2010-04-17 14:01:15

Լուրեր հայ եկեղեցիէն - Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը Ասիոյ քրիստոնեայ եկեղեցիներու խորհուրդին։


Լուրեր հայ եկեղեցիէն - Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցութիւնը Ասիոյ քրիստոնեայ եկեղեցիներու խորհուրդին։

Ասիոյ քրիստոնեայ եկեղեցիներու 13-րդ համաժողովը իր աշխատանքներուն սկսաւ Քուալա-Լամփուրի մէջ, Մալեզիա, 15 ապրիլ 2010-ին։ Համաժողովին կը մասնակցին շրջանի եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, որոնց ընդհանուր գումարը շուրջ 250 հոգի է։

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սոյն համաժողովին մասնակցեցաւ Իրանի երեք թեմերը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք Սարգիսեանի։ Համաժողովի բացման առաւօտուն, ժողովական աշխատանքները ընթացան ըստ օրակարգի։ Ապա, յետմիջօրէին, համաժողովը յատուկ արարողակարգով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ընդունեց իբրեւ մնայուն անդամ Ասիոյ քրիստոնեայ եկեղեցիներու խորհուրդին՝ նկատի ունենալով կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող Իրանի տարածքին գտնուող հայոց եկեղեցական երեք թեմերը՝ Թեհրան, Սպահան եւ Ատրպատական։

Ընդունման պաշտօնական արարողութեան ընթացքին, Սեպուհ սրբազան խօսք առնելով, յանուն վեհափառին շնորհակալութիւն յայտնեց, եւ գործակցութեան նոր հորիզոններու ընդառաջ, հայ եկեղեցւոյ յանձնառու պատրաստակամութեան երաշխիք տուաւ։ Այս առիթով սրբազանը խօսեցաւ հայ եկեղեցւոյ մասին՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ աշխարհի հնագոյն ու հարուստ եկեղեցիներէն մէկը՝ իր դաւանութեամբ, աւանդութեամբ ու մշակոյթով։



Օրհնութիւն եւ Օծում Հալլէի Սուրբ Եարութիւն հայկական եկեղեցու

Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդարանի եւ Սաքսոնիա-Անհալթի Հայ Համայնքի տեղեկութեանց համաձայն՝ Շաբաթ 17 եւ Կիրակի 18 Ապրիլ 2010-ին, տեղի պիտի ունենայ, Գերմանիոյ Հալլէ քաղաքի Սուրբ Եարութիւն հայկական եկեղեցւոյ օրհնութեան եւ օծման արարողութիւնը։

Օծման արարողութիւնը պիտի հանդիսապետէ գերմանահայոց առաջնորդ՝ Գարեգին Արք. Բեկչեան, մասնակցութեամբ Երեւանի Պետական Համալսարանի Աստուածաբանական համալսարանի նախերեց Անուշաւան Եպս Ժամկոչեանի։

Ի շարս պետական, հասարակական եւ միջեկեղեցական զանազան հիւրերուն, օծման հանդիսութեան ներկայ կը գտնուի նաեւ Հալլէ քաղաքի գլխաւոր քաղաքապետը՝ Տիկ. Դամար Սցաբադոս։








All the contents on this site are copyrighted ©.