2010-04-26 14:47:15

Լուրեր հայկական կեանքէն


Արամ արք. Աթէշեանի այցելութիւնը Վան, շփումներ ունենալու համար ՜՜Աղթամարի Ս. Խաչ՝՝ եկեղեցւոյ ի խնդիր։

ՊՈԼԻՍ - Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ արք. Աթէշեան վերջերս Վան այցելած է՝ շփումներ ունենալու համար Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տարին մէկ անգամ կայանալիք արարողութեան մասին։ Ան ընդունուած է կուսակալ Միւնիր Գարալօղլուի կողմէ։ Հոն էին նաեւ մամլոյ ներկայացուցիչներ, որոնք հետաքրքրութեամբ կը հետեւէին այս այցելութեան։

Արամ սրբազանը Աղթամարի եկեղեցւոյ մասին խօսելէ ետք, գնահատանքի խօսք յայտնած է մշակոյթի նախարարութեան ու Վանի կուսակալութեան, ապա սրբազան հայրն ու կուսակալը դռնբակ երկար խորհրդակցութիւն ունեցած են Ս. Խաչի տօնակատարութեան ուխտագնացութեան կապակցութեամբ։

Սրբազան հայրն ու ընկերակիցները նաեւ գացած են Աղթամար կղզի. քննութեանց ընթացքին նշուած է, որ եկեղեցին շատ փոքր է այսպիսի ուխտագնացութեան մը համար. անիկա հազիւ 50 հոգի կրնայ ընդունիլ. ուստի որոշուած է արարողութիւնը ցուցադրել տեսաերիզի դրութեամբ։

Աղթամարէն ետք, սրբազան հայրը ուղղուած է Վարագայ պատմական վանքը ու քննարկումներ ըրած է նաեւ հոն։ Այս կէտը կարեւոր էր, որովհետեւ ծրագիր կայ նաեւ Վարագայ վանքը նորոգութեան ենթարկելու ուղղութեամբ։

Արամ սրբազան աւելցուցած է, թէ հայ համայնքը կը պահանջէ, որ եկեղեցին դարձեալ կոչուի «Ս. Խաչ» անունով, նաեւ տեղադրուի Մեսրոպ պատրիարքին կողմէ նուիրուած գմբէթին խաչը։ «Ասիկա մեր ամէնէն բնական իրաւունքն է, մեր պատրիարքին ղրկած խաչը թանգարանին մէջ կը սպասէ. կարծես, թէ եկեղեցին անուն չունի, շարունակ կը գործածուի «Ագտամար քիլիսէսի» բացատրութիւնը։ Մենք կ՛ուզենք որ թէ՛ եկեղեցին իր բուն անունով մկրտուի եւ թէ ունենայ իր խաչը», ըսած է Արամ սրբազան։



Գրիգոր Կոճոլոզեանի Անունով Կրթական Նոր Հիմնադրամ

Միացեալ Նահանգներ- Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը փրոֆ. Ռ. Յովհաննէսեանի որ առաջնորդին հաղորդեց, թէ Քաունթիի ազգայիններէն Գրիգոր Կոճոլոզեան, որ Փետրուար 17, 2010ին կնքեց իր մահկանացուն, իր կտակին մէջ բաժին յատկացուցած է Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ կից՝ Ազգային Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանին, ինչպէս նաեւ Ֆրեզնոյի Համագաղութային վարժարանին։

Հանգուցեալին կտակին համաձայն, առաջնորդարանին մօտ պիտի հաստատուի «Գրիգոր Կոճոլոզեան կրթական հիմնադրամ»ը, որուն մայր գումարն է 75,000 տոլար. հիմնադրամին հասոյթը պիտի տրամադրուի Ա. Կիրակոս Մինասեան վարժարանի կարիքաւոր սաներուն։ Ըստ կտակին նաեւ, Ֆրեզնոյի վարժարանին նուէր կը տրուի 20,000 տոլար։

Առաջնորդ սրբազանը, թեմի ժողովականութեան ու կրթական համակարգի պատասխանատուներուն անունով ու անձնապէս, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց յարգելի հիւրին, միաժամանակ օրհնելով յիշատակը հանգուցեալ բարերարին։

Նշենք, որ Հանգուցեալին յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարուի Կիրակի, Ապրիլ 25ին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ մէջ։

Արդար է, որ մեր ժողովուրդը ծանօթանայ հանգուցեալ բարերարին ու անոր վաստակին։

Հանգուցեալ բարերարը՝ Գրիգոր Կոճոլոզեան ծնած էր Ռուսիոյ Պրիանսք քաղաքը, 10 Փետրուար 1920ին։ Ան հասակ առած է Ուքրանիոյ Խարքով քաղաքին մէջ։ Անոր հայրը՝ Գէորգ Կոճոլոզեանը, կու գար Կարնոյ դաշտի (Էրզրումի շրջան) Ծիթող գիւղէն, իսկ մայրը՝ Եփրաքսի Ովեսեան, կարսեցի էր։ Խարքովի մէջ, Գրիգորի հայրը փռապան էր, իսկ ինք կը յաճախէր հայկական դպրոց, մինչեւ անոր փակումը՝ ստալինեան բռնադատութեան տարիներուն։ Ան իր բարձրագոյն ուսումը կը ստանայ ռուսական թեքնիք վարժարանի մը մէջ, վկայուելով իբրեւ մեքենագէտ՝ նախագիծերու պատրաստութեան մարզին մէջ։ Ան ջերմ ընթերցող մըն էր ռուսական ու հայկական պատմական գիրքերու։








All the contents on this site are copyrighted ©.