2010-04-21 14:04:06

Էջ Մը Հայ Գրականութենէն։


Էջ Մը Հայ Գրականութենէն։
Աւետիս Ահարոնեան (1866-1948).

Ապրիլ 20ին (2010) լրացաւ մահուան 62րդ տարելիցը Հայոց Վշտի եւ Ազատութեան մեծ երգիչին՝ Աւետիս Ահարոնեանի։ 1866ին հայրենի Իգդիր գաւառի Իգդիրմաւա գիւղը ծնած Ահարոնեան , 20 Ապրիլ 1948ին առյաւէտ կը փակէր իր աչքերը։ Բայց հայ գրականութեան Թուխ Արամազդը (Զապէլ Եսայեանի պերճախօս բնութագրումով) իր կեանքի վերջին 14 տարիները անցուց գրեթէ անկենդան։ Ուղեղի կաթուածը բառացիօրէն տապալեց Մեծ Հայուն, 11 Փետրուար 1934ին, երբ Մարսէյլի մէջ (Ֆրանսա), Համազգայինի կողմէ կազմակերպուած հրապարակային հանդիսութեան մը ընթացքին, աւելի քան երկու հազար հանդիսականներու ներկայութեան, Ահարոնեան կը փոխանցէր օրուան պատգամը հայ մշակոյթին եւ ընդհանրապէս Հայաստանի եւ հայութեան մասին։
Ոչ մէկ ազգի հետ չեմ բաղդատեր իմ ազգս։ Բարձր եւ իմաստուան մեր ցեղը։
Ժողովուրդ հայոց եւ երիտասարդներ։ Ոչ մէկ ժողովուրդի առջեւ գլխարկ հանելու պէտք չունինք։ Լաւ համոզուեցէք ասոր։ Որպէսզի իմանայինք, թէ ո՛վ էին եւ ո՛վ ենք մենք, Անիի աւերակները տեսնել պէտք էր... Բագրատունեանց հարստութեան ի՜նչ փառք, ի՜նչ պատիւ, մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան ի՜նչ հոյակապ ցուցադրութիւն... ի՜նչ կամարներ, եկեղեցիներ։
Անին տեսնելէ ետք, երբ նկարին տակը կը կարդամ սա պարբերութիւնը՝ Անցեալ ու ներկայ Հայաստան, հոգիս կը վերանայ պահ մը, թէ այդ բոլոր տաճարները շինուած են պատերազմներու շառաչին մէջ... Ո՜հ, այն ատեն կը հասկնայինք, թէ ի՜նչ էին մեր պապերը, մեր հայրերը, իրենց ստեղծագործութիւններն ու արիարանց բանակը։
Ուղեղի կաթուածը յաւիտենական լռութեան մատնեց Աւետիս Ահարոնեանին՝ Հայոց Վշտի եւ Ազատութեան պատգամաբերին։
Այս Մեծ Հայը, որ քառասուն տարի իր գրիչով ու խօսքով սերունդներ ոտքի հանեց, ըմբոստացման մղեց եւ վարակեց յանուն Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ազատագրութեան սրբազան կռուին անսակարկ անձնուիրումի տարերքով, այդպէս... լռեց մինչեւ մահ։
Բայց անպայման առանձին շեշտադրումի արժանի է 1898էն սկսեալ ՝՝Դրօշակի՝՝ էջերուն եւ ՝՝Ղարիբ՝՝ ստորագրութեամբ Ահարոնեանի լոյս ընծայած սիրտ ու միտք գրաւող եւ յեղափոխական շունչ ու ոգի ներարկող պատմուածքներու շարքը, որ հետագային ի մի բերուեցաւ եւ ՝՝Ազատութեան Ճանապարհին՝՝ անուն հատորով հրատարակուեցաւ։ Րաֆֆիէն ետք Ահարոնեան եղաւ հայ արձակի այն վարպետը, որ ամբողջ սերունդներ ոգեւորեց եւ դաստիարակեց Հայոց Ազատամարտի անշէջ հուրով։ Ամբողջ սերունդներ, աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի տարագիր զաւակները, տասնամեակներով իրենց գաղափարական ներշնչումը ստացան Ահարոնեանի պատգամէն՝ Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք,
Թող ողջ աշխարհ հային կարդայ նախատինք։
Եւ հայոց սերունդները միշտ պիտի արձագանգեն Ահարոնեանի մարգարէական
պատգամին։







All the contents on this site are copyrighted ©.