2010-04-24 13:16:50

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Շաբաթ 24 Ապրիլ 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց.

Կարտինալ Ռէ՝ կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին։

Նախապէս Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Պելկիոյ նոր դեսպան՝ Շառլ Կիսլանի հաւատարմագրերը։

Անոր ուղղած ճառին մէջ, Սրբազան հայրը իր սիրալիր ողջոյնը ուղղեց Ալպէրթ Բ. արքային եւ ոգեկոչեց այս տարի Պելկիոյ մէջ տեղի ունեցած երկու ողբերգութիւնները, որոնք (ըսաւ Սրբազան Հայրը) մեզի կը յիշեցնեն մարդկային կեանքի դիւրաբեկութիւնը եւ հարկաւորութիւնը զայն պաշտպանելու։ Միաժամանակ Նորին Սրբութիւնը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց զոհերու ընտանեկան պարագաներուն։ Ապա Սրբազան հայրը դիտել տուաւ թէ Եկեղեցին դարերէ ի վեր ներկայ է Պելկիայի ընկերութեան մէջ եւ ուրախ է ՝ ծառայութեան միջոցաւ, իր սատարը բերելու։ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ Եկեղեցին որպէս հաստատութիւն ազատ է իր գաղափարը յայտնելու ու պաշտպանելու։ Անիկա կը յարգէ անհատին ազատութիւնը եւ կ'ուզէ իր կարգին ազատօրէն արտայայտուիլ ու տարածել իր պատգամը որ կարելի է ամփոփել Աւետարանի այս խօսքով. ''Աստուած սէր է''։

Անիկա իր լոյս կը սփռէ անհատի, ընտանիքի եւ ընկերութեան կեանքի նշանակութեան մասին, առանց սակայն պարտադրելու իր կամքը, այլ յարգելով անհատին խղճի ազատութիւնը։ Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը օրինակը տուաւ սուրբ Տամիանոյին, որ իր բոլոր կենաքը նուիրեց օգնութեան հասնելով հիւանդին եւ մասնաւորապէս բորոտի ախտէն տառապողներուն։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ մօտ օրէն առիթը պիտի ունենայ հանդիպելու Պելկիայի եպիսկոպոսներուն, հինգամայ կանոնական այցելութեան առթիւ։ Իր խօսքը փակելով Սրբազան Հայրը մաղթեց դեսպանին ամէն յաջողութիւն իր այս նոր առաքելութեան համար երաշխաւորելով անոր իր գործակիցներուն սատարը։

Միշտ այսօր Շաբաթ 24 Ապրիլին Նորին Սրբութիւնը ընդունեց ''համակարգիչի վկաներ'' կոչուած խումբը, կազմակերպուած Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն։ Հանդիպումին մասնակցեան շուրջ վեց հազար վկաներ։



Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի գահակալութեան Հինգերորդ տարեդարձը ։

Ան յաջորդեց Յովհաննէս-Պօղոս Բ.-ի, Սուրբ Պետրոսի Աթոռին վրայ եւ կը կառավարէ համայն Կաթողիկէ Եկեղեցին աշխարհի վրայ։ Այս առթիւ կը մատուցանենք Սրբազան Պապին մեր սրտագին մաղթանքներն ու աղօթքները. Ամենակալէն խնդրելով որ հաստատուն եւ անսասան պահպանէ Սրբազան հայրը Աստուծոյ փառքին ու Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։։



Առաքելական ճամբորդութեան տպաւորութիւնները` Մալթայի հանդիպումը։

Սրբազան Քահանայապետին այս տարուայ առաքեալական առաջին ճամբորդութիւնը եղաւ սքանչելի։ Անգամ մը եւս, ուխտագնացութեան նախորդող օրերու մտավախութիւններն ու մտահոգութիւնները անտեղի էին։ Մալթայի ժողովուրդի սիրալիր ու կաթողիկէ ոգին լաւագոյն եւ ինքնափուխ հիւրընկալութիւն մը պատրաստեցին, ե, ջերմ ընդունելութիւնը Սրբազան Հօր դարձաւ անմոռանալի։ հանգրուանէ հանգրուան ընդունելութիւնը աւելի ջերմ ու տօնական եղաւ եւ իր գագաթնակէտին հասաւ նոր սերունդին հետ հանդիպումին ընթացքին։ Սրբազան Հօր պատգամը եղաւ կենսունակութեամբ ու յոյսով լեցուն։ Չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով Մալթա կատարած ուխտագնացութեան, խօսեցաւ տառապանքի բաժանումի ու յուզումի մասին։ Մալթային մէջ ան ըսած էր թէ ապաշխարանքը շնորհք մըն է եւ վերակոչելով Պօղոս առաքեալի նաւաբեկումը Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ թէ այս նաւաբեկութիւնը եղաւ կղզիի բնակչութեան համար մէկնակէտ՝ նոր հաւատքի մը ու յոյսի մը։



 








All the contents on this site are copyrighted ©.