2010-04-20 13:50:48

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին գործունէութիւնը


Երեքշաբթի 20 ապրիլ 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կէսօրին, Ս. Պետրոս տաճարը մուտք գործեց եւ մասնակցեցաւ կարտինալ Սբիտլիքի յուղարկաւորութեան կարգին։ Նախապէս կարտինալ Սոտանօ` գահերէցը կարտինալական դասին հոգեհանգստեան պատարագ մատոյց մասնակցութեամբ բարձրաստիճան եկեղեցականներու։

Նորին Սրբութիւնը ի լուր կարտինալ Սբիտլիքի մահուան, հետեւեալ հեռագիրը ուղղած է Յիսուսեան միաբանութեան, որուն արժանի զաւակը եղած է ողբացեալ կարտինալը։ Յիսուսեան կարտինալ Սբիտլիքի մահը, մեծ յուզում արթեց մեր մէջ։

Մեծ երախտագիտութեամբ կը յիշեմ զինք(կը կարդանք նորին սրբութեան ցաւակցական գիրին մէջ)։ Ան եղաւ եռանդուն ու հարազատ սպասաւորը Աւետարանին, հաստատ հաւատքով ու անվերապահ նուիրումով աշխատեցաւ ''Տիրոջ Այգիին մէջ''։

Կարտինալ Սբիտլիք մեծ հեղինակութիւն մըն էր արեւելեան եկեղեցւոյ հոգեւորութեան։

Իմ ջերմագին աղօթքը կը բարձրացնեմ Ամենաբարին Աստուծոյ, Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին, հայցելով նաեւ Ս. Ինքնատիոս Լոյոլայի բարեխօսութիւնը, որպէսզի իր Արքայութեան մէջ ընդունի իր հաւատարիմ ծառան ու վարձատրէ զինք։ Սրտանց կ'օրհնեմ Յիսուսեան միաբանութիւնը եւ բոլոր անոնք որոնք ճանչցան ու գնահատեցին անոր մտաւորական ու հոգեկան յատկութիւները։



Սրբազան Պապին խօսքը կարտինալներուն, իր քահանայապետութեան 5-րդ տարեդարձին առթիւ։

Երկուշաբթի 19 ապրիլին,Սրբազան Քահանայապետը տօնեց իր քահանայապետութեան 5րդ տարեդարձը, ներկայութեամբ՝ 45 կարտինալներու։ Ճաշի ընթացքին իր ուղղած խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց կարտինալներուն որոնք օրէօր իրենց օգնութիւնը կը բերեն լաւագոյնս կառավարելու Եկեղեցին։ Ան ընդգծեց թէ ինքզինք երբեք առանձին չէ զգացած, եւ կարտինալները՝ իր անմիջական գործակիցները, մշտական իրենց նպաստը կը բերեն յառաջ տանելու Ս. Պետրոս առաքեալի նաւակը։

Գահերէց կարտինալ Սոտանօն, իր խօսքին մէջ երաշխաւորեց կարտինալներու միութիւնն ու եղբայրական հաղորդակցութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ, եւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Սրբազան պապին, իր մատուցած ծառայութիւններուն Եկեղեցւոյ ու աշխարհին։ Կարտինալ Սոտանօ հաստատեց թէ քրիստոնէական յոյսի լոյսը կ'առաջնորդէ Եկեղեցւոյ իշխանները, որոնք սերտօրէն կը համագործակցին Սրբազան Քահանայապետի վեհանձնութեան հետ, ու կը ներգործեն անոր հովանաւորութեամբ։









 








All the contents on this site are copyrighted ©.