2010-04-18 13:21:20

Օտար մեծերը հայոց եղերնի մասին։


Օտար մեծերը հայոց եղերնի մասին։

Ժաք Տէ Մորկան (Ֆրանսացի գիտնական 1915) - Արեւմտահայերու տեղահանութիւնները ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ՝ ազգի մը քողարկուած ոչնչացում։ Չկայ որեւէ հարուստ լեզու, որ նկարագրէ այդ սարսափները։

Ֆայեզ Ղոսըն - (Արաբ հրապարակախօս, փաստաբան, 1917) - Ո՞վ կրնայ նկարագրել այն զգացումները, որ կ'ապրի ականատեսը, երբ ան կը մտածէ այդ հերոսական եւ դժբախտ ազգին մասին։ Անոր քաջութիւնն ու ոգին կը զարմացնեն աշխարհը։ Ազգ, որ երէկ Օսմանեան կայսրութեան ամէնէն եռանդուն եւ յառաջադէմ ազգերէն մէկն էր, յիշողութիւն կը դառնայ։

Ժոզեֆ Մարքուարթ (Գերմանացի գիտնական) Նոյնիսկ սահմանադրութեան հռչակումէն ետք թրքական քաղաքականութեան հիմնական լոզունգը եղած է՝ Առանց հայերու՝ չըլլար նաեւ Հայկական հարց (1916)։

Հենրի Մորկընթաու (1913-1916 թթ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Օսմանեան կայսրութեան մէջ, մէջբերում՝ Դեսպան Մորկընթաուի պատմութիւնը գիրքէն, 1919 թ)

Երբ թուրքական իշխանութիւնները կու տային այդ տեղահանութիւններու հրամանը, անոնք ամբողջ ազգի մը մահուան հրամանագիրը կու տային։ Անոնք այս մէկը լաւ կը հասկնային, իրենց խօսակցութիւններուն ժամանակ ոչ մէկ փորձ կընէին այդ փաստը թաքցնելու համար։ Ես վստահ եմ, որ մարդկութեան ցեղի ամբողջ պատմութիւնը նման սարսափելի դրուագ չի պարունակեր։ Անցեալի մեծ ջարդերը եւ հալածանքները գրեթէ աննշան կը թուին, երբ կը համեմատուին հայ ազգի 1915թ չարչարանքներուն հետ։

Ճէյմս Պրայս (Բրիտանացի դերկոմս, 1915, 6 հոկտեմբերի ելոյթ) Ջարդերը հետեւանք էին այն քաղաքականութեան, որուն, որքան կարելի եղաւ պարզել, որոշ փուլի մը մէջ կը հետեւէր թրքական կայսրութեան մէջ ներկայիս իշխանութեան գլուխ կանգնած անսկզբունք բախտախնդիրներու աւազակախումբը։ Անոնք կը վարանէին իրագործելու անիկա, մինչեւ որ, ըստ իրենց, յարմար պահը հասաւ, եւ այդ պահը ապրիլ ամիսն էր։ Լորտերու պալատ՝ Հանսարտ (5-րդ ժողովածու), հատոր ԺԹ։ Կը ցաւիմ, որ այդպիսի տեղեկութիւնը ինծի կը հասնի շատ ուշ եւ ցոյց կու տայ, որ 800,000-ը՝ մայիսէն սկսեալ ոչնչացուածներու հնարաւոր ամբողջ թիւը, որ ազնիւ կոմսը կը նկատէ անհաւատալի, իրօք հաւանական թիւ է։ Ատիկա այն պատճառով է, որ յարուցուած դատական գործերը եղած են բացարձակապէս կանխորոշուած եւ շարունակաբար։

