2010-04-16 12:56:13

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։
ԲԱԶՄԱԲՈՎԱՆԴԱԿ ՊԵՏԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ` ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 95-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ։
Հայաստանի կառավարութեան որոշումով՝ Հայոց ցեղասպանութեան 95-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու իրականացման համար այս տարի 18 միլիոն 900 հազար դրամ պիտի յատկացուի։ Այդ գումարով պիտի կազմակերպուին մասնաւորապէս համերգային երեկոյ մը՝ Ալեքսանտր Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ Պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ,ապա իտալացի նկարիչ Անսելմօ Ֆրանչեսքոնիի աշխատանքներու ցուցահանդէսը՝ Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի հրապարակուի, ինչպէս վաւերագրական, այնպէս ալ գիտական եւ գեղարուեստական գրականութիւն։ Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան նշած է, որ պետական մարմիններու եւ հասարակական կազմակերպութեանց մասնակցութեամբ մշակուած է հարուստ եւ բազմաբովանդակ ծրագիր մը, որ պիտի գործադրուի 16 ապրիլէն սկսեալ։
ՇՈՒԱՐՑԵՆԵԿԸՐ. «ՄԵՐ ՊԱՐՏՔՆ Է ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ ՄԱՏՈՒՑԵԼ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ։
Քալիֆորնիոյ Նահանգապետը Առնոլտ Շուարցընեկըր 19-26 ապրիլ երկարող օրերը յայտարարեց որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրեր։ ՝՝Կարեւոր է յիշել անցեալի սարսափները՝ պատմութեան կրկնութիւնը կանխելու համար։ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկային իրաւունքներու ահաւոր ոտնահարում էր եւ իրադարձութիւն մը, որ ամբողջ աշխարհին ուղղուած վիրաւորանք էր։ 1915-1923 թուականներուն մէկուկէս միլիոն անմեղ հայեր զոհուեցան Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացուած զանգուածային կոտորածներու պատճառով, իսկ 500 հազար անձեր հարկադրուած լքեցին իրենց հայրենիքը։ Հայ ժողովուրդին նկատմամբ կատարուած ոճիրները պատկերացնելը նոյնիսկ դժուար է՝ տեղեհանութիւն, առեւանգումներ, կտտանքներ, սով եւ այլն։ Տուժած են կիներ, երեխաներ եւ ծերեր, (կը կարդացուի Նահանգապետին յայտարարութեան մէջ) եւ կը նշուի որ Քալիֆորնիա այսօր մեծ պատիւ կը զգայ ըլլալով մեծապէս զարգացող եւ բարգաւաճող հայկական համայնքի տունը եւ մեր ՝՝ պարտքն է յարգանքի տուրք մատուցելը Հայոց Ցեղասպանութան զոհերու յիշատակին՝՝ կը գրէ Քալիֆորնիոյ Նահանգապետը։
«ՄԵՆՔ ՆԱԵՒ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻՆՔ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՆԻԼ ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԲԵՐ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԱՂՈՒԹՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ամերիկեան վերլուծական կեդրոնի մը մէջ տրուած ելոյթի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիա պատրաստ է ունկնդրել հայ բարեկամներուն՝ Թուրքիոյ պատմութեան հետ կապուած, եւ կուզէ Հայաստանը տեսնել իբրեւ հարուստ դրացի։ Թուրքիան եւ Հայաստանը երկու դրացի երկիրներ են եւ հարիւրաւոր տարիներ միասին ապրած են։ Եթէ կայ չլուծուած խնդիր, մենք իրարու միջեւ զայն պիտի լուծենք։ Նախորդ շաբաթ Յունաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարը Թուրքիա տուաւ այցելութիւն մը, որուն ընթացքին որոշուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ նախարարներու խորհուրդի ընդհանուր ժողով կազմակերպել։ Տասը տարի առաջ ոչ ոք կրնար պատկերացնել, որ Յունաստանը եւ Թուրքիան նմանօրինակ սերտ յարաբերութիւններ պիտի հաստատեն։ Իսկ ինչո՞ւ Հայաստանի հետ կարելի չէ նոյնը ընել, ըսած է ան։ ՝՝Թուրքիա կուզէ Հայաստանի հետ կիրարկել զերօ խնդիր դրացիներու հետ՝՝ սկզբունքը։
Միւս կողմէ, ՝՝Պոսթըն Կլոպ՝՝ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Տաւութօղլու չորեքշաբթի օր լրագրողներուն յայտնած է, որ ՝՝Փարիզի եւ Պոսթընի մէջ՝՝ հայերն ու թուրքերը պէտք է միասնաբար նստին եւ փորձեն 1915-ին տեղի ունեցած ողբերական դէպքերուն ծով իրենց հարցերը՝ լուծել։ ՝՝Մենք ամերիկահայ սփիւռքին հետ որոշ կապ հաստատեցինք։ Մենք անոնց ըսինք, որ ՝՝մեր արխիւները բաց են։ Մենք պատրաստ ենք ամէն բան քննարկելու՝՝ ընդգծած է Տաւութօղլու։
հակիրճ տողերով…..
Երէկ Էրտողան-Փութին հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցած է։ Տաւութօղլու երկուշաբթի օր Պաքու պիտի այցելէ։ Տաւութօղլու Քլինթընի հետ երկրորդ հանդիպում մը ունենալով դարձեալ քննարկած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները։
 







All the contents on this site are copyrighted ©.