2010-04-26 14:23:31

Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։


Լուրեր Քրիստոնեայ Աշխարհէն։
Տիեզերական Եկեղեցւոյ Երկու Նոր Երանելիները։
Տիեզերական եկեղեցին երկու նոր երանելիներ ունի,անոնք՝Կարմեղեան Քահանայ Անճէլօ Բաօլի որ խորաններու պատւոյն արժանացաւ Հռոմի Լատերանեան Սուրբ Յովհաննու Մայր Եկեղեցիին մէջ, եւ Վեղարաւոր Քահանայ Խոսէ Թուս Ի Սոլէր որ նոյնպէս Երանելի հռչակուեցաւ Պարսելոնայի Սանթա Մարիա տէլ Մար Տաճարին մէջ։ Սպանիոյ աւանին մէջ կայացած երանացման արարողութիւնը գլխաւորեց Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէ,որ արարողութեան ներկայ հաւատացեալներուն փոխանցեց Սրբազան Քահանայապետին օրհնութիւնը. Այս առթիւ արտասանած իր հոգեշահ քարոզին մէջ Կարտինալ Պերթոնէ ՝՝յիշեց երանելի Խոսէ Թուս ի Սոլերի մեծ հաւատարմութիւնը՝ Աստուծոյ, որ յատկանշեց անոր դժուարութիւններով եւ փորձառութիւններով լի կեանքը՝՝,եւ թէ անոր կեանքը օրինակ մըն է(շարունակեց ծիրանաւորը) որ կը հրաւիրէ մեզ բոլորս ապրելու հաւատարմութիւնը՝Քրիստոսի մեր Բարի Հովիւի հանդէպ, սա իսկ պահուն, յորում չեն պակսիր դժուարութւններ եւ յորում կրօնական անտարբերութիւնը եւ յարաբերապաշտութիւնը կը հեռացնեն շատերը քրիստոնէական հարուստ ինքնութենէն փոխանցուցած մեզի՝սերունդէ սերունդ։ Իսկ Հռոմի մէջ Կարմեղեան Քահանայ Անճէլօ Բաօլիի Երանացման Սուրբ Պատարագը մատոյց տեղապահ կարտինալ Ակոսթինօ Վալլինի,մինչ Արքեպիսկոպոս Անճէլօ Ամաթօ Սուրբերու Դատի Ժողովի Կառավարիչը արտասանեց Երանացման Աղօթքը։
Թայլանտիա։ Եկեղեցւոյ Կոչը՝ Երկխօսութեան։
՝՝Եկեղեցին կողմ չի բռներ ընկերային այն սոսկալի ընդհարումին մէջ որ օրերէ ի վեր կը հարուածէ Թայլանտիան,բայց կը շարունակէ աղօթել խաղաղութեան համար՝՝ ։ Այսպէս արտայայտուած է Պանքոկի Վերափոխման Աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետը խօսելով ՝՝ֆիտէս՝՝ լրատու գործակալութեան, ի տես բախումներու վերջին օրուայ հաշուէկշռին՝որ է 3 մեռեալներ եւ 75 վիրաւորներ։ ՝՝Մեծ մտահոգութեամբ է որ կ՝ապրինք այս կացութիւնը, բայց մեր յոյսը այն է որ կարելի է գտնել խաղաղութեան համաձայնութիւն մը., կողմերու միջեւ երխօսութիւնը ընթանալիք միակ ճամբան է,եւ զայն պէտք չէ թողուլ,զէնքերու դիմելով ,այլհարկ է վիճարկումին կեդրոնը դնել՝Երկրի Հասարակաց Բարիքը՝՝. Այս ուղղութեամբ նաեւ Եկեղեցւոյ փափաքն է մասնակից չդառնալ(աւելցուցած է ժողովրդապետը) քաղաքական բախումներուն եւ վերագտնել հանդարտ մթնոլորտ մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.