Կոմս Վուլֆ Մետերնիչ (Գերմանիոյ դեսպանը՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, 1916, 10 յուլիս, հեռագիր Գերմանիոյ վարչապետին) Իր նպատակը իրագործելու փորձով՝ լուծել հայկական հարցը՝ բնաջնջելով հայ ազգը, թրքական կառավարութիւնը կը մերժէ թէ՛ մեր ներկայացուցիչները, թէ՛ ամերիկեան դեսպանատանը, թէ՛ պապին պատուիրակութեանը, թէ՛ դաշնակից ուժերու սպառնալիքները, թէ՛ արեւմտեան հասարակութեան կարծիքը՝ աշխարհի մէկ երրորդը ներկայացնող, որ զինք ետ պահեն։

Թէոտոր Ռուզվելթ (Միացեալ Նահանգներու նախագահ, 1918թ 11 մայիսի, Քլիվելենտ Հոտլի Տոճին ուղղուած նամակ) Հայկական եղեռնը պատերազմի մեծագոյն ոճիրն էր, եւ Թուրքիոյ դէմ գործելու ձախողումը անոր մեղքերուն թողութիւն տալն է։

Հերպերթ Հուվըր (Միացեալ Նահանգներու նախագահ, Հերպերթ Հուվըրի յուշերէն, 1952թ)

Արարատ սարի եւ Նոյի կապը Օրինապահ քրիստոնեաներ, զորս պարբերաբար կոտորած են մահմետական թուրքերը Մօտ յիսուն տարի կիրակնօրեայ դպրոցներու կազմաւորումը՝ անոնց տառապանքները թեթեւացնելու համար, ահա այս ամէնը կամփոփուին, որպէսզի դրոշմեն Հայաստան անունը՝ հայ մտքի դիմաց։

Ճիմի Քարթըր (Միացեալ Նահանգներու նախագահ, 1978թ 16 մայիս, Սպիտակ տան հանդիսութիւն) Ընդհանուր առմամբ աշխարհին յայտնի չէ, որ 1916 թուականին նախորդող տարիներուն եղած է համաձայնեցուած փորձ՝ բնաջնջել ամբողջ հայ ժողովուրդը, հաւանաբար մեծագոյն ողբերգութիւններէն մէկը, որ երբեւէ պատահած է ոեւէ ազգի հետ։ Եւ չեն ալ եղած որեւէ նիւրմպերկեան դատավարութիւններ։

Ռոնըլտ Ռիկըն (Միացեալ Նահանգներու նախագահ, 1981թ 22 ապրիլ, հռչակագիր)

Ողջակիզման դասերը, որուն նախորդած է հայերու ցեղասպանութիւնը, եւ որուն յաջորդած է քամպոտիացիներու ցեղասպանութիւնը, երբեք պէտք չէ մոռցուին։

Ճորճ Պուշ Աւագ (Միացեալ Նահանգներու նախագահ, 1990թ 20 ապրիլ, ելոյթ Օրլանտոյի մէջ, Ֆլորիտա) Մենք կը միանանք ամբողջ աշխարհի հայերուն, քանի որ կը յիշենք Օսմանեան կայսրութեան ղեկավարներու ձեռքերով 1915 - 1923 թթ կատարուած սարսափելի ջարդերը։

Ճոն Էվընզ (Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպանին յղումը ամերիկահայերուն, 2005թ 19 փետրուար) Այսօր ես կը կոչեմ զայն՝ Հայոց ցեղասպանութիւն։ Կը կարծեմ, որ մենք՝ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը, պարտական ենք ձեզի, մեր համաքաղաքացիներ, որ աւելի բացէ ի բաց եւ ազնիւ քննարկենք այս հարցը։ Ես՝ որպէս այս հարցը ուսումնասիրած անձնաւորութիւն մը, կրնամ ձեզ ըսել, որ որեւէ կասկած չունիմ, թէ ի՛նչ եղած է։ Կը կարծեմ, որ մեզի՝ ամերիկացիներուս համար անյարմար է այս պարագային խաղալ բառերու հետ։ Համոզուած եմ, որ իրերը պէտք է կոչել իրենց անուններով։








All the contents on this site are copyrighted ©.