2010-04-13 13:21:01

2010-ը ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ։


 2010-ը ՀԱՅ ԿՆՈՋ ՏԱՐԻՆ։ Կնոջ Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները Այսօր



Ներկայ ժամանակներուն կնոջ դիմագրաւած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն, տագնապներուն ու հիմնահարցերուն մէջ, կարեւոր է լուսարձակի տակ բերել հետեւեալ երեւոյթները։ Յաճախ ականատես եւ ականջալուր կ'ըլլանք կնոջ նկատմամբ ո՛չ-ընդունելի վերաբերումի՝ երբ կինը կը գործածուի որպէս միջոց շահադիտական նպատակներու, երբ ան կը դառնայ գործիք՝ մարդոց հաճոյքն ու փառքը գոհացնող։ Այս անբարոյ մօտեցումը կնոջ նկատմամբ բոլոր կրօններուն, մշակոյթներուն ու ընկերութիւններուն համար պէտք է նկատուի խստօրէն դատապարտելի։ Միւս կողմէն, սակայն, նո՛յնքան դատապարտելի պէտք է համարուի երբ կինը զանազան պատճառներէ մղուած կեանքի նմանօրինակ վիճակներու ու ընթացքներու կը յանձնէ ինքզինք։ Ինչ որ ալ ըլլան անոր դրդապատճառները, Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած ու բարոյական արժէքներու տէր կանգնելու կոչուած կին արարածը նման կացութիւններու մէջ տեսնելը խորապէս ընդվզեցուցիչ է եւ բացարձակապէս մերժելի։








All the contents on this site are copyrighted ©.