2010-04-21 12:04:24

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` Մալթա - առաքելական ճամբորդութեան մը տպաւորութիւնները։


Չորեքշաբթի 21 Ապրիլ 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Սրբազան Հօր, խորհրդածութեան նիւթը եղաւ այսօր, ՜՜ Մալթա` առաքելական ճամբորդութեան մը տպաւորութիւնները՝՝։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Պօղոս առաքեալի նաւաբեկութեան 1950րդ տարեդարձին առթիւ, հովուական ճամբորդութիւն մը կատարեցի Մալթա։ Ուխտագնացութիւնը սկսայ Պօղոս առաքեալի քարայրին առջեւ լռելեայն աղօթք մը կատարելով։ Շնորհակալութիւն յայտնեցի Տիրոջ իր Նախանամութեան խորհրդաւոր ծրագիրներուն համար։ Մալթա կղզիի պատմութիւնը յատկանշուած է կաթողիկէ հաւատքով։ Արդարեւ այս ժողովուրդը մեծ ընտանիքի մը նման կառուցուած է հաւատքի վրայ, ու կեանքի քրիստոնէական տեսիլքի վրայ պատասխան գտնելով իր առօրեայ հարցերուն, հայող՝ կեանքի ու ամուսնութեան յարգանքի։

Մալթայի ընտանիքները ու ժողովրդապետութիւնները կարողացան սիրցնել Աստուած ու Եկեղեցին։ Նոր սերունդի հետ ունեցած հանդիպումիս ընթացքին հրաւիրեցի զանոնք հետեւելու Պօղոս առաքեալի օրինկաին դիմագրաւելու իրենց առջեւ ցցւող մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները։

Ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ թէ ՜՜Այս կղզին քրիստոնէական կոչում ունի ու անոր դրօշակին վրայ կցուող խաչը, նշան է սիրոյ ու հաշտութեան։ Այս կոչումը պէտք է ըլլայ յատկանիշը Քրիստոսի պատգամին յարող բոլոր ժողովուրդներու։ Մալթան միշտ եղած է բաց ընկերութիւն մը աշխարհի եւ միշտ եղած է միսիոնարական։ Միջերկրականի սիրտը գտնուելով, այս երկիրը կարող է դառնալ կամուրջ մը մշակոյթներու ու կրօններու, ինչպէս Պօղոս առաքեալը եղած էր իր ժամանակին։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկաները մաղթելով որ Պօղոս առաքեալի օրինակն ու ուսուցումը մեզ դաստիարակեն ու կարողանանք ճանչնալ, մարդկային փոթորիկներու ու նաւաբեկութիւններու ժամերուն, Աստուծոյ սիրոյ ծրագիրը։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը քաջալերական խօսք մը ուղղեց երիտասարներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն,յիշեցնելով որ յառաջիկայ կիրակին Եկեղեցին կը յիշատակէ քահանայական կոչումներու օրը։ Կը հրաւիրեմ ամէնքդ որ ձեր սիրտը բանաք Աստուծոյ ու համապատասխանէք անոր սիրոյ ծրագրին։ Թող Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը օգնէ ձեզի հաւատքի մէջ հաստատ մնալու։








All the contents on this site are copyrighted ©.