2010-04-21 12:08:17

Լուրեր հայկական կեանքէն


Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքը՝ Յուլիս 18-31
Համազգայինի ուսանողական մշակութային հաւաքը՝ ֆորումը, ծնունդ առաւ 1994ին, Համազգայինի Բ. Ընդհանուր ժողովին, Ծաղկաձորի մէջ, Հայաստան։ Հիմնական նպատակը հայ համալսարանական ուսանողներու կամրջումն էր. այլ խօսքով՝ ի մի հաւաքել հայ համալսարանականները հայկական մթնոլորտի մը մէջ, տալ անոնց անցեալն ու ներկան, պատմութեան եւ աւանդութիւններուն հետ՝ մեր բարդ իրականութիւնը, մշակոյթի արժէքներուն հետ զանոնք պահպանելու կարելիութիւնները։
1994էն 2001, Հաւաքը տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ։ Կազմակերպիչները այն մտայղացումը ունեցան, որ սփիւռքահայ համալսարանականը մօտէն ծանօթանայ հայաշատ այս կեդրոնին եւ տեսնէ Համազգայինի կրթական եւ մշակութային բեղուն գործունէութիւնը։ Նշան Փալանճեան ճեմարանը՝ իր պատմական կարեւորութեամբ, երկու շաբթուան ընթացքին կրթական վայր մը եղաւ համալսարանականներուն համար։ Այնտեղ Լ. Շանթի, Աղբալեանի, Վարուժանի, Սիամանթոյի, Կանաչեանի եւ Զարդարեանի կիսանդրիներու ներկայութեան, ուսանողները անցեալը կամրջեցին ներկային։
Ուսանողները նաեւ այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանը։
2002էն սկսեալ, հաւաքը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ։ Համալսարանականները մօտէն կը ծանօթանան հայրենիքի կեանքին։ Կ՛այցելեն Էջմիածին, կը տեսնեն մշակութային կոթողներ, թանգարաններ, Մատենադարանը եւ զանազան յուշարձաններ։ Անոնք ներկայ կը գտնուին մշակութային ձեռնարկներու եւ գեղարուեստական ներկայացումներու։
Սփիւռքէն թէ հայրենիքէն անուանի բազմաթիւ դասախօսներ ու մասնագէտներ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ծրագիրին։ Դասախօսներու նիւթերը կը կեդրոնանան հայոց պատմութեան, գրականութեան, մշակութային գանձերու, հայկական տոհմիկ սովորութիւններու, հայկական երգի եւ թատրոնի վրայ։ Գործունէութեան մաս կը կազմեն հայկական պարը, քանդակագործութիւնը եւ մամուլի աշխատանոցները։
Հաւաքը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 18-31ին, սակայն անոր մասնակիցները ամենաուշը Յուլիս 13ին Երեւան հասած պէտք է ըլլան։ Այս տարի նաեւ կարելի պիտի ըլլայ Արցախ այցելել, յաւելեալ 250 տոլարով։

Հայկական տուտուկին ի պատիւ ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի պարգեւներ՝ տուտուկահար Գէորգ Դաբաղեանին եւ յօրինող Վաչէ Շառաֆեանին ։
Երկու կարեւոր մրցանակներ յանձնուած են հայազգի արուեստագէտներու։
Հայկական տուտուկի երաժշտութիւնը որպէս մարդկութեան բանաւոր՝ ոչ նիւթական ժառանգութեան գլուխգործոց նախագիծի լաւագոյն իրականացման, ինչպէս նաեւ միջ-մշակութային երկխօսութեան գործընթացին աջակցելու համար Հայկական ազգային երաժշտութեան պահպանման հասարակական կազմակերպութիւնը, տուտուկահար Գէորգ Դաբաղեանն ու յօրինող Վաչէ Շարաֆեանը (կազմակերպութեան անդամներ) պարգեւատուեցան ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի վկայականներով։

