2010-04-15 13:52:15

Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։


 
Ակնարկ Մը Ազգային Ու Միջազգային Դէպքերուն։

ՍԱՐԳՍԵԱՆ-ՔԼԻՆԹԸՆ ԵՒ ՆԱԼՊԱՆԴԵԱՆ- ԼԱՒՐՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ։

Հիւլէական ապահովութեան միջազգային գերաստիճանի ծիրին մէջ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Երեքշաբթի, Ապրիլ 13ին հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ։ Անոնք քննարկած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարները։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը վերահաստատած է նախագահ Պարաք Օպամայի յորդորը՝ շարունակելու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, առանց նախապայմաններու։
Սարգսեան եւ Քլինթըն քննած են նաեւ հայ-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ծիրէն ներս ընթացող Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին առնչուող հարցեր։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 13 ապրիլին Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկու կողմերը հետաքրքրող շարք մը հարցեր։ Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ ԵԱՀԿ-ի եւ ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ երկու երկիրներու փոխադարձ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ մտքեր փոխանակած են շրջանային իրավիճակի, ներառեալ՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին վերաբերեալ։

ԱՀՄԷՏ ՏԱՎՈՒԹՕՂԼՈՒ ԿԸ ՀՐԱՀԱՆԳԷ ԿԱՊԵՐ ՀԱՍՏԱՏԵԼ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԵՏ։
Վաշինկթըն գտնուող Թուրքիոյ արտգործ-նախարար Ահմէտ Տավութօղլուն Հիւսիսային Ամերիկայի երկրներու թուրք դեսպաններու եւ հիււպատոսներու մասնակցութեամբ կայացած համաժողովին յայտարարած է, որ Թուրքիան կը փափաքի ուղիղ շփումներու մէջ մտնել ԱՄՆ-ու հայկական Սփիւռքին հետ:
Թրքական Turkish.ny-ի փոխանցմամբ` թուրք դիւանագէտներու հետ հանդիպման ժամանակ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորմանը զուգահեռ( ընդգծած է Տավութօղլու) ԱՄՆ-ու հայկական Սփիւռքին հետ ալ սկիզբ պէտք է տալ երկխօսութեան: Թուրք դիւանագէտները իրենց կարգին նշած են, որ ԱՄՆ ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի հայկական բանաձեւի ընդունումը լուրջ խոչընդոտ մը կը հանդիսանայ հայկական Սփիւռքին հետ շփումներ հաստատելու ճանապարհին վրայ : «Ամերիկեան Գոնկրէսի մէջ յայտնուած հայկական բանաձեւի պատճառով, հայկական Սփիւռքը իր ողջ ուշադրութիւնը կենտրոնացուցած է բանաձեւը Գոնկրէսի լիագումար նիստի օրակարգ մտցնելու եւ ընդունել տալու վրայ»,-նշած են թուրք դիւանագէտները։
ՆՈՊԵԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ ԿՈՒՆԹԷՐ ԿՐԱՍՍ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԿԸ ԽՕՍԻ ՀԱՅԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ։
Գերմանացի գրող, Նոպելեան մրցանակակիր Կունթէր Կրասս կոչ ըրած է Թուրքիային ճանչնալ հայերու նկատմամբ կատարած յանցագործութիւնները, որ տեղի ունեցած են Առաջին Աշխարհամարտի ժամանակ, Օսմանեան կայսրութեան շրջանին : Իսթանպուլ իր այցի ընթացքին Կրասս յայտարարած է թէ ՝՝նման ճանաչումը կ՝ըլլայ այն առաւել կարեւոր քայլը, որ Թուրքիան կարող է ձեռնարկել Եւրոպա մտնելու ճանապարհին վրայ : «Ե՞րբ պիտի գայ պահը, որ հայերու նկատմամբ կատարուած յանցագործութիւնները որպէ փաստ ընդունուին»,- հարց տուած է Կրասս եւ պատասխանած «Յուսամ ՝ շուտով»:
Իսկ թրքական Milliyet-օրաթերթը իր կարգին կը գրէ որ «Թրքական գրականութիւնը Եւրոպայի մէջ» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս Պոլիս ժամանած գերմանացի յայտնի գրող, Նոպելան Մրցանակակիր Կունդէր Կրասս թրքական իշխանութիւններուն կոչ ըրած է ՝՝ներողութիւն խնդրել թէ ՛ Հայաստանէն եւ թէ ՛ հայութենէն, դարասկզբին 1.5 միլիոն հայերու կոտորածին համար:
Թրքական Milliyet-ի փոխանցմամբ` ապրիլ 14-ի երեկոյան Թուրքիոյ գերմանական դեսպանատան ամառանոցի շէնքը տեղի ունեցած է Համաժողով, որուն մասնակցած են Թուրքիոյ Գերմանիայի դեսպանը՝ Էրխարդ Կունցը, ու նաեւ ԵՄ-Թուրքիա պատուիրակութեան նախագահ Մարկ Պիերինին: Համաժողովի բացման ելոյթ ունեցած է թուրք յայտնի գրող(ծագումով Քիւրտ) Եաշար Քեմալը, այնուհետեւ ելոյթ ունեցած է գերմանացի գրող, Նոպելեան Մրցանակակիր Կունթէր Կրասս , ելույթը հիմնովին նուիրուած էր Թուրքիոյ անցեալին եւ անհրաժեշտութեանը, որ Թուրքիան առերեսուի իր անցեալին հետ։
՝՝Թուրքիան ե՞րբ պիտի ընդունի հայերու նկատմամբ կատարած դաժանութիւնը.
Գերմանիոյ վարչապետ Վիլլի Պրանտը ծունկի գալով Լեհաստանի հրեաներէն ներողութիւն խնդրեց: Արդէն եկած է ժամանակը, որ թրքական իշխանութիւնները Հայաստանէն եւ թէ այլուր ապրող Հայերէն ներողութիւն խնդրեն: Թուրքիան պէտք է առերեսուի 1.5 միլիոն Հայերու սպանութիւններուն հետ»-նշած է գերմանացի գրողը:







All the contents on this site are copyrighted ©.