2010-04-15 14:04:56

Լուրեր հայկական կեանքէն


Հանդիպում-Զրոյց երաժշտագէտ Պետրոս Ալահայտոյեանի հետ։

Կազմակերպութեամբ Բագին գրական հանդէսին Չորեքշաբթի 14 ապրիլին, Բագինի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում - զրոյց մը, երաժշտագէտ Պետրոս Ալահայտոյեանի հետ՝ ՜՜Ազգագրական երգերու հետազօտական եւ հաւաքագրման աշխատանքը- խոչընդոտներ եւ դժուարութիւններ՝՝ նիւթով։

Հանդիպումին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Բագինի փոխ խմբագիր Սեդա Գրիգորեան որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Պետրոս Ալահայտոյեանի կենսագրական գիծերը։

Ապա խօսք առնելով Պետրոս Ալահայտոյեան պատմեց, թէ ինչպէ՛ս ձեռնարկած է այդ աշխատանքին (Բալուի եւ տարածաշրջանի) երաժշտական ազգագրական հաւաքածոյի պատրաստութեան համար իր ունեցած այցելութիւններուն, վերապրողներուն հետ հանդիպումներուն, ճամբորդութիւններուն եւ պրպտումներուն, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ իր դիմագրաւած խոչընդոտներուն եւ դժուարութիւններուն։

Անդրադառնալով Հալէպի մէջ Մարօ Նալպանտեանի հետ ունեցած հանդիպումին՝ ան նկատել տուաւ, որ Մարօ Նալպանտեան եղած է նախանձախնդիր իր շրջանի՝ Բալուի երգերուն։ Ան եղած է երգահաւաք եւ իր ժամանակը յատկացուցած է ի սպաս Բալուի երգերուն։ Պ Ալահայտոյեան հաստատեց, որ իր գիրքը կը բովանդակէ Մարօ Նալպանտեանի երգերը, որոնք թիւով 72 հատ են եւ անոնց մեծամասնութիւնը ազգագրական երգեր են։ Գիրքին մէջ կը գտնենք երգերուն բառերն ու նօթաները, նաեւ իւրաքանչիւր երգին բացատրութիւնը։ Գիրքը կը ներառէ նաեւ երգերու 2 խտացեալ սկաւառակներ Մարօ Նալպանտեանի ձայնով։



Եգիպտոս – Մայրենի Լեզուի նուիրուած ձեռնարկ։

Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ (Եգիպտոս) վերջերս տեղի ունեցաւ մայրենի լեզուին նուիրուած ձեռնարկ մը, որ պիտի դառնայ աւանդական եւ շարունակական։ 2010 թուականը Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը հռչակած է մայրենի լեզուի տարի, հետեւաբար այս մէկը առաջին ձեռնարկն էր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Գահիրէի Նուպարեան եւ Գալուստեան եւ Աղեքսանդրիոյ Պօղոսեան ազգային վարժարաններու աշակերտները, տնօրէնները եւ ուսուցիչները, ինչպէս նաեւ՝ հայ համայնքի այլ դպրոցականներ։ Ձեռնարկին սկիզբը բոլոր մասնակցողները այցելեցին դեսպանին, որ զիրենք կը սպասէր իր աշխատասենեակին մէջ, ապա դեսպանը ողջունեց ներկաները՝ ներկայացնելով օրուան նպատակը եւ կարեւորութիւնը։ Վարժարաններու աշակերտները հանդէս եկան նուագով, երգչախմբային եւ անհատական կատարումներով, ասմունքներով, պարերով։ Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս Մնացականեան։



Իրլանտա-Հայազգի Մարիա Բաղրամեան Իրլանտայի թագաւորական ակադեմիայի անդամ։

Իրլանտաբնակ հայազգի փրոֆ. դոկտ. Մարիա Բաղրամեան ընտրուեցաւ Իրլանտայի թագաւորական ակադեմիայի անդամ։ Սոյն ակադեմիան, որ հիմնուած է 1785-ին, Իրլանտայի գիտութեան եւ մշակոյթի մեծագոյն կեդրոնն է։ Մարիա Բաղրամեան առաջին ոչ եւրոպացի կինն է, ինչպէս նաեւ առաջին հայը, որ անդամ ընտրուած է Իրլանտայի թագաւորական ակադեմիային։

Փրոֆ Բաղրամեան ծնած ու մեծցած է Իրանի մէջ։ 1977-ին աւարտած է Թեհրանի համալսարանը, այնուհետեւ՝ Պելֆասթի Քուինզ համալսարանը եւ Տապլինի Թրինիթի քոլեճը։ 1990-էն սկսեալ փիլիսոփայութիւն կը դասաւանդէ Տապլինի համալսարանական քոլեճին մէջ։ Ան միջազգային ճանաչում ունի լեզուի փիլիսոփայութեան եւ ժամանակակից ամերիկեան փիլիսոփայութեան վերաբերեալ իր ուսումնասիրութիւններով։ Անոր գիտական հետաքրքրութիւնները կը ներառեն նաեւ վերլուծական փիլիսոփայութիւնը, գիտելիքի հիմնական տարրերը ուսումնասիրող փիլիսոփայութեան ճիւղը եւ յարաբերականութիւնը։

Մարիա Բաղրամեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսած է Լեզուի ժամանակակից փիլիսոփայութիւնը աշխատութիւնը, որ լայնօրէն կը գործածուի որպէս դասագիրք։ Գիտնականը 2004-էն ի վեր նաեւ Փիլիսոփայական ուսումնասիրութիւններու միջազգային հանդէսի խմբագիրն է։



ԳԱՆԱՏԱ - Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ քանատական կառոյցներու ղեկավար մարմիններու հանդիպում։ Միջկուսակցական այս հանդիպումին քննարկուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 95-ամեակի ոգեկոչման աշխատանքային ծրագրաւորումը, քանատահայութեան ներազգային քաղաքականութեան ուղեծիրը եւ համագանատական մակարդակով գործակցութեան տարբեր ձեւերու համադրումը։



Պաշտօնական ճաշկերոյթով նշուեցաւ ՀՈՐԻԶՈՆԻ 30-ամեակը։

Հորիզոնի վարիչ-խմբագիր Վահագն Գարագաշեան ներկայացուց Հորիզոնի մէջ անցնող տարիներու իրագործումները եւ անոնց դերը։ Ան նաեւ շեշտեց թերթին մակարդակը Քանատայի մէջ՝ ըսելով Ներկայիս Հորիզոն լիիրաւ անդամ է Էթնիք Փրես Քաունսըլին եւ Թորոնթոյի իր ներկայացուցիչներով կը մասնակցի յանձնախումբերուն։ Անդրադառնալով 2009-ին ձեռք բերուած արդիւնքներուն, յիշեց նաեւ, թէ՝ նոյեմբեր 21-ին Թորոնթոյի Սենեկա քոլեճին մէջ կայացած յատուկ ընդունելութեան մը ընթացքին վարչապետ Հարփըր անձամբ յատուկ գնահատագիրներ եւ պատուագիրեր յանձնեց 15 համայնքային թերթերու, որոնց շարքին՝ Հորիզոնի վարիչ-խմբագիրին։ Հորիզոնը ստացաւ լաւագոյն տարեկան յատուկ բացառիկի մրցանակը, ինչպէս նաեւ վարիչ-խմբագիրը պատուոյ անդամ դարձաւ Քանատայի Համայնքային մամլոյ խորհուրդի կեդրոնական վարչութեան։





 








All the contents on this site are copyrighted ©.