2010-04-23 14:49:18

Լուրեր հայ եկեղեցիէն


Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց ՀՕՄ-ի ատենապետը։
Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Կիրակի, 18 ապրիլ 2010-ին, Արամ Ա կաթողիկոս ընդունեց Հայ օգնութեան միութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեանը՝ ընկերակցութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի ատենապետ Թալին Գլպաշեանի։
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան հայ կիներու հարիւրամեայ այս միութեան նոր ծրագիրները, որոնք մարդասիրական, ընկերային, կրթական թէ մշակութային մարզերը ընդգրկող նիւթեր կը ներկայացնէին։
Վեհափառը բարձր գնահատեց անցեալին թէ ներկայիս ՀՕՄ-ի կատարած աշխատանքներն ու ապագայ ծրագիրները՝ իր տեսակէտները եւս պարզելով յառաջիկայ ծրագիրներու գործնականացման գծով։
Յայտնենք, որ Արամ Ա կաթողիկոս ՀՕՄ-ի հարիւրամեակին առիթով հայրապետական կոնդակ շնորհած էր միութեան՝ վեր առնելով հայ կնոջ դերակատարութիւնը մեր ազգի կեանքին մէջ։

Արամ Ա .ի հանդիպումը ՜՜Ուորլտ Վիժըն՝՝ միջազգային կազմակերպութեան Միացեալ Նահանգներու կեդրոնատեղիի պատասխանատուներուն հետ։
Երեքշաբթի, 20 ապրիլ 2010-ին, Արամ Ա կաթողիկոս վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ուորլտ Վիժըն միջազգային կազմակերպութեան Միացեալ Նահանգներու կեդրոնատեղիի պատասխանատուները։ Հանդիպումը ընդգրկեց համատեղ գործադրուող շարք մը ծրագիրներու քննարկում, ինչպէս՝ կրօնի դասագիրքերու պատրաստութեան եւ մարդասիրական այլեւայլ աշխատանքներ։
Վեհափառը ծրագրուած աշխատանքներուն եւ ընթացքի մէջ եղող շարք մը ծրագիրներու գծով իր տեսակէտները պարզեց՝ դէպի ժողովուրդ եւ յատկապէս դէպի նոր սերունդի դաստիարակութիւն ուղղուած եկեղեցւոյ առաքելութիւնը վերաշեշտելու հիմնական առաջադրանքով։







All the contents on this site are copyrighted ©.