2010-04-12 13:11:21

Լուրեր հայ կեանքէն


Ինչո՛ւ հայկական եկեղեցիները չեն պահպանուիր եւ խնամուիր, հարց տուած է քիւրտ երեսփոխան մը թուրքիոյ մշակոյթի նախարարին

Թրքական խորհրդարանի քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Շերաֆեթին Հալիս Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայէն պարզաբանումներ պահանջած է, թէ Տերսիմ նահանգի հայկական եկեղեցիները ինչո՛ւ չեն պահպանուիր եւ խնամուիր. կը հաղորդէ թրքական Աթըլըմ կայքէջը։

Երեսփոխան Հալիս նշած է, որ մինչեւ 1960-ականները Տերսիմի նահանգին մէջ ապրող հայերու աղօթատեղիներ հանդիսացող եկեղեցիները երկար ժամանակ անտէրութեան մատնուելով դարձած են աւերակներ։ Հալիս յայտնած է, թէ այս հարցով դիմած է Տերսիմի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նահանգային վարչութիւն, ուր իրեն ըսուած է, թէ հայկական լքուած եկեղեցիներու պահպանման եւ վերանորոգման համար միջոցներ չեն տրամադրուիր։

Քիւրտ երեսփոխանը Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարէն պահանջած է որ միջոցներ յատկացուին հայկական եկեղեցիները փրկելու համար։ Նաեւ հարց տուած է թէ ՜՜Տերսիմ նահանգի տարածքին աւերակներու վերածուած եւ անուշադրութեան մատնուած քանի՞ եկեղեցի կայ, եւ ի՞նչ տրամաբանութեամբ շրջանային կեդրոններու կայքերուն մէջ յիշեալ եկեղեցիները ներառուած չեն՝՝։



Փասատինայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Պիտի Մասնակցի Հրէական Ողջակիզման Ոգեկոչման

ՓԱՍԱՏԻՆԱ- հրէական ողջակիզման ոգեկոչման ձեռնարկին ընթացքին, Կիրակի 11 Ապրիլին, որուն մասնակցած է նաեւ Փասատինայի Հայ Դատի Յանձնախումբը, նշում կատարուած է Հայկական Ցեղասպանութեան: Օրուան ոգեկոչման ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսն էր Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած՝ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին հեղինակը՝ Էտըմ Շիֆը։ Մարդկութեան դէմ ոճիրներու յիշատակին մոմավառութեան արարողութեան մասնակցած է նաեւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Խորէն քհնյ. Պապոշեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.