2010-04-21 13:57:37

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՄԵՏՎԵՏԵՒԻ ՀԵՏ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ԻՐ ԵՐՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ։
Հայաստանի նախաահ Սերժ Սարգսեան երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն միջեւ այս հանդիպումը եղաւ ջերմ ու մտերմիկ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ քաղաքական բարձր մակարդակի երկխօսութեան, հետզհետէ զարգացող տնտեսական գործակցութեան եւ յատկապէս ուժանիւթի մարզին վերաբերող հսկայ ծրագիրներու գործադրութեան մանրամասնութիւնները։ Սարգսեան - Մետվետեւ երէկուան հանդիպումը այս տարուան համար եղաւ երրորդը, որուն ընթացքին քննարկումի առարկայ դարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազային այլ հարցեր։ Հանդիպումին աւարտին յայտարարուեցաւ, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ բարձր մակարդակի քաղաքական խորհրդակցութիւնները ու ռազմավարական դաշինքը կը շարունակուին։ Միւս կողմէ, հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ նախագահ Մետվետեւի Հայաստան կատարելիք այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները։
ԹՈՒՐՔ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԵՆ ՈԳԵԿՈՉԵԼՈՒ 1915-Ի ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԸ ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ ։
Շարք մը թուրք մտաւորականներ(շուրջ 80 հոգի) Թուրքիոյ հանրութեան ուղղուած ՝՝Այս ցաւը մեր ցաւն է, այս սուգը՝ բոլորիս՝՝ վերտառութեամբ յատուկ ուղերձով մը կոչ ուղղած են 24 ապրիլին՝ տեղական ժամով՝ ժամը 19։00-ին հաւաքուելու Պոլսոյ կեդրոնական ՝՝Թաքսիմ՝՝ հրապարակին վրայ եւ ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը։ ՝՝1915-ին, երբ մենք ընդամէնը 13 միլիոն էինք, այս հողերուն վրայ կը բնակէին 15-2 միլիոն հայեր։ Թրակիոյ, Եգէականի, ապա Անատոլուի Ատանայի, Մալաթիոյ, Վանի, Կարսի քաղաքները,Պոլսոյ՝ Սամաթիոյ, Շիշլիի, Կզիներու , Կալաթայի թաղերը։ Մեր թաղամասերուն նպարավաճառները, դերձակները, ոսկերիչները, ատաղձագործները, կօշկակարները, դաշտերուն մէջ աշխատող հողագործերը, ջաղացպանները, մեր դասընկերները, ուսուցիչները, սպաները, զինուորները, երեսփոխանները, պատմաբանները, յօրինողները…… Անոնք բոլորը մեր ընկերներն էին, դրացիները, մեր ցաւը կիսողները։ 1915-ի ապրիլ 24-ին անոնք աքսորուեցան։ Մենք կորսնցուցինք զանոնք,եւ արդէն չկան։ Նոյնիսկ չունին գերեզմաններ ։Այսօր կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ եւ վերջին 95 տարիներուն ընթացքին ալ աւելի խորանալ մեր խղճին ծանրացած ՝՝Մեծ ցաւը՝՝ ՝՝Մեծ եղեռնը՝՝։ Թուրքիոյ բոլոր բնակիչներուն, որոնք իրենց սրտին մէջ կը զգան այդ ՝՝Մեծ ցաւը՝՝ կոչ կուղղենք որպէսզի լռութեամբ մոմերով եւ ծաղիկներով հաւաքուելու ապրիլ 24-ին, Թաքսիմի հրապարակին վրայ, մատուցելու յարգանքի տուրքը 1915-ի զոհերու յիշատակին(կը նշուի թուրք մտաւորականներու յայտարարութեան մէջ)։ Թուրք մտաւորականներու այս կոչը հրապարակուած էwww.buacihepimizin.org կայքէջին վրայ։ Կոչին տակ ստորագած յայտնի թուրք լրագրողներու եւ դասախօսներու շարքին են Ալի Պայրամօղլու, Ահմեթ Ինսել, Պասքըն Օրան, Ճենկիզ Աքթար, Հալիլ Պերքթայ, Եասմին Չոնկար, Ֆեթհիյէ Չեթին, Տենիզ Զարաքօլու, Էրեն Քեսքին,Նեշէ Տիւզէլ եւ ուրիշներ£
ՊԱՔՈՒ ԺԱՄԱՆԱԾ ԵՆ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՌՈՒՍ ԵՒ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս նոր համանախագահ Իկոր Փոփով երէկ Պաքու ժամանած է։ Անոր կ՝ընկերակցի նախկին համանախագահ Եուրի Մեզլեաքով։ Պաքուի օդակայանին մէջ Իկոր Փոփով լրագրողներուն ըսած է, որ ինք պիտի փորձէ իր ներդրումը ունենալ ղարաբաղեան տագնապի լուծման մէջ։ Ռուսիոյ դիրքորոշումը տագնապի հարցով յայտնի եւ անփոփոխ կը մնայ։ Կարեւորը բանակցային հոլովոյթին բարձր աշխուժութիւնը չկորսնցնելն է(շած է ան) ։ Եուրի Մերզլեաքով իր կարգին յայտնած է, որ լուրջ քննարկումներ կը կատարուին Ազրպէյճանի ղեկավարութեան հետ։ Պաքու ժամանած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ Ռոպերթ Պրատքէ։ Ֆրանսացի համանախագահը այս անգամ իր գործընկերներուն չէ միացած։ Ըստ ազրպէյճանական լրատու-միջոցներուն, Ազրպէյճանի ղեկավարութեան հետ բանակցութիւնները գաղտնի պայմաններու մէջ տեղի պիտի ունենան։







All the contents on this site are copyrighted ©.