2010-04-17 13:44:09

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 չ

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ԻԶԼԱՆՏԱՅԻ ՀՐԱԲՈՒԽԻ ՍՏԵՂԾԱԾ ՔԱՈՍԸ՝ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻն ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ։
Յայտնի քաոս մը ստեղծուեցաւ Եւրոպայի բազմաթիւ երկիրներու օդակայաններէն ներս,Իզլանտայի հրաբուխէն յառաջ եկած մոխիրին պատճառով։ Պերլինի,Համպուրկի Տիւսելտորֆի,Լոնտոնի ու նաեւ Իտալիոյ գլխաւոր օդակայաններու մօտ մեծ մասամբ կանգ առին օդանաւները,լուրջ դժուարութեան մատնելով ճամբորդական համակարգը։ Ըստ նախատեսութիւններուն 24 ժամ տակաւին պիտի տեւէ մոխիրին յառաջ բերած դժուարութիւնները,յատկապէս հիւսիսային եւ կեդրոնական Եւրոպայի օդանաւերու վայրէջքի ու մեկնումի կայանները։

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՄԵՏՎԵՏԵՒԻ ՀԵՏ։
Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան 20 ապրիլին կարճատեւ աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա պիտի մեկնի։ Նախատեսուած է անոր հանդիպումը Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւի հետ։

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ 28 ԱՊՐԻԼԻՆ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՀԱՐՑԸ ։
՝՝Արմինիա Թուտէյ՝՝ կը հաղորդէ, որ 28 ապրիլին Իսրայէլի խորհրդարանի՝ Քնեսեթի ՝՝Մերեց՝՝ խմբակցութեան նախագահ Հայիմ Օրոն քննարկման դրած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը։ Բայց իսրայէլացի երեսփոխանը նշած է, որ կը կարծէ, թէ այս տարի Ցեղասպանութեան մասին օրինագիծի յառաջընթացին կառավարութիւնը արագ պիտի խոչընդոտէ, քան անցեալ տարի։ Արդարեւ ներկայիս բանակցութիւններ կ՝ընթանան Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ, եւ շատերը խորհուրդ չեն տար միջամտել, խանգարել զանոնք։ ՝՝Ես կապ չեմ տեսներ 95-ամեայ վաղեմութեան իրադարձութիւններու եւ շրջանի ներկայ աշխարհա-քաղաքականութեան միջեւ, սակայն իրողութիւնները այդպիսին են (ըսած է իսրայէլացի երեսփոխանը )։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԱԾ ՈՒԺԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ։
16 ապրիլին, ՀՅԴ ՝՝Սիմոն Վրացեան՝՝ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններու վաւերացման դէմ համախմբուած ուժերու հերթական հաւաքը։ ՀՅԴ Հայաստանի գերագոյն մարմնի լրատուական բաժանմունքը կը հաղորդէ, որ հաւաքին ընթացքին քննարկուած է առկայ իրավիճակը, համաձայնութիւններ ձեռք բերուած են հետագայ միացեալ գործունէութեան վերաբերեալ։ Որոշուած է 22 ապրիլին հրաւիրել ընդլայնուած հաւաք՝ այդ նպատակին շուրջ համախմբուած ուժերուն մասնակցութեամբ։ Որոշուած է նաեւ, որ հաւաքը հանդէս գայ համապատասխան յայտարարութեամբ։ Մասնակիցները կարեւոր նկատած են նաեւ ընդդէմ արձանագրութիւններու ընթացքի մէջ գտնուող ստորարահաւաքը եւ նշած, որ ներկայ դրութեամբ կայ 220 հազար ստորագրութիւն։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՝՝ՎԱՆԴԱԿ՝՝ ԱՆՈՒՆՈՎ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐԸ ՑԱՆԿԱԳՐԵՐ ԵՆ ՈՉ-ԻՍԼԱՄՆԵՐՈՒ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ԱՆՈՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ՆԱԽԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ։(մարմարա)
Թրքական ՝՝Զաման՝՝ օրաթերթի աշխատակից Էրքան Աճար առջի օր բաւական նոր ու մտահոգիչ տեղեկութիւններ հաղորդած է ընդհանրապէս թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու դէմ ծրագրուած ՝՝վանդակ՝՝ գոըծողութեան առընչութեամբ որուն դատավարութիւնը կը շարունակուի։ Այս գործողութեան համար պատրաստուած ամբաստանագրին կցեալ թղթածրարները ցոյց կուտան որ գործողութիւնը արդէն գործադրութեան դրուած է եղեր։ Առջի օր արդարեւ այդ թղթածրարները բաժնուեցան փաստաբաններուն,փաստաբանները ցնցիչ տեղեկութիւններ գտան հոն։ Զինուորական Ճունթան Ոչ-Իսլամներու զաւակներուն իսկ անունները ցանկագրեր է,արձանագրուեր են տղոց անունները,տարիքը,հասցէները եւ նոնիսկ անոնց նախասիրութիւններուն ինչ ըլլալը։Օրինակի համար ՝՝անուն-մականուն ։ամէնէն շատ սիրած բանը - ընկեր եւ պտոյտ՝՝,եւ այսպէս ուրիշ անուններ ոչ-իսլամ քաղաքցիներու զաւակներու։ Հարցաքննուած ամբաստանեալներէն մէկն է Ծովակալ ֆէյյազ Էօիւտճի որուն հարցուեցաւ թէ ինչպէս կատարուած էին այս ցանկագրութիւնները, քանի որ իւրաքանչիւր ոչ-իսլամ տղու անուան դիմաց գրուած էին նաեւ նախադասութիւներ ինչպէս ՝՝խաղալիկ կը սիրէ՝՝ կամ ՝՝ տուրմ կը սիրէ՝՝ եւայլն։ Թղթածրարներուն մէջ կային նաեւ ոչ-իսլամ հայրենակիցներու անձնական կեանքէն տուեալներ։ Երբ հարցուեցաւ թէ որոնցմէ օժանդակութիւն ու տեղեկութիւն ստացան այս ցանկերու պատրաստութեան համար ,Ծովակալը պատասխանած է ըսելով թէ ՝՝այս նիւթերուն մասին ինք որեւէ տեղեկութիւն չունի……… ՝՝ ։







All the contents on this site are copyrighted ©.