2010-04-16 13:55:16

Լուրեր հայկական կեանքէն


Երեւանի մէջ ՜՜Հայրենական պատերազմը երեւանեան յուշակոթողներում՝՝ խորագրով լուսանկարներու ցուցահանդէս ։

Երեւանի պատմութեան թանգարանին մէջ 14 Ապրիլին բացումը կատարուեցաւ ՜՜Հայրենական պատերազմը երեւանեան յուշակոթողներում ՝՝խորագրով լուսանկարներու ցուցահանդէս՝ նուիրուած Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի 65-ամեակին։ Ցուցահանդէսին կը ներկայացին շուրջ 70 լուսանկարներ՝ թէ ժամանակակից, եւ թէ նախկին կատարուած։ Ցուցահանդէսը տեղեկատուական առումով բաւական յագեցած է. կը ներկայացուին Հայաստանի մէջ Մեծ հայրենականին նուիրուած բոլոր յուշակոթողներու եւ ՜՜պատերազմի հերոսներու կիսանդրիներու՝՝ լուսանկարները։

Ցուցահանդէսը մէկ շաբաթ բաց կը մնայ ճեմասրահին մէջ, որմէ ետք լուսանկարները կը տեղափոխուին այլ սրահ մը եւ այցելուները հնարաւորութիւն պիտի ունենան այցելելու՝ մինչեւ Մայիս ամիսը։

Գանատայի նամակատունը ՀՕՄի 100ամեակին նուիրուած նամակադրոշմ մը թողարկած է

ՀՕՄի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը համաձայնութեան եկած է Գանատայի նամակատան հետ, միութեան 100ամեակը խորհրդանշող նամականիշ մը թողարկելու կապակցութեամբ։ Այսպէս նամակադրոշմը հրապարակուած է 10000 օրինակով եւ իւրայատուկ քարոզչական միջոց մը կը կազմէ համահայկական միութեան կարեւոր յոբելեանի նշման համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.