2010-04-18 13:21:05

Լուրեր հայ կաթոիկէ պատրիարքութենէն


Լուրեր հայ կաթոիկէ պատրիարքութենէն

Մերձաւոր Արեւելքի օժանդակութեան համար կաթողիկէ կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը այցելեց Հ.Կ. Պատրիարքարան

Պէյրութ, Լիբանան - Երեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2010, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, «CNEWA» Մերձաւոր Արեւելքի օժանդակութեան համար կաթողիկէ կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ կարտինալ Ճոն Ֆոլէյի այցելեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ներկայացուց հիւր հոգեւորականներուն Հայ Եկեղեցւոյ ծագումը, քրիստոնեայ հայութեան պատմական տառապալի հոլովոյթը մինչեւ 20րդ դար եւ ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին 1.5 միլիոն հայեր ինչպէս որ ըսաւ Հոգեւոր Տէրը։ Ան նաեւ ակնարկեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ ընդհանուր գործունէութեան մասին, յիշելով Եկեղեցւոյ տարբեր թեմերը ներկայիս, Միջին Արեւելքի մէջ, Ռուսիա, Եւրոպայ եւ Ամերիկա։

Ներկաները քննարկեցին նաեւ Միջին Արեւելքի մտահոգիչ կացութիւնը, անդրադարնալով քրիստոնեաներուն գաղթին մասին քաղաքական ու տնտեսական տագնապին պատճառաւ։

Նշենք, որ Մերձաւոր Արեւելքի օժանդակութեան համար կաթողիկէ կազմակերպութիւնը հիմնուած է 1926-ին Պիոս ԺԱ.Քահանայապետի հրամանագրով։ Ան կը գործէ մարդկային եւ հովուական օժանդակութեան համար Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր շրջաններուն մէջ (Միջին Արեւելք, հիւսիս-արեւելեան Ափրիկէ, Հնդկաստան եւ արեւելեան Եւրոպայ), նպաստելով յատկապէս քրիստոնեայ կարիքաւոր հասարակութիւններուն եւ բարեգործական ծրագիրներուն։



Քաջ հովիւը – գրեց գերապատիւ հայր Գէորգ վրդ. Եղիայեան

Որդիական խոր ցաւով իմացայ Անդրէաս եպս Պետողլեանին մահուան գուժը։

Սիրելի գերապայծառ տէր, պիտի չկարենամ մասնակցիլ տխուր եւ յաղթական յուղարկաւորութեանդ, արցունքոտ վերջին ակնարկը պիտի չկարենամ նետել քու անշարժացած մարմինիդ։

Բարձրաստիճան մեծաւորներուս հրամանով կը գտնուիմ ովկիանոսներէն անդին՝ Քանատա, հոն ուր պիտի չուզէիր զիս տեսնել։

Դուն տխրեցար երբ իմացար առաքելութեանս վայրը, գլուխդ շարժեցիր եւ ինծի ըսիր՝ վճռական սովորական շեշտովդ Գնա՛ց, տղա՛ս, գնա՛ց։

Եւ ես գացի

Հետս տանելով քու օրինակդ, դուն, որ եկեղեցական հնազանդութեանդ հետեւելով՝ որպէս վարդապետ եւ ապա եպիսկոպոս ղրկուեցար Քեսապ, Զահլէ, Պէյրութ, Զմմառ, Հալէպ, Գամիշլի, Պաղտատ, Ամման եւ Երուսաղէմ։

Հետս տանելով յիսունմէկ տարուան քարոզներու խրատաբանութիւններու եւ առանձնախօսութիւններու հոգեւոր պաշար մը, զոր 1959-էն ի վեր քեզմէ կը լսէինք, սեւեռել տալով մեր փոքրիկներուս ակնարկը քահանայութեան վսեմութեան վրայ, որովհետեւ դուն վսեմ էիր եւ ազնիւ։

Ազնիւ էիր որպէս վարդապետ։ Ազնիւ էիր որպէս եպիսկոպոս։ Եւ ազնուութեանդ մէջ յանդուգն էիր ու քաջ ։

Հայու յանդգնութեամբ եւ քաջութեամբ կատարեցիր քու եկեղեցականի առաքելութիւնդ՝ նման վարդապետիդ՝ Քրիստոսի։

Հայու քաջութեամբ պաշտպանեցիր անիրաւուած, հաւատացեալներուդ իրաւունքները՝ կուսակցական եւ քաղաքական իշխանութիւններուն դիմաց։

Հայու քաջութեամբ ու խիզախութեամբ պաշտպանեցիր ազգիդ իրաւունքները զինեալ խուժաններուն դիմաց, երբ Լիբանանը դարձած էր վոհմակներու դաշտ։

Հայու քաջութեամբ հաստատ կարօտեալին, աղքատին, հիւանդին, բանտարկեալին՝ վտանգելով յաճախ քու կեանքդ, անցնելով դժոխային կրակներուն, ռումբերուն բովերուն մէջէն։

Խանդավառ, յանդուգն ու քաջ նկարագրովդ պայքարեցար՝ ցոյց տալու բոլորիս հայուն անսակարկ ու անխախտ հաւատարմութիւնը լիբանանեան հայրենիքին, հողին, դրօշին եւ արժէքներուն նկատմամբ։

Հայու խրոխտ քաջութեամբ ճակատեցար բոլոր բնագաւառներուն մէջ փաստելու բոլորին՝ հայուն բերած նպաստը Լիբանանի ճարտարապետական, մշակութային եւ տնտեսական մարզերուն մէջ։

Խոնարհութեամբ եւ քաջութեամբ, հետեւելով Քրիստոսի օրինակին, կը յանդիմանէիր անառակը եւ կը խարազանէիր Աստուծոյ տաճարը պղծողները։

Ձայնդ՝ խրպոտ, սակայն միշտ հուժկու, կը բարձրանար բոլոր առիթներուն ցոյց տալու բոլորին, թէ հայ կղերականին պարտականութիւնն է՝ ուղղել, սրբագրել եւ առաջնորդել ժողովուրդը դէպի Քրիստոս, դէպի անկորնչելի սկզբունքները եւ արժէքները Աւետարանէն հեռու մարդահաճութենէ եւ գցուց հաշիւներէ։

Պաշտպանն էիր հայ ընտանիքին։ Նախանձախնդիր էր անոր աւանդութիւններուն եւ սրբութիւններուն պահպանման։

Ս Խաչ եկեղեցին եւ անոր պանծալի համալիրը պիտի չմոռնան քու նուիրումդ ու զոհողութիւնդ։ Շինեցիր Աստուծոյ տաճարը, որպէսզի ցիրուցան հաւատացեալներդ հաւաքես Աստուծոյ խորանին շուրջ, եւ հոն կրկին ու կրկին մատուցանես Քրիստոսի եւ Ազգիդ գողգոթաները, եւ վայելես Քրիստոսի եւ ազգիդ Յարութեան ուրախութիւններն ու յաղթանակները։

Սիրելի՛ գերապայծառ տէր, քու մարդկային ու եկեղեցական տկարութեանդ մէջ զօրաւոր էիր ու քաջ, որովհետեւ կը սնանէիր Քրիստոսով եւ աստուածային խօսքով եւ ոչ մարդկային խղճալի ու ամօթալի հաշիւներով։Մենք քու աշակերտներդ, պիտի չմոռնանք քու ազգասիրութիւնդ, քու քաջութիւնդ եւ քու մեծութիւնդ։

Որպէս մարդ Որպէս եկեղեցական Որպէս հայ լիբանանցի։ Վարձքդ կատար։ Արժանի ես Տիրոջ փառքին եւ ուրախութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.