2010-04-14 13:15:05

Էջ Մ ը Հայ Գրականութենէն


 Էջ Մ ը Հայ Գրականութենէն ։Աղեքսանդր Ծատուրեան (1865-1917).



Հայ գրականութեան յիշարժան դէմքերու շարքին իր իւրայատուկ տեղը ունի բանաստեղծ, երգիծագիր ու թարգմանիչ Աղեքսանդր Ծատուրեան, որուն մահուան 93րդ տարելիցը լրացաւ Ապրիլ 13ին։ Որբ ու անոք մանկութիւն մը ունեցաւ եւ ամբողջ կեանքը անձուկ պայմաններու մէջ ապրեցաւ այս դժբախտ բանաստեղծը։ Անվերջ թշուառութիւնը զինք դարձուց հայ իրականութեան խորթ զաւակներուն հարազատ երգիչը։

Ծատուրեանի գրչին կը պատկանի ժողովրդական սիրուած երգի վերածուած ՝՝Մի՛ լար, բլբո՛ւլ՝՝ քերթուածը, ուր բանաստեղծը թարգմանը հանդիսացած է կեանքէն անտեսուած ու լքուած մարդոց խոր ցաւին.



Մի՛ լար, բլբո՛ւլ, քեզ մի՛ տանջիր,

Որ փոթորիկն անիրաւ

Վարդըդ սիրուն, վարդըդ կարմիր

Թփից պոկե՜ց ու տարա՜ւ...



Կանցնեն օրեր... Կը գայ կրկին

Մի նո՛ր գարուն վարդաբեր?

Եւ մոռացած քո վիշտը հին,

Նորից կերգես վարդին սէր։

Գեղարուեստական պատկերի, խոհականութեան եւ քնարական երաժշտութեան առումով՝ համեստ եղան Աղեքսանդր Ծատուրեանի գործիքները, բայց փոխարէնը անոր գրականութիւնը բաբախեց մարդկային խոր զգայնութեամբ ընկալուած եւ սրտաբուխ երգի վերածուած ապրումներով, յոյզերով։ Պատահական չէ, որ հայ մեծ երաժիշտ Ալ. Սպենդիարեանի կողմէ գեղարուեստական մշակումի արժանացան եւ մեր ժողովուրդի շրթներուն անմահ երգ դարձան ինչպէս ՝՝Մի՛ լար, բլբո՛ւլը՝՝նոյնպէս եւ ՝՝Ա՛յ վարդ՝՝ խորագրուած Ծատուրեանի երկքառեակ քերթուածը.



Աղեքսանդր Յովսէփի Ծատուրեան ծնած էր 28 Ապրիլ 1865ին, Զաքաթալա (ներկայիս՝ Ատրպէյճանի մաս կը կազմէ)։ Երեք տարեկանին կորսնցուցած էր ձկնորս հայրը եւ մատնուած էր յետին չքաւորութեան՝ մօր հետ։ Ձկնորս հօր կանխահաս մահը ներշնչման աղբիւրը պիտի դառնար իր գրականութեան լաւագոյն նմոյշներէն համարուող Նաւավարը բանաստեղծութեան։

Իր թշուառ մանկութեան անդրադառնալով՝ Ծատուրեան հետագային պիտի գրէր. Մօրս հետ ապրում էինք քաղաքի յետ ընկած, ամենախուլ փողոցներից մէկում, մի կիսախարխուլ տնակում։ Շաբաթը մի անգամ միայն կրակի երես էինք տեսնում։ Ման էի գալիս ոտաբոպիկ։ Տաք կերակուր՝ միայն Կիրակի օրերն էինք ուտում։ Միակ լուսաւոր շերտը իր մանկութեան կեանքում՝ մօրս անօրինակ, բուռն սէրն էր դէպի ինձ։ Մայրս կար ու լուացք անելով էր ինձ պահում եւ, ինքը անգրագէտ լինելով, զարմանալի բնազդով ջերմ փափաքում էր, որ ես անպատճառ ուսում ստանամ։

Ահա նման պայմաններու մէջ Ծատուրեան իր նախնական կրթութիւնը ստացաւ ծննդավայրի հայկական վարժարանին մէջ՝ աշակերտելով Արշակ Ագապեանին։ Նախակրթարանը դեռ չէր աւարտած, երբ մահացաւ նաեւ հիւծած մայրը եւ Աղեքսանդր մնաց լրիւ անօգնական։ Իր ուսուցիչին՝ Ա. Ագապեանի օժանդակութեամբ կրցաւ հետեւիլ տեղւոյն Քաղաքային երեքամեայ ուսումնարանին, որմէ շրջանաւարտ եղաւ 1881ին եւ մեկնեցաւ Թիֆլիս՝ Ներսիսեան վարժարանի մէջ ուսումը շարունակելու յոյսով։ Թիֆլիսի մէջ Ծատուրեան ճաշակեց դաժանագոյն թշուառութեան բաժակը 1885ին, ստիպուեցաւ նամակատան ցրուիչ ու միաժամանակ քարակոփ աշխատիլ՝ իր օրուան հացը վաստակելու եւ ինքնաշխատութեամբ ուսման ծարաւը յագեցնելու համար։

1888ին գնաց Մոսկուա, ուր հայ մեծահարուստներու զաւակներուն անձնական դասեր տալով օրապահիկ մը ապահովեց եւ, միաժամանակ, կանոնաւոր աշխատակցութիւն բերաւ Մ. Բարխուդարեանի Հանդէս գրական եւ պատմականին, որուն հրատարակիչն ալ դարձաւ հետագային։ Մոսկուայի մէջ, ռուսերէնի հմտացման կողքին, սերտ կապեր հաստատեց տեղւոյն հայ ուսանողական շրջանակներու հետ։

1891ին լոյս ընծայեց իր բանաստեղծութիւններու առաջին հաւաքածոն, իսկ 1898ին՝ երկրորդը։ Ընկերային իր ընդվզումներուն արգասիքը եղաւ 1901ին հրատարակուած ՝՝Գրչի հանաքներ՝՝ երգիծական ոտանաւորներու հաւաքածոն, որուն գեղարուեստական նկարազարդումը կատարեց Վ. Սուրէնեանց։ 1905ի համառուսական առաջին յեղափոխութիւնը խոր անդրադարձ ունեցաւ Ծատուրեանի գաղափարական յուզաշխարհին վրայ եւ ան սկսաւ երգել Աշխատանքի եւ ոսկու մեծ կռիւը...

Նոյն տարիներէն սկսեալ Աղեքսանդր Ծատուրեան ամբողջական փարումով նուիրուեցաւ հայ գրականութեան լաւագոյն էջերը ռուսերէնի թարգմանելու աշխատանքին։

Աղեքսանդր Ծատուրեան երկար չապրեցաւ, 1917ի համառուսական փետրուարեան յեղափոխութիւնը նոր սկսած էր, երբ Ապրիլ 13ին առյաւէտ փակուեցան տառապակոծ աչքերը ՝՝որբութեան, զրկանքի եւ թշուառութեան հայ երգիչին՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.