2010-04-16 14:00:57

Էջ մը հայ երաժշտութենէն


Նահապետ Քուչակ. Հայ աշուղական հանճարի լուսապսակ ճակատը :

Նահապետ Քուչակ՝ հայ աշուղական հանճարի լուսապսակ ճակատը կը հանդիսանայ Չարենցի՝ ՜՜Ես իմ անուշ Հայաստանի՝՝ բանաստեղծութեան դիպուկ բնութագրումով։

Հայ հանճարեղ աշուղ երգիչի կենսագրութեան մասին շատ քիչ բան գիտենք, մինչեւ անգամ անձին մասին, բայց մատենագիտական աղբիւրներու մէջ 29 Մարտ 1592ի կը յիշատակուի իբրեւ մահուան թուականը, Նարեկացիի հետ միեւնոյն մետալին երկրորդ, այլեւ ներհակ երեսը մարմնաւորող Նահապետ Քուչակի։

Միայն Չարենցը չէ, որ իր բանաստեղծութեան մէջ՝ ՜՜Նարեկացու, Քուչակի պէս լուսապսակ ճակատ չկայ՝՝ տողով, միեւնոյն փառքին արժանացուցած է Հայկական Միջնադարու այս հսկաները, նաեւ հայ գրականագիտութեան երախտաւորներէն՝ Արշակ Չօպանեան եւ յատկապէս քսաներորդ դարու հայ մեծագոյն գրականագէտը հռչակուած3 Մանուկ Աբեղեան, իրենց կարգին, ՜՜Նարեկացիի կողքին անպայման կը տեսնեն Քուչակը՝ իբրեւ հայ ժողովրդական բանաստեղծութիւնը արուեստի անհասանելի բարձունքին հասցուցած հանճարեղ քերթողներու՝՝։

Որքա՜ն նման եւ նոյնքա՜ն տարբեր ու ներհակ են ՜՜Նարեկացի եւ Քուչակ՝՝։

Հայ հոգիի աղօթքին անփոխարինելի բանաստեղծը մեր ժողովուրդին երկնաւոր սիրոյ երգիչն էր։

Իսկ հայուն երկրաւոր սէրը անմահացնելու արուեստին մէջ, անզուգական է մեծութիւնը Քուչակի։

Բայց երկուքն ալ հայ ժողովրդական բանահիւսութեան վրայ խարսխուած բանաստեղծական գեղեցկագոյն տաճարներ են, որոնք հայ հոգիին ազատ սաւառնումին թեւ եւ շունչ հաղորդեցին։

Աւելի՛ն. մինչ Նարեկացի կը յատկանշուի զգացումներու, խոհերու եւ պատկերներու վարար ու յորդառատ թափով, յար ու նման կամուրջներ քշող-տանող Արաքսին, Քուչակ զուլալ աղբիւրի պէս սրտերուն ծարաւը յագեցնող անմահական ջուրի աղբիւրն է, որ երկրաւոր սիրոյ միայն մէկ գողտրիկ պահը բռնելու եւ նկարչօրէն յաւերժացնելու արուեստը կը մարմնաւորէ։

Ես աչք ու դու լոյս, հոգի,

առանց լոյս՝ աչքն խաւարի.

Ես ձուկ ու դու ջուր, հոգի,

առանց ջուր՝ ձուկն մեռանի.

Երբ ձուկն ի ջրէն հանեն եւ

այլ ջուր ձգեն, նա ապրի.

Երբ զիս ի քենէ զատեն,

քան զմեռելն այլ ճար չի լինի։

Նման կարճ քերթուածներով կը յատկանշուի Քուչակի ժառանգութիւնը։ 8 կարճ տողերով կամ 4 երկար տողերու քառեակներով ներկայացող բանաստեղծութիւններ, որոնք հայ գրականութեան ծանօթ են Հայրէններ անունով։ Հայ գրականագէտները ունին ընդհանուր այն համոզումը, որ հայ ժողովրդական բանաստեղծութեան եւ աշուղական երգերու ոչ միայն արարիչը եղաւ Քուչակ, այլեւ՝ հաւաքողն ու մշակողը։ Այդ պատճառով ալ, շատ մը Հայրէններ, որոնք ոճականօրէն անհամատեղելի են՝ միեւնոյն հեղինակին պատկանելու առումով, վերագրուած են Նահապետ Քուչակի։ Հետեւաբար, Աբեղեան որոշակի այդ իմաստով իրաւացի է, երբ կը պնդէ, թէ Նահապետ Քուչակ անունը խորքին մէջ կը յղուի մէկէ աւելի հեղինակներու եւ չի սահմանափակուիր իրապէս ապրած ու ստեղծագործած նահապետ ու թոռ Քուչակներով։

Հայ մատենագէտները ընդհանրապէս համամիտ են, որ Նահապետ Քուչակ ծնած էր 16րդ դարու սկիզբը (ծննդեան թուականը անյայտ), Վան նահանգի Խառակոնիս գիւղը։ Թէեւ իբրեւ աշուղ ու տաղասաց սիրուած բանաստեղծ՝ Քուչակ տեւաբար շրջած է Հայաստան Աշխարհով մէկ, բայց իր կեանքի վերջալոյսին վերադարձած ու վախճանած է իր ծննդավայր գիւղին՝ Խառակոնիսի մէջ, որուն Ս. Թէոդորոս եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս գտնուած է իր գերեզմանը։ Բանավիճողներ՝ համակարծիք են, որ մեր ժողովուրդին կողմէ օրին մեծապէս սիրուած եւ փնտռուած աշուղ մը եղած է առաջին Քուչակը՝ Նահապետը։ Նահապետ Քուչակ միայն երկրաւոր սիրոյ երգիչը չեղաւ, այլ ՜՜Հայրէններու կողքին՝ իր մշակումին արժանացած եւ բարձրարուեստ բանաստեղծութիւններու արարումով անմահացան հայ ժողովուրդի Պանդուխտի երգերը՝՝։

Մինչեւ մեր օրերը իր այժմէական հնչեղութիւնը կը պահպանէ եւ հայոց շրթներուն անբաժան երգի վերածուած է Նահապետ Քուչակի վերագրուած Ղարիպը՝ Կռունկին բանաստեղծութիւնը։

Այս գիշեր լերանց բարձանց

Ծաղկունանց ի մէջն եմ ի քուն,

Իմ եարն ի վերեւ գլխուս կու խմէ,

Ես անհոգ ի քուն...

Եւ ահա՛ հայ պանդուխտի սրտէն՝ կարօտի խորագոյն ակունքէն բխած յաւերժականը երգը.

Կռո՜ւնկ, ուստի՞ կու գաս, ծառայ եմ ձայնիդ,

Կռո՜ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս։

Մի՛ վազեր, երամիդ շուտով կը հասնիս,

Կռո՜ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մը չունի՞ս։



Աշունն է մօտեցեր, գնալու ես թետպիր,

Երամ ես ժողվեր, հազարներ ու բիւր,

Ինձ պատասխան չի տուիր, ելար գնացիր,

Կռո՜ւնկ մեր աշխարհէն գնա՛ հեռացիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.