2010-04-25 13:41:49

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ողջ Լեր թագուհի մարեմեան աղօթքը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ողջ Լեր թագուհի մարեմեան աղօթքը։



կիրակի ապրիլ 25, չորրորդ կիրակի Յիսնակաց, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Ողջ Լեր թագուհի մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,



Այս կիրակի Եկեղեցին կ'աղօթէ եկեղեցական կոչումներուն համար։ Այս տարի եկեղեցական կոչումներու օրը յատուկ նշանակութիւն ունի, քանի կը գտնուինք քահանայական տարւոյն մէջ։ Ամէնքս սրտանց աղօթենք որպէսզի նոր սերունդը համապատասխանէ Տիրոջ կանչին եւ ընդունի կազմել իր կեանքը Քրիստոսի մէջ, ամբողջովին նուիրուելով Աւետարանի դատին ու եղբայրներուն օգնութեան, Աստուծոյ փառքին ու եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։

Սիրեցեալ ուխտաւորներ աղօթեցէք ձեր քահանաներուն ու ժառանգաւորներուն համար։ Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի եւ սուրբ Ժան մարի Վիաննէի օրինակը առաջնորդը ըլլան ձեր կեանքին։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով. Բոլորիդ կը մաղթեմ բարի կիրակի։

Մարեմեան աղօթքին աւարտին, Սրբազան հայրը ներկաներուն ըսաւ թէ այսօր եկեղեցին կը հրճուի որովհետեւ ունեցաւ երկու նոր երանելիներ` յանձին կարմղեան հայր Անճելօ Բաոլոյի, որ ապրեցաւ 17-18րդ դարերու միջեւ։ Եղաւ ճշմարիտ եղբայրօգնութեան առաքեալ եւ հայրը ինչազուրկերու։ եւ ֆրանչիսքեան հայր Խոզէ ի Սոլեր եղաւ հիմնադիրը ֆրանչիսքեան իգական կարգի միաբանութեան։

Այս հանդիպումին աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր առաքելական օրհնութիւնը տուաւ բոլորին








All the contents on this site are copyrighted ©.