2010-04-25 13:42:38

Հայ Ազգի Նշանաւոր Դէմքեր։ Խորէն Ա. Մուրադբէկեան (Տփղիսեցի. 1873-1938). Ամենայն Հայոց Նահատակ Հայրապետը.


Հայ Ազգի Նշանաւոր Դէմքեր։ Խորէն Ա. Մուրադբէկեան (Տփղիսեցի. 1873-1938). Ամենայն Հայոց Նահատակ Հայրապետը.

Ապրիլի այս օրերուն, 72 տարի առաջ, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ սրբազնագոյն կեդրոն Ս. Էջմիածնի մէջ, հայ չեկիստներ խեղդամահ կ՝ընէին Ամենայն Հայոց Խորէն Ա. Մուրադբէգեան (Տփղիսեցի) Կաթողիկոսը։ Վերջին քսանամեակին, Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ասդին, պետական արխիւներու ազատ հրապարակման պայմաններուն մէջ, տակաւ կը բացայայտուին մութ ծալքերը այդ անլուր ողբերգութեան։ Պաշտօնապէս քողարկեցին պատմական այն ահաւոր փաստը, որ Ստալինեան տխրահռչակ մաքրագործումներու ծիրէն ներս կատարուած հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր գլխատման ծանրագոյն արարքներէն մէկն էր Խորէն Ա. Տփղիսեցիի վատօրէն սպանութիւնը։ Այսօր արդէն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը արժանին կը մատուցանէ Նահատակ Հայրապետին։ Երկու տարի առաջ, 2008ի Ապրիլ 6ին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ, յարգանքի ՅուշԵրեկոյ նուիրուեցաւ Խորէն Ա. Մուրատբէգեանին։ Ինչպէս Ս. Էջմիածնի Արխիւներուն, նոյնպէս եւ Հ.Հ. Պետական Արխիւի պատասխանատուներուն կողմէ լուսարձակի տակ բերուեցաւ Նահատակ Հայրապետին եղերական վախճանին մանրամասնութիւններն ու ծալքերը։

Այսօր վերջապէս ճշգրտուած է, որ 1938ի Ապրիլի 5էն 6ի լուսնող գիշերը պատահեցաւ սրբապիղծ սպանութիւնը։ Նաեւ արխիւային նիւթերով ամբողջացած է դիմանկարը Խորէն Ա. Մուրադբէգեանի, որ Ազգի եւ Հայրենիքի արժանաւոր Քաջ Հովիւն էր, խիզախաբար ընդդիմացաւ խորհրդային ճնշումներուն եւ, կեանքի գնով, մինչեւ վերջին շունչ մերժեց տեղի տալ խորհրդային կայսերապետութեան ծառայելու պարտադրանքին առջեւ։

Աւազանի անունով Ալեքսանդր Յովհաննէսի Մուրադբէգեան կը կոչուէր հայոց Նահատակ Հայրապետը։ Ծնած էր 8 Դեկտեմբեր 1873ին, Թիֆլիս։ Աւարտած էր տեղւոյն Ներսիսեան վարժարանը եւ բարձրագոյն ուսման հետեւած էր Զուիցերիոյ համալսարաններուն մէջ։ 1897ին, վերադառնալով Թիֆլիս, երգի ուսուցիչ կարգուած էր Ներսիսեան վարժարանին մէջ։ 1901ին ձեռնադրուած էր սարկաւագ, ապա նոյն տարուան Դեկտեմբերին՝ աբեղայ եւ կարգուած էր բարեկարգիչ Նոր Պայազէտի (Գաւառ) հայաստանեայց եկեղեցիներուն։

Ազգային քաջ հովիւի ծառայութիւն մը եղաւ Խորէն Առաջինի հոգեւորական ողջ գործունէութիւնը։ 1902ին վարդապետ ձեռնադրուեցաւ Խրիմեան Հայրիկի կողմէ եւ Յունիս 1903ին, երբ վրայ հասան հայոց եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման ցարական հրամանագրի դժուար օրերը, Խորէն Վարդապետ առաջիններէն եղաւ, որ գլուխը կանգնեցաւ հայոց համաժողովրդական ըմբոստացումին։ Իր այդ գործունէութեան համար ձերբակալուեցաւ ցարական իշխանութեանց կողմէ եւ աքսորուեցաւ Ռուսաստանի Օրեոլ քաղաքը։

1905ին վերադարձաւ աքսորէն եւ վերանորոգ թափով լծուեցաւ հոգեւորական ծառայութեան։ 1907ին, Խրիմեան Հայրիկի կոնդակով, Խորէն Վարդապետ ընդհանուր բարեկարգիչ նշանակուեցաւ Նոր Պայազէտի եւ Ծաղկաձորի շրջանի հայկական եկեղեցիներուն եւ իր ծաւալած ազգայինհոգեւորական անձնուէր գործունէութեան առ ի գնահատանք Եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ1909ի Դեկտեմբերին։

Առաջին Աշխարհամարտին, հայ կամաւորական գունդերու վիրաւոր զինուորներուն եւ արեւմտահայ գաղթականներուն հոգատարութեան փութացող Երեւանի Թեմի Եղբայրական Օգնութեան Յանձնաժողովի նախաձեռնողն ու նախագահը եղաւ։ 1917ին վճռորոշ դեր կատարեց Երեւանի Հայ Ազգային Խորհուրդի ստեղծման եւ գործունէութեան մէջ, մեծ նպաստ բերելով Հայաստանի անկախութեան կերտման հերոսամարտերուն մեր ժողովուրդի ոգեւորման գործին։ Համազգային պատասխանատուութեան ոգիով սնած ու գործած հեղինակութիւն էր արդէն Խորէն Եպիսկոպոս Հայաստանի հանրապետութեան շրջանին։ Իր այդ հանգամանքով ալ առաքուեցաւ Փարիզ, որպէսզի մերձեցում եւ համերաշխ գործակցութիւն առաջացնէր Խաղաղութեան վեհաժողովին հայկական պահանջները ներկայացնող ազգային զոյգ պատուիրակութեանց միջեւ։ 1920ի Դեկտեմբեր 11ին, օրուան Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գէորգ Ե. Սուրէնեանցի կոնդակով, Խորէն Եպիսկոպոս արժանացաւ Արքութեան տիտղոսին, իսկ 1923ի Մարտ 4ին ընտրուեցաւ Ս. Էջմիածնի Հոգեւոր Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տեղապահ։

1932ին երբ օրուան իշխանութեան ղեկավար Աղասի Խանջեանի հետ սերտ գործակցութիւն հաստատած էր ի նպաստ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ պահպանման եւ պաշտպանութեան, Գէորգ Ե. Կաթողիկոսի վախճանումէն ետք Խորէն Առաջին Մուրադբէգեան ընտրուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։ Բայց խորհրդային խորշակը ոչ մէկ սրբութիւն կը ճանչնար եւ Աղասի Խանջանին հետ, առաւտարաւ գլուխը նաեւ հայոց ազգընտիր կաթողիկոսին։ 1938ի այդ տխուր Ապրիլ 6-ի գիշերը, երբ հայանուն մոլեռանդներու ձեռամբ Հայոց Կաթողիկոսը խեղդամահ սպաննուեցաւ նոյնինքն Էջմիածնի մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.