2010-04-19 11:52:52

Պենետիկտոս ԺԶ Հռոմի Պապին Հինգ Տարուայ Քահանայապետութիւն։


19 ապրիլ 2005ին, կարտինալ Ժոզէֆ Ռացինկեր կը բարձրանայ Ս. Պետրոսի գահը, առնելով Պենետիկտոս ԺԶ անունը եւ դառնալով 265-րդ Հռոմի Պապը։

Անոր ընտրութեան համար երկու օր բաւեց։ Այս հինգ տարիներու ընթացքին Նորին Սրբութիւնը 14 առաքելական ճամբորդութիւններ կատարեց Իտալիայէն դուրս։

Հրապարակեց երեք շրջաբերական թուղթեր, գումարեց երկու կարտինալական ժողովներ եւ հռչակեց 28 նոր սուրբեր։

Հինգ տարիները արագընթաց անցան եւ եղան դէպքերով կուռ, զանոնք կարդալու համար հարկ է վերադառնալ Սիքստեան մատրան մէջ Սրբազան Հօր արտասանած ճառին, երբ նորընտիր Քահանայապետը կը ժառանգէր հոգեւոր մեծ աւանդը իր ՜՜Մեծ Նախորդին՝՝ եւ կը մատնանշէր առաջնահերթութիւնները, որ պիտի ուղղէր իր ծառայութիւնը ''Տիրոջ այգիին մէջ''։

Այդ առաջնահերթութիւնները եղան.


Տարակոյս չկայ որ ասոնք եղան Պենետիկտոս ԺԶ .ի քահանայապետութեան առաջնահերթութիւնները, որոնք ան արիութեամբ ու վստահութեամբ կը կատարէ հակառակ զանազան լարուածութիւններու ու խոչընդոտներու։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին միակ մտահոգութիւնն է ցոլացնել ոչ թէ իր` այլ Քրիստոսի լոյսը, Աուշվից, Իսթանպուլ, Նիւ Եորք,Փարիզ, Ափրիկէ, Ս. Երկիր։ Հրէական տաճարներ եւ մզկիթներ։ Շրջաբերական թուղթեր. Սիրոյ, Յոյսի եւ Բարոյականի` հայող բարգաւաճումի, տնտեսութեան ու բնապահպանութեան յարգանքի։

Հարուստ եւ բեղուն Հաշուեյարդար մը ի սպաս Աստուծոյ ու մարդկութեան։ Շարունակելիք Ճանապարհ մը հաստատ ու վստահ քայլերով։

Մալթա կատարած առաքելական ճամբորդութենէ ետք, Նորին Սրբութիւնը, ուխտաւորի ցուպը ձեռքը՝ կը պատրաստուի, 2010 տարւոյն ընթացքին, երթալ.










All the contents on this site are copyrighted ©.