2010-04-13 13:26:54

ՀՈՒՆԳԱՐԻԱ ։ Կաթողիկէ Իգական Կազմակերպութիւններու Գիտաժողով։


ՀՈՒՆԳԱՐԻԱ ։ Կաթողիկէ Իգական Կազմակերպութիւններու Գիտաժողով։

Հունգարիոյ Վաք գիւղաքաղաքը 13 ապրիլին սկիզբ կ՝առնէ Կաթողիկէ Իգական Կազմակերպութիւններու Համաշխարհային Միութեան Եւրոպական Գիտաժողովը որ պիտի տեւէ մինչեւ 17 ապրիլ հետեւեալ բնանիւթով ՝՝ Մարդկային իրաւունքները եւորպայի մէջ.հեռանկար մը իգական տեսանկիւնէ. ՝՝մի վախնար խօսէ եւ մի լռեր (Գ.Ա.18,9 )։ Ուսումնաժողովին խօսք կ՝առնեն Յիսուսեան Հայր Բեթէր Նեմեսհէճի,որու նիւթը պիտի ըլլայ ՝՝ Մարդկային իրաւունքները ի սպաս մարդկային անձին ու հասարակաց բարիքին, Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութեան լոյսի ներքեւ՝՝ ու իտալացի Սիլվիա Գոսթա Եւրոպայի խորհրդարանի անդամ որ պիտի խօսի ՝՝ Մարդկային իրաւունքները եւ եւրրպական օրէնսդրութիւնը՝՝ նիւթի մասին ։ Սոյն Գիտաժողովի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ նաեւ կլոր սեղան մը ։ Իսկ 16 ապրիլի յետ միջօրէին Վաք-ի Եպիսկոպոսը Գերապայծառ Միքլոս Պէէր պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագ մը ուսումնաժողովի մասնակիցներու համար գիւղաքաղաքի Մայր եկեղեցիին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.