2010-04-26 14:45:53

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը

Երկուշաբթի 26 Ապրիլ 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Կապոնի, Սիերա Լեոնէի եւ Լիբերիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ, եկած կատարելու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Քահանայապետական անուանում եւ վատիկանեան տեղեկութիւններ
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը բազմաթիւ նշանակումներ կատարեց հայող Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու եպիսկոպոսական սիւնոդոսին, որ տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 10-24։
Նորին Սրբութիւնը նշանակեց վերոյիշեալ սիւնոդոսի պատուոյ նախագահներ` կարտինալ Նասրալլա Սֆէյր` Պատրիարք մարունիներու եւ կարտինալ Էմմանուէլ Գ. Տելլի պատրիարք քաղտիացիներու։ Եպիսկոպոսական սիւնոդոսի նախագահներ նշանակեց ` կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին կառավարիչը Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին, եւ Ասորիներու պատրիարք Ինքնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան։ Իսկ սիւնոդոսի ընդհանուր տեղեկատու՝ Ղպտիներու պատրիարքը Անթոնիոս Նակիպ։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը Կիպրոսի մարոնիներու առաջնորդը գերապայծառ Ժոզէֆ Սուէյֆ նշանակեց ընդհանուր քարտուղար Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու եպիսկոպոսական սիւնոդոսին։
Եւրոպայի կաթողիկէ եկեղեցիներու խորհուրդի 8-րդ ժողովը Սպանիոյ մէջ ՜՜գաղթականութեան՝՝ նիւթին մասին։

Ապրիլ 27-մայիս մէկ, Սպանիայ Մալակա քաղաքին մէջ տեղի կ՝ունենայ Եւրոպայի կաթողիկէ եկեղեցիներու խորհուրդի 8-րդ ժողովը ՜՜գաղթականութեան՝՝ մասին. ‘'նուաճել վախերը, ընդգծել հեռանկարները''բնաբանով։

Ժողովին կը մասնակցին Եւրոպայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու գաղթականութեան պատասխանատու եպիսկոպոսները եւ պետական ու քաղաքացիական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ։ Հաւաքին նպատակն է ուսումնասիրել եւ վերլուծել Եւրոպայի գաղթականութեան հոսքին բազմատեսակ դրդապատճառները եւ անոնց հետեւանքը Եկեղեցւոյ համար։ Կաթողիկէ Եկեղեցին պատասխանատուութիւնը կը զգայ ուսումնասիրելու այս երեւոյթը, որ ինքնին նոր չէ, սակայն ներկայիս նոր եղանակներով կը ներկայանայ եւ արագընթաց կը յառաջանայ։



''Գոմբոսդել ու Եւրոպան'' ցուցահանդէսը Վատիկանի մէջ։

Յունիս 3էն Օգոստոս մէկ Վատիկանի մէջ տեղի պիտի ունենայ ''Գոմբոսդել ու Եւրոպան'' ցուցահանդէսը նուիրուած Գոմբոսդել թեմի արքեպիսկոպոս Դիեկօ Ճելմիրեզի (1059-1139), որ նախաձեռնողը եղաւ Յակոբեան յոբելեան տարւոյն կազմակերպութեան ու յաջողութեան։

Ցուցահանդէսը կը կազմակերպէ Սպանիայի Կալիս մարզը, 2010 Յակոբեան յոբելեան տարւոյն առթիւ։

յայտնենք թէ Յակոբեան յոբելինական տարին կը վերակոչէ Յակոբ առաքեալի գերեզմանին յայտնաբերումը 9-րդ դարուն եւ մասունքներու զետեղումը Կալիս մարզին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.