2010-04-16 13:51:39

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին գործունէութիւնը


Ուրբաթ 16 Ապրիլ 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ծննդեան 83-րդ տարեդարձն է այս առթիւ կը ներկայացնենք Սրբազան Պապին մեր սրտագին մաղթանքներն ու աղօթքները։



Նորին Սրբութիւնը այսօր Ուրբաթ 16 Ապրիլ 2010-ին յաջորդաբար ընդունեց

Կարտինալ Ռէ՝ կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին։

Պրազիլի հիւսիսային շրջանի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ`եկած կատարելու իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Ս. Պետրոսի յաջորդին։

Անոնց ուղղած ճառին մէջ, Սրբազան հայրը մասնաւորապէս խօսեցաւ Ս. Հաղորդութեան գերագոյն խորհուրդին մասին։ Նոյնպէս ան խօսեցաւ աղանդներու ներկայութեան ու քաղաքային մտահոգիչ բռնարարքներու մասին, հետեւանքը՝ թմրեցուցիչի վաճառքին եւ ընտանիքներու դաստիարակութեան պակասին։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդունեց ''Պապալ ֆուտէյշըն' հիմնադրամի շուրջ 120 անդամները



Ապրիլ 17 էն 18 , Նորին Սրբութիւնը առաքելական այցելութիւն կը կատարէ Մալթա Պօղոս առաքեալի նաւաբեկութեան 1950րդ տարեդարձին առթիւ։

Նաւաբեկութիւնը տեղի ունեցաւ 60-ական թուականներուն։ Իր այս առաքելական հակիրճ ճամբորդութեան ընթացքին Սրբազան Հայրը առիթը պիտի ունենայ վերակոչելու գաղթականութեան հարցը ու Մալթայի ժողովուրդին քրիստոնէական արմատները։

Մալթայի առաքելական ճամբորդութիւնը առաջինը պիտի ըլլայ 2010ի՝ հինգ առաքելական ճամբորդութիւններուն։ Եւրոպայի միութեան այս ամենափոքր պետութիւնը ամենէն աւելի կաթողիկէ է։ Սրբազան Հայրը իր կեցութեան ընթացքին պիտի հրաւիրէ նոր սերունդը հաւատարիմ մնալու իր քրիստոնէական ու մշակութային արմատներուն։ Այս փոքրիկ կղզին որուն տարածոււթիւնը կը հաշուէ 316 քառակուսի քիլոմեդր կը գտնուի Միջերկրականի սիրտը։ Սրբազան Հայրը իր այցելութեան ընթացքին պիտի վերակոչէ Ափրիկէէն եկած փախստականներու ողբերգական կացութիւնը։ Մալթայի ժողովուրդէն պիտի խնդրէ Ափրիկէի ու Եւրոպայի միջեւ կամուրջներ շինել։ Աշխարհի խաղաղութիւնը կախում ունի մշակոյթներու ու կրօններու երկխօսութենէն ու հասկացողութենէն։

Կարտինալ Սոտանոյի հոգեհանգստեան պատարգը Լեհաստանի նախագահի ու անոր շքախումբի, օդանաւային արկածի հետեւանքով՝ մահուան առիթով ։

Հինգշաբթի 15 Ապրիլի յետմիջօրէին, կարտինալ Անճելօ Սոտանօ` գահերէցը կարտինալական դասին հոգեհանգստեան պատարագ մատուցեց Ս. Պետրոս տաճարին մէջ Լեհաստանի նախագահին ու անոր շքախումբի համար որոնք մահացան օդանաւային արկածի հետեւանքով։ Պատարագին մասնակցեցան Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմինը ու բազմաթիւ լեհ հաւատացեալներ։ Կարտինալը քարոզին մէջ Աստուծոյ ողորմութեան յանձնեց բոլոր անոնք որոնք զոհ գացին այս օդանաւային արկածին։








All the contents on this site are copyrighted ©.