Սանահինի վանական համալիրի վերանորոգման ծրագիր։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեան անցեալ շաբաթ այցելեց Լոռի մարզի Սանահինի վանքը՝ ծանօթանալու վանքին ներկայ վիճակին։ Վարչապետին կ'ընկերակցէր Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան։ Սանահինի վանքը ներկայիս կը գտնուի անմխիթար եւ փուլ գալու վտանգին ենթակայ վիճակի մէջ։ Այս կացութիւնը ստեղծուած է, որովհետեւ յստակ չէ, թէ այս կառոյցը ո՞ր հաստատութեան խնամքին տակ կը գտնուի։
Հայաստանի կառավարութեան որոշումով (2001) Լոռիի մարզի 21 եկեղեցիներ ու վանքեր յանձնուած էին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ՝ զանոնք համապատասխան կերպով օգտագործելու համար։ Այս աշխատանքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ գերմանացի եւ իտալացի մասնագէտներ։
Յիշենք, որ Սանահինի վանքը 2000-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային արժէքներու ցուցակին մէջ անցած է։

Մարիամ Պետրոսեանի ՜՜Տունը, որում՝՝ վէպը լաւագոյնը հռչակուած է։
՜՜Ռուսական մրցանակ՝՝ միջազգային գրական մրցոյթին, ՜՜Մեծ արձակ՝՝ անուանակարգին մէջ լաւագոյնը հռչակուած է, Մարիամ Պետրոսեանի ՜՜Տունը, որում՝՝ վէպը։
Նշենք, որ ՜՜Տունը, որում՝՝ վէպը, հեղինակին միակ վէպն է, որ 2009 -ին յաւակնած է նաեւ ՜՜Մեծ գիրք՝՝ մրցանակին եւ ընթերցողներու քուէարկութեան արդիւնքով գիրքը գրաւած է մրցոյթին երրորդ դիրքը եւս։
Նշենք, որ Մարիամ Պետրոսեան ծնած է 1969-ին, Երեւան։ 1989-ին աշխատած է Հայֆիլմի մէջ։ 1992-1994 աշխատած է Մոսկուայի մէջ, իսկ 1995-2007 կրկին աշխատած է Հայֆիլմի մէջ։ Յայտնենք, որ Ռուսական մրցանակը արտերկրի ռուսերէնով գրողներու միակ մրցոյթն է, որ հիմնադրուած է 2005 թուականին Եւրասիական հետազօտութիւններու հիմնարկ անուանումով զարգացման հիմնադրամին կողմէ։ Մրցոյթին նպատակն է պահպանել ու զարգացնել ռուսերէնը՝ իբրեւ համաշխարհային եզակի երեւոյթ։ Նշենք, որ Ռուսական մրցանակ մրցոյթը ընդգրկուած է Ռուսիոյ մէջ կազմակերպուող մրցոյթներուն լաւագոյն հնգեակին մէջ։

Վերժինէ Սվազլեանի ՜՜Հայոց ցեղասպանութեան՝՝ մասին եռալեզու գիրքերը լոյս տեսած։
1955-էն ի վեր ժողովրդագէտ Վերժինէ Սվազլեան, իր կեանքը Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան նուիրուած է՝ վերապրողներու յուշերը մէկտեղելով։ Անոր երկարատեւ աշխատանքին արդիւնքը դարձաւ Հայոց ցեղասպանութիւն ականատես վերապրողներու վկայութիւններ գիրքը, ուր ոչ միայն վերապրողներու յուշերը տեղ գտած են, այլ նաեւ՝ զանազան փաստաթուղթեր։ Աշխատանքը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի եւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին կողմէ գնահատուեցաւ։
Իբրեւ գնահատանքի նուէր՝ անոր յանձնուած գումարը Վ Սվազլեան յատկացուց աւարտած տարբերակներու հրատարակման՝ հայերէն, անգլերէն եւ թրքերէն։ Այսպիսով, 50 տարուան ընթացքին հաւաքուած 600 փաստաթուղթերուն վրայ այս նոր գիրքին մէջ կաւելնան նաեւ վերջին 10 տարուան ընթացքին ձեռք բերուածները։







All the contents on this site are copyrighted ©.