուած էր՝ «Այս ցաւը մեր բոլորին ցաւն է, այս սուգը մեր բոլորին սուգն է»։ Արուեստագէտուհի Զէյնեպ Թանպայ կարդաց խմբակին յայտարարութիւնը, ուր կ՛ըսուէր, թէ այս ցաւը մեր բոլորին ցաւն է, 1915ին, երբ Թուրքիոյ բնակչութիւնը 13 միլիոն էր, այս հողերուն վրայ 1.5-2 միլիոն հայեր կ՛ապրէին, սակայն զանոնք կորսնցուցինք։ Գերեզման անգամ չունեցան։ Ասիկա մեր խղճմտանքին վրայ ծանրութիւն մըն է»։
Այս ցոյցին ընթացքին եւս մօտաւորապէս 25 հոգիէ բաղկացած խումբ մը եկաւ ու ջանաց չէզոքացնել հանրահաւաքը, բայց ապահովութեան ուժերը չարտօնեցին, որ անոնք մօտենան։
Հաւաք մը տեղի ունեցած է նաեւ Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ:
Նաեւ, Պէյօղլուի «Չեզայիր» կեդրոնին մէջ, երեկոյեան ժամը 5ին, «Արմինիըն Ուիքլի»ի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան ներկայացուցած է Հայկական Ցեղասպանութեան մասին դասախօսութիւն մը, որուն ներկայ էին պոլսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ, թուրք մտաւորականներ եւ լրագրողներ:Իսկ Անգարայի մէջ, Ապրիլ 24-25ին տեղի ունեցաւ նաեւ հայ, թուրք եւ օտար մտաւորականներու մասնակցութեամբ գիտաժողով մը, որուն ընթացքին քննուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ վնասուց հատուցման հարցեր:







All the contents on this site are copyrighted ©.